Վերջերս, Երեւանի մէջ կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը, քանի մը յուաշրձաններու: Առաջին հերթին, Մաշտոցի պողոտայի եւ Մոսկուայի փողոցի խաչմերուկին մօտակայքը, կատարուեցաւ բացումը գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի յուշարձանին բացումը:
Այս յուշարձանը գործն է Դաւիթ Երեւանցիին, իսկ ճարտարապետներն են՝ Ռուբէն Հասրաթեան եւ Լեւոն Իգիթեան:
Մոսկուայի պուրակին մօտ, իւրայատուկ նարտ խաղացողներու արձանը, որուն քանդակագործն է Եդուարդ Շիրինեանը:
Սարեանի արձանին մօտ, կառուցուած է բեմադրիչ Էտմոն Քէօսէեանի 70ամեակին: Գործը նուիրուած է «Տղամարդիք» ժապաւէնին, որ պատմութիւնն է չորս անբաժանելի ընկերներու: Քանդակագործն է Դաւիթ Մինասեանը:
Վերջապէս, Օփերայի մօտ, բազմած է հիացմունք պատճառող երաժշտագէտ եւ յօրինող Առնօ Պապաճանեանի յուշարձանը, որուն քանդակագործն է Դաւիթ Բերճանեանը եւ ճարտարապետ՝ Լեւոն Իգիթեանը: