ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 13 Second

   ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ասկէ 50 տարիներ առաջ, 1974-ին, Պէյրութին «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ, Լիբանանահայ բժշկակական միութեան նախաձեռնութեամբ (որուն գանձապահն էի) եւ Վազգէն Ա. եւ Խորէն Ա. վեհափառներուն օրհութեամբ, սկիզբ առաւ հայութեան բժշկական կեանքին մէջ նախընթացը չունեցող՝ մարդասիրական եւ ազգասիրական շարժում մը՝ Համահայկական բժշկագիտական միջազգային համագումար անունով: Ասիկա հայութեան բոլոր հոսանքները միացնող շարժում մըն էր: Հովանաւորն էր Լիբանանի վսեմաշուք նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ, իսկ աշխոյժ քաջալերողներէն էին Պէյրութի Ամերիկեան եւ Ֆրանսական համալսարաններու (AUB եւ St. Joseph) տնօրէնները՝ փրոֆ. Լիխթընվոլնըր եւ Հայր Տիւփրէ Լաթուր: Յաջորդ տասնամեակներուն, այս համագումարները դարձան գեղեցիկ եւ օգտաշատ աւանդութիւն մը:

Թէեւ մեր այս օրերուն, ելեկտրոնիկ ժամացոյցները հռչակ շահած են, սակայն կրնամ ըսել, որ բժշկագիտական համագումարները տեղի կ’ունենան ատենին հռչակաւոր դարձած՝ զուիցերիական ժամացոյցներու ճշգրտութեամբ, 2 տարին անգամ մը, փոխն ի փոխ՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն մէկտեղուած հայ մասնագէտներ կը ներկայացնեն առողջապահութեան առնչուող զանազան նորութիւններ՝ բժշկագիտական, գիտահետազօտական եւ խնամատարական մարզերուն հետ կապ ունեցող: Անշուշտ այդ հանդիպումներուն առիթով, մասնակիցները, անձնական եւ խմբային ծանօթութիւններ հաստատելով, նոյնքան անհրաժեշտ օգտակարութիւնը կ’ունենան:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Շարժումին հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով, յատկապէս գործի լծուած  է Ֆրանսահայ «Արարատ» գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի անձնակազմը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լիբանանեան պատուիրակութեան հետ գործակցաբար՝ միջազգային տարողութեամբ տօնելու յիսնամեակի յոբելեանը, 21-23 Սեպտեմբեր 2024-ին, Փարիզի մէջ, Faculte՛ Libre De Droit, 115, Rue Notre Dame des  Champs, 75006 Paris RER B-Station Port Royal, կայքէջ՝  www.ararat-academy.org:

Հոս պարք կը զգանք շեշտելու, որ Շարժումին մասնակից հիմնադիրներուն շարքին էին Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով ընդհանրապէս մանկութիւն չունեցող մարդիկ, յանձինս Համբարձում Քեքլիկեանի, Երուանդ Ճիտէճեանի, Անդրանիկ Մանուկեանի, Մելգոն Էպլիղաթեանի, Ճոն Նաճարեանի, Էտուըրտ Վարդանեանի, Յակոբ Գրգեաշարեանի եւ այլ հռչակաւոր մասնագէտներու, որոնք դժուար մանկութենէ ելան ու բարձրացան համալսարանական ամենաբարձր աստիճաններն ի վեր, արժանացան փրոֆեսէօրի տիտղոսի եւ դարձան հեղինակութիւններ, աւելի ճիշդը՝ մարդասիրական եւ ազգասիրական գետիններու վրայ օգտաշատ հերոսներ: Հիմա մեզի այնպէս կը թուի, թէ կարծէք թէ անոնց կեանքը առողջապահութեան մարզին մէջ ողիմպիական մրցում ըլլար, իսկ իրենք՝ անվիճելի ախոյեաններ, աւելի՛ յաջող՝ քան այս տարուան Փարիզի Ողիմպիականներու մետալակիրները: Անոնք անսասան ոգիով, համեստութեամբ, Հիպոկրատի երդումին հաւատարմութեամբ ու մեծն Մխիթար Հերացիի կոչումով, հայ բժիշկներու եւ հասարակութեան անհատական եւ հաւաքական ուժը միացնելու, զօրացնելու առաքելութեամբ իրարու առնչուեցան յատկապէս հայ բժշկական համագումարներով:

1974-ի համագումարի աւարտին իսկ, ժողովին բոլոր մասնակիցները միաձայնութեամբ եւ ընտրովi կազմեցին Հայկական բժշկական համաշխարհային միութիւնը (Armenian Medical International Association), որ կարճ ատեն ետք Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պաշտօնական ճանաչում եւ վաւերագրում ունեցաւ, որպէս բարեսիրական հաստատութիւն: Սոյն միջոցառման ստեղծած բժշկագիտական ոգեւորութենէն վարակուած, զանազան պատուիրակութիւնները երբ իրենց երկիրները վերադարձան, խանդավառութեամբ վերաշխուժացուցին կամ հիմնեցին իրենց տեղական միութիւնները, եւ նմանօրինակ ժողովներ կազմակերպելով՝ օղակ առ օղակ երկարեցին բժշկագիտական համագումարներու շարժումին ոսկեայ շղթան, հասան նաեւ մայր հայրենիք: Այդպէսով է որ յաջողեցան ցարդ տեղի ունեցած ընդամէնը 19 համաժողովները, 13-ը Սփիւռքի, իսկ 6-ը հայրենիքի մէջ: Գալ տարի, 2025-ին, սփիւռքեան 14-րդ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, իսկ յաջորդը՝ 2027-ին, Երեւանի մէջ:

Հոս կը յիշեմ, որ 1990-ականներուն, տարբեր երկիրներէ ժամանած կարգ մը բժիշկներ համախմբում մը կազմակերպեցին AMIC, այսինքն Հայկ. բժշկ. միջազգ. վարչութիւն անունով, որ այդ ատենէն ի վեր կ’աջակցի տեղական բժշկական միութեանց, համագումարներու կազմակերպման առումով:

Այսօր, կրնանք հաստատապէս ըսել, որ 50 տարիներ բոլորած Հայ բժիշկներու համաշխարհային շարժումը վաղուց դուրս եկած է սոսկական միութիւն մը ըլլալու ծիրէն եւ դարձած է, բազմաթիւ հայորդիներու արդար երազին համապատասխան՝ սխրալի մարմնաւորումը հայկական միասնութեան:

Արդեօք ի՞նչ եղան, ո՞ւր հասան այս Շարժումին նախաձեռնողները, որոնք բնութեան ու կեանքի օրէնքներուն համաձայն լի ու լի կատարեցին իրենց պարտականութիւնը եւ անոնցմէ մաս մը արդէն մեզի հետ չեն, անոնց հոգիները կարծէք թէ ածխացած են ու բարձրացած՝ Արագածի գագաթին վերեւ, խմբուած՝ Լուսաւորչի Կանթեղին քով, իրարու միացած են ու կազմած՝ իւրայատուկ համատեղութիւն:

Ուրախ ենք որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ 50 տարիէ ի վեր տակաւ առ տակաւ տարածուող առաքելութեան յանձնառու նոր սերունդները, հաւատքով, յոյսով, սիրով եւ երկնային լոյսով ներշնչուած ու տոգորուած, լծուած են առողջանահութեան ասպարէզի ծառայութեան եւ բարձր կը պահեն իրենց փոխանցուած ջահը: Անոնցմէ խօսքով եւ գործով կը լսենք հետեւեալը. «Հիւանդութեանց, պատերազմի եւ վտանգներու կանխարգիլման եւ բուժման միջոցները մեր առջեւ կը դնեն մէկ պայման՝ ըլլալ միասնական այսօր, վաղը եւ յաւիտեան»:

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles