ԳլխաւորԼրահոս

Դեմոկրատական Կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովն Ու Պայտընի Հրաժեշտը

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22-ին, Շիքակոյի մէջ աւարտեցաւ Ա․Մ․Ն․ Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը, որուն բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ որոշած է քաշուիլ եւ թիկունք կանգնիլ Քամալա Հարիսին։

«Միացեալ Նահանգներու ոգիի պահպանման պայքարին մէջ ենք, եւ լաւագոյն օրերը մեր ետին չեն, այլ` մեր առջեւ։ 81 միլիոն ամերիկացիներ նախկին ընտրութեան ընթացքին մեզի քուէարկեցին ժողովրդավարութիւնը փրկելու համար։ Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքական բռնութիւնը տեղ չունի, եւ ժողովրդավարութիւնը յաղթեց, եւ այժմ պէտք է պահպանել զայն։ Ոճիրներու համեմատութիւնը պիտի նուազի, երբ Քամալայի նման  ընդհանուր դատախազ մը հասցնենք Սպիտակ Տուն, եւ ոչ թէ՛ դատապարտուած ոճրագործ մը», ըսաւ ան` նշելով, որ Թրամփի նստաշրջանին ոճիրներու համեմատութիւնը բարձր էր, եւ անոնք այժմ կը նուազած են:

Պայտըն յայտնեց, որ իր վարչակազմը աշխատանք կը տանի Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, պատերազմին վերջ տալու եւ շրջանին մէջ տագնապի ընդլայնումը կանխարգիլելու: Ան ըսաւ, որ իր վարչակազմը անդադար աշխատանք կը տանի Կազա գտնուող պատանդները իրենց ընտանիքներուն վերամիացնելու եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու` նշելով, որ իսրայէլեան ու պաղեստինեան կողմերէն բազմաթիւ անմեղներ սպաննուեցան:

Միւս կողմէն, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Հարիսը պարտութեան մատնելը Պայտընը պարտութեան մատնելէն դիւրին պիտի ըլլայ, որովհետեւ Ամերիկան կը մերժէ անոր համայնավարական օրակարգը․․․:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button