Այլազան

ՆԵՂՈՍԻ ԱՓԻՆ… ԹՐՔԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ

Հետզհետէ կը կրկնուին թրքական միջնորդութիւններն ու թափանցումները, Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններէն ներս: Ամիսներ առաջ, Պաղեստինեան պաշարման դէմ կազմակերպուած  «Ֆլոթիլա»էն եւ անոր ձեռք ձգած քարոզչական յաղթանակէն ետք, շրջանէն ներս տարածուելու եւ ազդեցիկ ներկայութիւն ըլլալու աշխատանքը շարունակուեցաւ: Այնքան մը որ, դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Տաւութօղլու փորձեց իր կարգին միջամուխ ըլլալու լիբանանեան քորթեան հանգոյցին մէջ, հաւանաբար դառնալով հանգոյցը քակելու փորձ կատարող վերջին անձը:

Թէեւ հարցը մնացած էր անլոյծ, սակայն բոլորովին նորութիւն մը չէր այս թրքական միջնորդութիւնը, որովհետեւ Անգարայի հետեւողական ներկայութիւնը շրջանէն ներս« բազմակողմանի հանդիպումները« հակաիսրայէլեան տրամադրութիւնները, արդէն իսկ այդ ուղղութեամբ պատրաստած էին ենթահողը:

Հազիւ լիբանանեան թնճուկէն դուրս եկած, այս անգամ Եգիպտոսի ներկայ իրավիճակով մտահոգուած կը թուի ըլլալ արդի օսմանականութիւն բուրող Էրտողանի գործընթացը: Արդարեւ, ան պաշտօնապէս յայտնեց թէ իր երկիրը որեւէ նպատակ չունի Նեղոսի ափը հասնելու եւ տեղւոյն ներքին հարցերուն միջամտելու, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ կ’ուզէ կայունութիւն ու խաղաղութիւն տեսնել:

Առ այդ, ըստ երեւոյթին հմուտ եւ մասնագիտացած ըլլալով ճամբու քարտէսներ կերտելու բնագաւառէն ներս, Էրտողան բազմիցս զրուցած է Ա.Մ.Ն. նախագահ Օպամայի հետ եւ արծարծած յատուկ ճամբու քարտէս մը փարաւոններու երկրին համար:

Տեղին է նշելը թէ Սպիտակ Տան հետ գործակցութիւնը դէպի ու՞ր եւ ի՞նչ պայմաններու տակ կ’ընթանայ, դժուար է կանխաւ կռահելն ու հաստատ պատասխանելը:

Հոս ալ, դէպքերու իրադարձութիւնները ցոյց կու տան« որ թրքական միջնորդութիւնը նկատառելիօրէն ընկալելի է Նեղոսի ափին առնչուած տարբեր կողմերուն համար:

Թրքական այս յանդուգն եւ «խիզախ» քայլերը, պէտք է դիտել, անգամ մը եւս, Անգարայի ղեկավարութեան որդեգրած արդի օսմանական ընդհանուր քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ, իբրեւ առանցքային դեր ստանձնող «յարգուած» միջնորդ:

Այսպէս, թեքում դէպի արաբական աշխարհ, յաչս Միջին Արեւելքէն ներս տարածուելու թրքական քաղաքական հովանաւորութեան, այս գործելաձեւը կը շարունակուի, ստեղծելով մեծ համակրանք եւ խանդավառութիւն, յատկապէս երբ ամէնայն ճկունութեամբ Էրտողան կ’եզրակացնէ թէ.- «Մենք մեր ձեռքը եղբայրական սրտով կ’երկարենք եգիպտացի ժողովուրդին: …Որեւէ իշխանաւոր չի կրնար կանգուն մնալ ժողովուրդին կամքին դէմ: Կառավարութեան պարտաւորութիւնն է լսել իր ժողովուրդին ճիչերը»:

«Հայրենիք»

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button