«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆՑ ՉԷԶՈՔՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 33 Second

Խմբագրականներ
Հոկտեմբեր 30, 1928

Ամերիկահայ ամէն քաղաքացի ոչ միայն իրաւունք, այլ եւ պարտականութիւն ունի իր քուէն տալու այս երկրի քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկուն կամ միւսին թեկնածուներուն ի նպաստ։

Անհատ մը, եթէ գիտակից ու բարեխիղճ քաղաքացի մը դարձած է ժողովրդապետական այս մեծ երկրին, բնականաբար չի կրնար ու պէտք չէ չէզոք մնայ, այլ պարտաւոր է իր քուէն արժեցնել պայքարող ամերիկեան կուսակցութեանց մէկուն կամ միւսին միջոցով։

Սակայն, բոլորովին տարբեր է այս երկրի մէջ ապրող օտարածին եւ մասնաւորապէս հայ հաւաքականութիւններու, համայնքներու կամ կազմակերպութիւններու պարագան։

Նախ որ այդ հաւաքականութեանց, համայնքներու եւ կազմակերպութեանց ոչ բոլոր անդամները ամերիկեան քաղաքացիներ են, հետեւաբար, իբրեւ ամբողջութիւններ, իրաւունք չունին միջամուխ ըլլալու այս երկրի ներքին գործերուն։ Եւ երկրորդ, եթէ նոյնիսկ անոնց բոլոր անդամներն ալ ամերիկեան քաղաքացիներ են, լաւագոյն է, որ այդ հաւաքականութիւնները չէզոք մնան։

Այս տեսակէտը, բարեբախտաբար, ըմբռնած են հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները Ամերիկայի մէջ եւ կ՛աշխատին ըստ կարելւոյն չէզոք, անկողմնակալ դիրք բռնել ամերիկեան երկու գլխաւոր կուսակցութեանց հանդէպ՝ խուսափելով հաւաքաբար մտնելէ ամերիկեան ներքին քաղաքական պայքարի յորձանքին մէջ։

Ցաւալի է սակայն, որ տեղ¬տեղ հայ ամերիկեան քաղաքացիներու ակումբները սկսած են հակումներ ցոյց տալ շեղելու հայ քաղաքական կազմակերպութեանց եւ համայնքներու այս զգուշաւոր ու շրջահայեաց ընթացքէն։

Հարկաւ ամէն հայ ամերիկեան քաղաքացի կատարելապէս ազատ է յարելու իր նախընտրած ամերիկեան ոեւէ քաղաքական կուսակցութեան։ Բայց, երբ ամերիկեան հայ քաղաքացիները, իբրեւ հայեր, ազգային գետնի մը վրայ ակումբ կը կազմեն, պէտք է ըմբռնեն, որ ատիկա որոշ պարտականութիւններ կը դնէ իրենց վրայ նաեւ հայութեան վերաբերմամբ։ Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունի, որ հայ ամերիկեան քաղաքացիները առանձին ակումբներ կազմեն, երբ իրենց առջեւ փակ չեն ամերիկեան ընդհանուր ակումբներու դռները։

Եթէ կան հայ ամերիկեան քաղաքացիներու ակումբներ, որոնց բոլոր անդամները յարած են կամ կը յարին այժմ պայքարող ամերիկեան թեկնածուներէն մէկուն կամ միւսին այն պատճառներով, որ անոնցմէ մէկը կամ միւսը, իրենց կարծիքով, աւելի օգտակար պիտի ըլլայ հայութեան, այսուհանդերձ մենք կը խորհինք, թէ մեծ սխալ մը եւ վնասակար սխալ մը կը գործեն ազգային տեսակէտով այդ ակումբները, երբ հայ հաւաքականութեան մը անունը պաշտօնապէս կը կապեն Դեմոկրատ կամ Հանրապետական կուսակցութեան հետ։

Կը կրկնենք, հայ ամերիկեան քաղաքացիները, իբրեւ անհատներ, կարող են եւ պարտաւոր են ամերիկեան կուսակցութեան մը յարիլ։ Բայց հայ ամերիկեան քաղաքացիներու ակումբները, իբրեւ հայ գաղութներու հաւաքական համախմբումներ, պէտք չէ երբեք ամբողջութեամբ ամերիկեան ոեւէ կուսակցութեան կողմն անցնին, այն թիւը եւ վնասակար տպաւորութիւնը չձգելու համար, թէ հայութիւնը այս երկրին մէջ ամբողջութեամբ ամերիկեան մէկ կուսակցութեան հետ կապուած է…

**

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՈՐՈՇ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ

 

Միջազգային քաղաքական կեանքը անորոշ վիճակի մը մատնուած է շնորհիւ այն բանին, որ աշխարհի մեծագոյն եւ հզօրագոյն երկու պետութիւններէն Միացեալ Նահանգները այս պահուս մխրճուած են նախագահական եւ այլ ընտրութիւններու մէջ, իսկ Անգլիա տենդային պատրաստութիւններ կը տեսնէ հաւանաբար առաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք խորհրդարանային իր ընտրութեանց համար։

Այնպէս որ կարելի չէ յուսալ, թէ մինչեւ այս ընտրութեանց, մասնաւորապէս ամերիկեան ընտրութեանց արդիւնքը յայտնի դառնալը, վերջնականապէս կարելի պիտի ըլլայ կարգադրել միջազգային այն երեք հրատապ խնդիրները, որոնք ամենէն աւելի կը յուզեն քաղաքական աշխարհի միտքը։

Այդ խնդիրներն են՝ ա․- գերման հատուցմանց, բ․- միջդաշնակից պարտքերու եւ գ․- զինաթափութեան վերաբերեալ հարցերը։

Պարզ է, որ այս խնդիրներէն եւ ոչ մէկը գոհացուցիչ լուծում կարող է ստանալ առանց Միացեալ Նահանգներու գործօն եւ բարեացակամ մասնակցութեան։

Վերոյիշեալ երեք հարցերէն ամենէն կարեւորը եւ վտանգաւորը, սակայն, զինաթափութեան կամ, աւելի ճիշդը, սպառազինութեանց կրճատման խնդիրն է անկասկած, որ զուտ զինուորական եւ թէքնիք հարց մը չէ, այլ գերազանցապէս քաղաքական խնդիր մը։

Արդարեւ, եթէ քաղաքական համաձայնութիւններ չկնքուին մեծագոյն նաւային կամ զինուորական պետութեանց միջեւ, հազիւ թէ կարելի ըլլայ զգալի կրճատման մը ենթարկել սպառազինութիւնները, որ սպառնալի համեմատութիւններ են ստացած։

Այսպէս, օրինակ, որքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիա կասկածանքով կը նային իրարու եւ կը վախնան իրարմէ, նաւային մրցակցութիւնը անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ այս կամ այն ձեւով, անխուսափելիօրէն։ Նոյնպէս, որքան ատեն որ Ֆրանսա եւ Իտալիա իրարու վրայ կը նային, իբրեւ հաւանական թշնամիներու, դժուար թէ կարելի ըլլայ վերջ տալ անոնց միջեւ տեղի ունեցող նաւային եւ ցամաքային սպառազինութեանց մրցումին։

Քելլոկի հակապատերազմական դաշինքը, դժբախտաբար, ոչինչ փոխեց իրերու կացութեան մէջ եւ իրական ապահովութիւն մը չտուաւ ոեւէ պետութեան։ Այլապէս զինաթափութեան խնդիրը այսքա՜ն դժուարութիւններու չպիտի հանդիպէր։

Իրողութիւն է, որ Քելլոկի դաշինքը ստորագրելէն յետոյ, պետութիւնները սկսան կարծես աւելի կասկածանքով նայիլ իրարու վրայ, եւ աւելի բարդացաւ սպառազինութեանց կրճատման խնդիրը։

Ամէն պարագայի տակ որոշ է, որ եթէ արմատական միջոցներ ձեռք չառնուին ընդհանուր զինաթափութեան համար, եթէ արմատական ու հաւաքական միջոցներ չգտնուին միջազգային վէճերն ու անարդարութիւնները խաղաղ կերպով հարթելու համար, եթէ վերջապէս արմատական ու հաւաքական միջոցներ չընդունուին խաղաղութիւնը ապահովելու համար, աշխարհը հսկայաքայլ պիտի երթայ դէպի նոր պատերազմ։

Դժբախտաբար, մինչեւ այժմ եղած նշաններէն դատելով՝ հաւանական չէ, որ կարելի ըլլայ շուտով ձեռք առնել այդպիսի միջոցներ. հետեւաբար, աշխարհն ալ հազիւ թէ շուտով կարենայ ազատուիլ պատերազմի արհաւիրքներէն…

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles