Յօդուածներ

ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՈՒԺԸ

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ 

Հարկաւոր է խթանել հայ զանգուածներուն ուժը ելեկտրոնային ցանցերուն մէջ ի պաշտպանութիւն Հայաստանին եւ հայկական դատերուն:

Հարկաւոր է, որ ելեկտրոնային ցանցերուն մէջ առկայ հայ զանգուածներուն ուժը աշխուժօրէն գործէ‘ յառաջացնելու համար տեղեկատուական արագ արձագանգման դրութիւն մը՝ ընդդէմ թուրքատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան եւ հակահայկական սադրանքներուն, որոնք ունին գրեթէ ամենօրեայ բնոյթ եւ կը տարածուին համացանցի եւ այլ միջոցներով՝ լուրէ լուր,  յայտարարութենէ յայտարարութիւն եւ հրապարակումէ հրապարակում:

Արհեստագիտականօրէն՝ այս գործը կարելի է իրականացնել ստեղծելով ելեկտրոնային համապատասխան հարթակներ՝ համացանց եւ բջիջային հեռախօսներ օգտագործողներուն համար, կազմակերպականօրէն՝ ծաւալելով լայն արշաւ համացանցի հայ հանրութեան մօտ:

Հաշուի առնելով, որ միջազգային տեղեկատուական միջոցներու մէջ թուրքատրպէյճանական հակահայկական սադրանքները կը ներկայացնեն լրջագոյն սպառնալիք՝ Հայաստանին եւ հայութեան եւ որ թուրքատրպէյճանական տեղեկատուական մեքենան կը գործէ համահունչ՝ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գետիններուն վրայ Հայաստանի նկատմամբ երկու երկիրներու կիրարկած յարձակապաշտ ռազմավարութեան, հարկաւոր է հաստատել, որ հայկական կազմակերպութիւններն ու հայ անհատները պարտաւոր են արդիւնաւէտօրէն օգտագործել ելեկտրոնային արդի արհեստագիտութեան միջոցներն ու իրենց կողմէ անոնց օգտագործման գիտութիւնը՝ ի սպաս Հայաստանին եւ հայկական դատերուն:

Միջազգային տեղեկատուութեան դաշտին վրայ հայ զանգուածներու արագ արձագանգման արշաւներուն թիրախ են թուրքատրպէյճանական կողմին եւ անոր դաշնակից միջազգային շրջանակներու հակահայկական սադրանքները՝ հետեւեալ թեմաներուն վերաբերեալ.

Ղարաբաղեան հարց, Հայկական Ցեղասպանութիւն, Հայթրքական յարաբերութիւններ, Հայ ժողովուրդի հին եւ արդի պատմութիւն, Հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւն, Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններ եւ այլըն:

Այս եւ այլ թեմաներու վերաբերեալ ստայօդ լուրեր, կողմնապաշտ յօդուածներ եւ միտումնապաշտ ուսումնասիրութիւններ պէտք է արժանանան համացանցի հայ զանգուածներու քննադատական արագ արձագանգումին՝ նամակներու, նամակարշաւներու, պատասխանյօդուածներու եւ այլ ձեւերով: Արձագանգները պէտք է հասցէագրուին նիւթերու հեղինակներուն, հրապարակող խմբագիրներուն եւ հրատարակիչ կազմակերպութիւններուն: Պէտք չէ անտեսել նաեւ թուրք, ատրպեճանցի եւ համախոհ պետական, քաղաքական եւ տնտեսական գործիչներուն յայտարարութիւնները: Իսկ Հայաստանի ու հայութեան շահերը հաշուի առնող հրապարակումներու հեղինակներն ու հրատարակիչները պէտք է ստանան հայ զանգուածներու դրական արագ արձագանգները, ինչ որ պիտի նպաստէ տեղեկատուական դաշտին վրայ Հայաստանի եւ հայութեան բարեկամներու դիրքերու զօրացման:

Այս գործը պէտք է իրականանայ ազգային համընդհանուր համագործակցութեան եւ անհատներու թէ խումբերու միջեւ փոխադարձ քաջալերանքի մթնոլորտի մը մէջ, ինչ որ ոչ միայն պիտի ապահովէ իրականացումը տեղեկատուութեան դաշտին ուղղութեամբ առաջադրուած նպատակներուն, այլեւ պիտի զօրացնէ ՀայաստանՍփիւռք միասնութեան գետինը՝ Հայաստանէն մինչեւ արտասահմանի ամենահեռաւոր վայրեր Հայկական կազմակերպութիւններ եւ հայ անհատներ մասնակից դարձնելով Հայաստանի եւ հայկական դատերու պաշտպանութեան առընչուող միւենոյն գործունէութեան:

Նման մօտեցում էական բաղադրամաս կը հանդիսանայ հայկական տեղեկատուական անվտանգութեան հայեցակարգին եւ տեղեկատուական մարտի համընդհանուր ռազմավարութեան. այս բաղադրամասի ձեւաւորման համար աշխատանքները հարկաւոր է համադրել՝ Հայաստանի տարբեր գերատեսչութիւններու եւ համացանցի հայ հանրութեան գործիչներուն միջեւ:

Ներկայիս, կը հանդիպինք նշուած աշխատանքներու բազմաթիւ օրինակներու, մանաւանդ ընկերային ցանցերու պարունակին մէջ, ուր հայ անհատներ կը գոյացնեն խումբեր եւ կը ձեռնարկեն տեղեկատուականքարոզչական արշաւներ‘ հետապնդելու համար ազգային նպատակներ: Հարկաւոր է թուրքատրպեճանական տեղեկատուական սադրանքներուն դէմ համացանցի հայ զանգուածներու արագ արձագանգման գործունէութիւնը օժտել մասնաւոր արհեստագիտութեամբ եւ ելեկտրոնային յատուկ հարթակներով, որ ներառնէ թէ համացանցը եւ թէ հեռահաղորդակցութեան  այլ ձեւեր / մանաւանդ‘ բջջիջայինը /, կարելի յստակութեամբ համացանցի հայ օգտագործողներուն ներկայացնելու համար տեղեկատուական մարտի առօրեայ նորութիւնները, տուեալ օրուայ թիրախները եւ օգտագործելիք «զինատեսակներն ու զինամթերքը»‘ տեղեկատուական դաշտին վրայ թուրքատրպեճանական հակահայկական սադրանքներուն նկատմամբ հայ արձագանգող ուժի ընտրելիք պարսաւանքի, դատապարումի կամ քննադատումի թեզերն ու շեշտադրումները, կամ‘ Հայաստանին ու հայութեան շահերը նկատի առնող հրապարակումներու նկատմամբ դրական գնահատականի պատգամները, եւ ուղեցոյցներ‘ այս բոլորին վերաբերեալ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button