Այլազան

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Յ.Դ.-Ի 114-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Փետրուար 18-20-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ Մշկաութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Հ.Յ.Դ. «Շիրակեան» շրջանը կատարեց իր 114-րդ Շրջանային Ժողովը:

Օրակարգի վրայ էին, յատկապէս վերջին երկու տարիներու ընթացքին, շրջանը յուզող հարցեր: Քննարկուեցան ներքին-կազմակերպական, հայ դատի, ազգային, քարոզչական եւ տնտեսական բնագաւառէն ներս զանազան հարցեր, ապա կատարուեցան եւ բանաձեւուեցան շինիչ առաջարկներ: Ներկայ էր Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:

Պատգամաւորներ ժամանած էին զանազան շրջաններէ (Պոսթըն, Լօուըլ, Փրովիտենս, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Ուաշինկթըն, Ռիչմընտ, Ֆորթ Լօտըրտէյլ, Օգալա, Շիքակօ եւ Միշիկըն), որոնց կողքին ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ: Յատուկ ներկայացուցիչներով ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն.-ի Արեւմտեան շրջանն ու Գանատան:

Աւարտին ժողովը ընտրեց երկամեայ նոր Կեդրոնական Կոմիտէ մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէն.- Անդրանիկ Գասպարեան (հերթապահ), Անժէլ Մանուկեան (քարտուղար), Ճորճ Աղճայեան (գանձապահ), Արի Քիլեան (հաշուապահ), Անի Հարոյեան, Հրայր Պարոնեան, եւ Տիգրան Խալիկեան:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button