Յ. Պալեան
Եթէ հետեւինք հայկական բազմանուն Սփիւռք(ներ)ի, Հայաստանի եւ հայութեան կացութեան մասին խօսող եւ գրող այլալեզու լրատուամիջոցներու ըսածին եւ գրածին, կը յուսալքուինք:
Ի՞նչ ենք մոլորակի արեւներուն տակ: Աղմո՞ւկ, զոր մենք կը ստեղծենք եւ կը լսենք, թէ՞ աշխարհի ժողովուրդներու եւ ազգերու շարքին ապրող ինքնուրոյնութիւն եւ անշրջանցելի ներկայութիւն:
Վերականգնելու համար ներկա՞յ ենք որպէս ԱԶԳ:
Կը բաւէ՞ ըլլալ համայնքներ, գաղթականութիւններ, ունենալ յուշագրութիւն, լաւ ապրող բազում հպատակութիւններով քաղաքացիներ, սպառողական ընկերութեան մէջ անդիմագիծացած յաջողածներ, որոնց համար կ’ըսուի, թէ ծագումով հայ են, անոնցմով հպարտանալ, եւ ըսել, որ վերականգնած ենք: Ներկայ ենք: Նուազագոյն իրատեսութեամբ կրնանք տեսնել, որ այդպէս չենք:
Մեր ժողովուրդի վերականգնումի գլխաւոր խոչընդոտը պառակտումն է, որ կը գումարուի օտարման վրայ, չենք տեսներ մեր բազմանուն թշնամիները եւ անոնց առջեւ գլխարկ կը հանենք՝ ընդունելի համարուելու համար: Փոխարէն, մենք մեր մէջ կը փնտռենք թշնամին, եւ կը կարծենք, որ զիրար հարուածելով եւ զիրար չեզոքացնելու յաղթանակ հետապնդելով, ազգ կը վերականգնենք:
Երէկ, ֆրանսական հեռատեսիլէն, ֆրանսացի քաղաքական վերլուծաբան մը ըսաւ, որ Ալիեւ Ղարաբաղի գրաւումով պիտի չգոհանայ, ան նպատակ ունի Հայաստանն ալ գրաւելու եւ հայ պետութեան վերջ տալու:
Այս սպառնալիքը ընդունի՞նք որպէս տեսութիւն, թէ՞ իրատեսի խօսք: Եթէ օտար բանիմացը կը հասնի նման եզրակացութեան, առնուազն այդ զգաստութեան հրաւէր պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու, մանաւանդ անոնց, որոնք կը յաւակնին ազգը առաջնորդել, անոնք ըլլան զանազան մակարդակներու բազմաբնոյթ իշխանութիւններ, եւ նոյնքան ընդդիմութիւններ, համակարգիչի պաստառի առջեւ նստած ուղեղ քերող (չ)իմաստուն բանգէտներ: Ֆրանսացի քաղաքական վերլուծաբանին խօսքը պարտութեան մը ահազանգէ աւելին է, ան նախատեսել կու տայ, որ վերականգնումը ցնորք պիտի ըլլայ:
Անմիջական շահեր չհետապնդող օտար բանիմացի ահազանգի՞ն կարիք ունինք, տեսնելու եւ հասկնալու համար, թէ ո՞ւր կ’երթանք եւ ՞ուր կը տանին հայը, հայութիւնը եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ վերջին բեկորը, Ռաֆայէլ իշխանեանի բանաձեւումով՝ վերջին «ՀՈՂԱԿՏՈՐ»-ը, որ եթէ կորսուի, եթէ կորսնցնենք, այդ ալ արձանագրենք Վանի, Մուշի, Սասունի, Կարսի, Սիսի ցանկին վրայ, ապա պիտի գոհանանք «Յուշագրութիւն»-ներով, «Յուաշամատեան»-ներով, զորս թերեւս պիտի հրատարակեն Շուէտի, Իրլանտայի, Շանկհայիՙ Պելճիքայի նոր «գաղութ»-ները, ինչպէս այդ ըրին Ամերիկաներու, Արեւելքի, Եւրոպայի յիշողութիւն պահել փորձող հայրենահանուածները, եւ պարտականութիւն կատարածի ինքնագոհութիւն պիտի ունենանք: Բայց հողին տէր չմնացինք: Տէր չենք ըլլար: Թեր ու դէմի աղմկարարութիւնները միաժամանակ ճիշդ չեն կրնար ըլլալ, անոնք ներկայի եւ թերեւս ալ վաղուան գաղթականութիւններու խառնիճաղանճին կեր կը հայթայթեն: Հասած ենք հոն, ուր ոչ ոք ինքզինք հաշուետու կը համարէ մեծ ու պզտիկ պարտութիւններու, կորուստներու եւ նահանջներու համար: Միշտ ՄԻՒՍը եւ ՄԻՒՍՆԵՐն են յանցաւորները, սխալածները եւ սխալողները: Քաջութիւն եւ առաքինութիւն պէտք է մէկ առ մէկ առանձնացնելու զանոնք եւ պատասխանատուութիւններ ճշդել, ըստ այնմ գնահատումներ ընելու եւ վստահութիւն յայտնելու համար:
Կը հարցն՞նք, թէ ինչո՞ւ կը պարտուինք:
Անթիւ են «ճիշդ մտածողները, որոնք ամէն օր եւ ամէն ժամ վարդապետական եւ անյեղլի ճշմարտութեան կարծիքներ կը յայտնեն, որոնք կը սնանին ԵՂԱԾի եւ ՄՒՍի քննադատութեամբ: Եթէ զիրար դատափետող կարծիքներու ժխորը հայկական հրապարակէն հեռացուի, թերեւս զանգուածը աւելի լաւ կը տեսնէ եւ կը գնահատէ կացութիւնները, ճիշդ կը կողմնորոշուի, անտարբեր չ’ըլլար:
Զանգուածը ինչպէ՞ս կրնայ սեսնել ճիշդը, երբ այնքա՜ն բազմաթիւ են ճիշդ ըլլալու յաւակնութիւնները, որոնք կ’արշաւեն համակարգիչի անդուռ եւ անպարիսպ եթերին վրայ, ուր կարելի է ըսել ամէն բան եւ ըսել հակառակը: Պատանութեան օրերուս ճանչցած եմ բանիմաց գինով մը, որ պատիւ ընելէ ետք ոգելից ըմպելիին, զինք լսողներուն կ’ըսէր, որ ինք «Սուրիան եւ Լիբանանը կառավարելու գլուխ ունի», կ’ըսէր՝ թրքերէն, հիմա այդ խօսքը կ’ըսուի հայերէն, աւելի լաւ լսուելու համար անգլերէն, ֆրանսերէն, եւ այլ լեզուներով, վաղը Շանկհայի մէջ պիտի ըսուի չինարէն, Նոր Տելհի՝ հնդկերէն, եւ այլ երկինքներու տակ այլ լեզուներով, քանի որ համաշխարհային եւ համաշխարհայնացող ենք: Ա՞զգ ենք թէ՞ հին կամ նոր գաղթականութիւններ:
Որքա՜ն բազմաթիւ են անոնք, որոնք կ’ըսեն թէ ազգը կրնան ղեկավարել, կը կարծեն առաջնորդել, բայց ազգը կը մնայ կարծիքներու եւ փառասիրութիւններու ովկիանոսին վրայ լքուած ուրուական նաւ:
Օր մը հետախոյզներ եւ հնաբաններ հայ պիտի փնտռեն ապրողներու ծագումներուն մէջ:
Ապահովութեան եւ բարօրութեան խուճապային արշաւի անձնատուր են հայերը: Անոնք իրենց վրանները կը զարնեն ամենուրեք, բացի իրենց նախահայրերու հարազատ երկրէն, կարծէք վարակուած ըլլան գաղթականական տենդով, չախտորոշուած տեսակ մը ժանտախտ: Վերադարձող բացառութիւնները մխիթարական խաբուսիկ պատկերներ են: Անոնք հասկնալի կը դարձնեն ընդհանուր կանոնը:
Գերմանացի մեծ իմաստասէր Քանթ ըսած է, որ ըրէ այնպէս՝ որ արարքդ դառնայ տիեզերական օրէնք: Եթէ հայ ազգին համար գաղթել ըլլայ ընդհանուր կանոն, հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ ո՛չ հայ ազգ կը մնայ ո՛չ ալ Հայաստան: Ո՛չ Գալիֆորնիան եւ ո՛չ Եւրոպան Հայու հայրենիք են: Ամերիկայի համար ըսուած է, որ ան տարբերութիւններու հալոց է, melting pot: Ինքնութիւններ եւ մշակոյթներ, պիտի ձուլուին հզօրին եւ մեծին մէջ: Այդպէս են բոլոր գաղնթակայան երկիրները:
Փոխանակ իրարու դէմ խօսելու, զիրար մերժելու համար (չ)իմաստուն պայքարներ մղելու, ճամարտակութիւններ ընելու, թուղթ եւ մելան սպառելու, եթեր խճողելու, որդեգրէինք ներկայութեամբ ազգի եւ անոր հայրենիքի տիրութեան պայքար մղէինք, վերականգնումի ընթացքի մէջ կ’ըլլայինք: Այդպէս չէ մեր ընթացքը: Մանաւանդ այդ ընթացքէն աստիճանաբար, եթէ ոչ թափով, կը հեռանան նորերը, անոնք անվերադարձ կը հեռանան իրենց հարազատ լեզուէն եւ մշակոյթէն:
Արտագաղթ-հայրենալքումով ազգ չի վերականգնիր:
Առանց հայրենադարձութեան, կրաւորականութեամբ ընդունած կ’ըլլանք, որ վերականգնումը հոգեշահ զրոյցի նիւթ է, եւ այդքա՛ն:
Իրապէս ի՞նչ կ’ընենք, որպէսզի հին եւ նոր նոր Սփիռք(ներ)ի, սերունդները, չըսեն, թէ հայրս եւ կամ մեծ հայրս հայ էին, այլ ըլլան շարունակութիւն եւ չըլլան ազգին չառնչուող նոր անանուններով՝ նորի սկիզբ, որ ազգի գոյութենական ըմբռնումներու եւ արժէքներու մոռացութեան աւերակներուն վրայ կը յայտնուի, որպէս վերջի սկիզբ: Ինչպիսի՞ ինքնութեամբ շարունակութիւն պիտի ըլլանք, երբ բնական կ’ըլլայ անհայրենիք ըլլալ, երբ կը հաղորդակցինք օտարի լեզուներով, հրաժարած կ’ըլլանք միացնող եւ մէկ հաղորդակցութեան լեզուէն:
Ակախ պետութիւն ունինք, ունինք դեռ իր հեղինակութիւնը պահող Եկեղեցի, ունինք ամպագոռգոռ անուններով կազմակերպութիւններ, վկայականներով զինուած մտաւորականներ, եւ տեւաբար աճող ղեկավարութիւններ, բայց դեռ չյայտնուեցաւ պայծառ դէմք մը, որ հրապարակ գայ եւ ըսէ, սկսինք լեզուով միացնել ազգը, ինչպէս ըրած էր Մեսրոպ: Եւ մենք ըլլանք մենք:
Ո՞ր վերականգնումի մասին պիտի խօսինք, երբ չանհանգստանալու, համար աշխարհը կը դիտենք մեր մատներու արանքէն, եւ Վոլթէրի հերոս «Քանտիտ»-ին պէս կ’ըսենք, որ «կ’ապրինք աշխարհներու լաւագոյնին մէջ», ունինք ժագուզի, ինքնաշարժ, եւ ամէն քայլափոխի կայ «Մաք’տօ»…
Ժամանակակից ֆրանսացի մտաւորական մը, նախկին նախարար, տասը օր առաջ գիրք մը լոյս ընծայեց Յիշողութեան՝ MEMORICIDE անունով:
Սածե՛լ հայկական MEMORICIDE-ի մասին, եթէ դեռ այդ առաքինութինը ունինք, այսինքն՝ հոգեկան ուժը: