Յ. Պալեան
Փարիզ
Ժամանակակից ընկերութիւնը բռնուած է այլազան հաղորդամիջոցներու ցանցին մէջ: Նաեւ՝ հայկական: Անցեալին կային միայն ձեռագիր գիրքեր, որոնցմէ կ’օգտուէին մասնաւորներ: Լրատուութեան բեմ էր ակորան (agora), հին Յունաստանի գիւղի կամ քաղաքի այն բաց տարածութիւնը, ուր մարդիկ իրարու կը հանդիպէին եւ կը խօսէին: ԺԵ դարուն, Կիւթեմպերկ հնարեց տպարանը, որ սկիզբ եղաւ մշակութային մեծ յեղափոխութեան, եւ գիրը, գիրքը, գրականութիւնը գաղափարներու շրջագայութիւնը ընդհանրացուց, զանոնք դուրս հանեց մասնաւորներու եւ մենաշնորհեալներու շրջանակէն: Անոնք մատչելի դարձան հետզհետէ աւելի մեծ թիւով մարդոց: Կիւթեմպերկի գիւտէն առաջ տեղեկութիւնները բանաւոր եղանակով կը հասնէին ժողովուրդին: Պաշտօնական մունետիկներ կային: Ապա գիրքը մտաւ տուները: Տեղեկութիւնները աւելի մեծ թիւով մարդոց հասցնելու համար, ազդեր եւ թերթեր լոյս տեսան: Հայ մամուլի պատմութիւնը գրուած է: Մեր տեւաբար գաղթած ժողովուրդի զարտուղի ճակատագրի բերումով, առաջին հայերէն տպագիր թերթը լոյս տեսաւ Հայաստաններէն հեռու Մատրասի մէջ: Հետեւեցան հայկական ուրիշ գաղութներ եւ համայնքներ: Մեծ է թիւը հայերէն պարբերականներուն եւ թերթերուն, որոնց վրայ գումարուեցան, մանաւանդ վերջին դարուն, օտարալեզու հայկական հրատարակութիւնները, աճող եւ բազմապատկուող սփիւռք(ներ)ի նահանջներուն հետեւանքով: Հիմա ունինք, տպագիր մամուլի կողքին ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանցային լրատուամիջոցներ: Նաեւ տպագիր մամուլը, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային հաղորդումներն ալ կը տեղադրուին համացանցի վրայ: Դիւրութեան եւ ծախսերէ խուսափելու համար տպագիր մամուլէն խուսափելու եւ հրաժարելու գործնապաշտութեան փորձութիւնը սովորական է:
Նշեմ տարբերութիւնը գրաւոր-տպագիր մամուլին եւ միւս լրատուամիջոցներուն միջեւ: Տպագիր հայ մամուլը ցուցաբերած է բծախնդրութիւն ինչ կը վերաբերի որակին, ան եղած է հայ մշակոյթի եւ գրականութեան տնկարան եւ յիշատակարան, ինչ որ չենք կրնար ակնկալել օտարալեզու եւ օտարագիր մամուլէն, այսօր նաեւ համացանցային լրատուամիջոցներէն, որոնք անմիջականի արձագանգ են, քաղաքական, քաղաքակրթական եւ ցուցադրական (show): Հայերէն գրաւոր հայ մամուլը կ’ենթադրէ ազգային-քաղաքական-մշակութային պատասխանատուութիւն եւ բծախնդրութիւն, որ ընդհանրապէս բացակայ է համացանցային հայերէն լրատուամիջոցներէն:
Երբ հայ մամուլի մասին կը մտածենք, օգտակար պիտի ըլլայ մեկնիլ հետեւեալ յիշեցումէն. եթէ չըլլար Գրիգոր Արծրունիի ՄՇԱԿԸ, մենք ՐԱՖՖԻ չէինք ունենար: Այսպէս մտածելով պէտք է ընտրել եւ կողմնորոշուիլ: Ապա պէտք է գնահատումներ ընել մերօրեայ հայ մամուլի, այլազան հաղորդամիջոցներու եւ անոնց ազգային, մշակութային եւ քաղաքական դերի ու նպաստի մասին:
Ուստի պէտք է նախ խօսիլ հայագիր-հայերէն հայկական մամուլի մասին: Պէտք է խոստովանիլ այն իրողութիւնը, որ քաղաքական, քարոզչական ծանուցում-եկամտաբերի եւ հայերէնի տեղատուութեան ճնշման տակ, հայագիր-հայախօս մամուլի եւ լրատուամիջոցներու դաշտը կը սեղմուի:
Դժբախտաբար միջոցներ չունինք գիտնալու, թէ ի՞նչ թիւ եւ տոկոս կը ներկայացնեն հայկական լրատուամիջոցի մը, հայերէն եւ հայագիր, կամ օտարագիր-օտարալեզու եւ օտարագիր «հայկական» հրատարակութեան մը ընթերցողները եւ հաղորդամիջոցի մը ունկնդիրները: Այլապէս հետաքրական պիտի ըլլար գիտնալ հայերէն թերթ գնող-բաժանորդներու կամ համացանցով հայերէն ընթերցողներու թիւը: Անոնք հետք կը ձգե՞ն, թէ՞ անմիջականի մէջ կը թաղուին եւ հոն կը մնան:
Հայ մամուլի եւ լրատուամիջոցի գնահատում եւ ապագայի նախատեսութիւններ ընելու համար պէտք է գիտնալ անոնց սպառումը եւ հետեւողներու թիւը: Շատեր չեն գիտեր, մոռցած ըլլալու են, որ անցեալին ներհայկական հաղորդակցութիւնը կ’ըլլար հայերէնով եւ հայագիր, տպուած թուղթով, որ ինքնութիւն եւ հարազատութիւն կը պահէր, հայ ժողովուրդ էր՝ իր տարբերութիւններով: Օտարալեզու թերթ, գիրք եւ խօսք «դուրս»ի համար էին, հիմա անոնք նաեւ՝ «ներս»ի համար են: Անցեալին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ աշխատաւորական թաղերուն մէջ, թերթը ձեռքէ ձեռք կ’անցնէր, թերթի նոյն օրինակը բազմաթիւ ընթերցողներ ունէր: Ցրուիչներ կային, կրպակներու մէջ հայերէն թերթեր կը վաճառուէին:
Հայերէն թերթը անցեալին դպրոց էր, մարդիկ անով լեզու եւ պատմութիւն կը սորվէին: Ան նաեւ գրականութեան բեմ էր: Կը յիշե՞նք, որ Ֆրանսայի մէջ խօսուած է «ՅԱՌԱՋի սաներ»ու մասին: Այսօր հարց պէտք է տալ թէ հայ մամուլի այդ ազգային դերը կը շարունակուի՞, թէ՞ ան միայն քաղաքական, լրատուական, քարոզչական եւ առեւտրական ծանուցումի հարթակ է: Անցեալին հայ թերթը «կազէթ»էն աւելի էր: Հայ ընթերցողը այդ աւելիին ակնկալութիւնը ունէր:
Ան գրականութիւն կը բերէր ժողովուրդին, վէպեր լոյս կը տեսնէին: Թերթօններ լոյս կը տեսնէին, ընթերցողները էջերը կը կտրէին, խնամքով կը պահէին, հատորի կը վերածէին: Արեւմտահայ գրականութիւնը Պոլսոյ մէջ զարգացաւ եւ հասաւ ընթերցող հասարակութեան հայերէն թերթով: Այս մտորումը կարելի է շարունակել հարց տալով, որ այսօր հայ զանգուածը ո՞ւր կը հանդիպի հայ գրականութեան: Գրական թերթ մը, զանգուածի ո՞ր տոկոսին կը հասնի, քանի՞ ընթերցող ունի: Քաղաքական-քարոզչական լրատուութեան դաշտ է, դաշտ էր հայերէն թերթը, որ հետզհետէ իր տեղը կը զիջի նոյն բովանդակութեամբ օտարալեզու հրատարակութեան: Եւ հայուն առօրեայէն դուրս կը նետուին հայերէնը եւ հայ գրականութիւնը:
Հայերէն թերթը եթէ անցելապաշտական «յեղափոխութիւն» մը ընէր… Արգիլուած չէ երազել: Ամէն տեսակի նուաճումները նախ երազուած են:
Եթէ հայերէն թերթի էջերու որոշ մէկ տոկոսը յատկացուէր հայերէնով գրականութեան, հայերէնով պատմութեան, նոր հեղինակուած գիրքերու, վերահրատարակութիւններու էջեր տեղ գտնէին թերթերու մէջ, հայերէնը զարթօնք կ’ունենար մտնելով հայու առօրեային մէջ: Հայ թերթը հայ գրականութիւն եւ հայ պատմութիւն կը բերէր :
Ինչո՞ւ չվերադառնալ անցեալի դրական հետեւանք ունեցած սովորութեան եւ հայկական մամուլին էջերուն, հայալեզու թէ օտարալեզու, անցեալի եւ ներկայի հայերէն եւ հայ գրականութենէն էջեր չհրատրակել, յիշելու եւ յիշեցնելու համար որ, հայ գրակականութիւն ունեցած ենք եւ ունինք, կրկնութեամբ հայ գրականութիիւն ընթերցելու սովորութիւն ստեղծելու համար, որպէսզի հայերէնը եւ հայերէնով գրականութիւնը ըլլան ազգային ներկայ: Նահանջողի իմաստութեամբ չըսել, որ այդ կ’ըլլայ «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած» (un coup d’épée dans l’eau): Ողջախոհութիւնը կ’ըսէ, որ ոչինչ փորձողը ոչինչ կ’ունենայ: Հայկական թերթը, ամէն թիւով, եթէ երկու կամ չորս սիւնակ հայերէնով եւ հայագիր հայ գրականութիւն եւ պատմութիւն հրամացնէ ընթերցողին, լեզուական եւ մշակութային յեղափոխութիւն կը կատարուի եւ կը դադրինք հայ մամիկի բանաձեւած իմաստութեամբ շարժելէ եւ գործելէ, այն՝ որ «ամէն անգամ որ ուղտը ծունկը գետին կը դնէ, հոն քարվանսարայ չի շինուիր»: Այդպէս գործած ենք եւ քարվանսարայներ շինած ենք, եւ կը շինենք հայերէնը եւ հայ գրականութիւնը հին եւ անպէտք իրերու մառանը դնելով, նպատակ ունենալով մարդորսութիւնը: Ի հարկէ խօսքը կը վերաբերի իրա՛ւ գրականութեան, ո՛չ հայելիին առջեւ կանգնելով ինքնաբաւականացման բառեր չարչրկելու մարզանքի:
Պէտք է գործել հայ եւ հայկական թերթին եւ լրատուամիջոցին ասէկոսէներու բեմ ըլլալէ տարբեր որակ տալու մասին: Եթէ համախոհական հսկողութիւն մը ըլլար, մեր թերթերը եւ ամէն բնոյթի լարտուամիջոցները կը մաքրուէին թերն ու դէմը շփոթելէ,եթերի անդուռ տարածքին անզօրութեան ենիչերիութիւն խաղալէ, առաջնորդուելով մանաւանդ չըսելիքը գիտնալու հրապարակագիրի եւ հրապարակախօսի իմաստութեամբ:
Այսպէս մտածեցի երբ հայ եւ հայերէն թերթերու յուզիչ եւ հերոսութեան ամեակներու մասին, արտայայտութիւններ կ’ընթերցէի: Այս մտորումները կը խնդրեմ ցնորք չհամարել, ո՛չ ալ միտքի մարզանք, այլ՝ անմիջականի մէջ բանտարկուած չմնալու հրաւէր, միշտ հաւատալով՝ որ այլ բան կարելի է ընել եւ յաջողիլ, որպէսզի ազգային ինքնութիւն եւ ազգային որակ շաբաթավերջի դատարկաբանութիւն չըլլան, եւ գործենք իրատեսական հիմնականի առաջադրանքով, եւ մուրճը մեխի գլխուն ճիշդ խփենք, վերականգնենք ինքնութիւն եւ որակ: Այս կ’ըլլայ գոյապահպահպանական պայքար, դիւրութեան հոսանքով չտարուելու գաղաղափարական յանդգնութիւն, որպէսզի հայկական քաղաքական, մշակութային, եւ կազմակերպական առօրեան, ներկան եւ գալիքը ըլլան անսեթեւեթ իրաւութիւն, չմնանք անհարազատ եւ մերը չեղող վարձու սենեակներու մէջ, որոնք միայն ժամանակաւոր ըլլալու դատապարտուած են:
Եւ վերահսկել վաղուան օրը, տէր ըլլալու եւ տէր մնալու համար գալիքին, որ տարբեր որակ կ’ենթադրէ ծնկուած վայրեր քարվանսարայներու անվաղորդայն ըլլալու դատապարտուած շինարարութիւններէ, որոնք բաւարարութիւն կը պատճառեն ժամանակավրէպ ըլլալու դատապարտուած մրցակցական եւ երեւելիապաշտական թափահարումներու, կը տնտեսեն նահանջ եւ ամլացում…
ԺԹ. դարու Ֆրանսացի բանաստեղծ, ազատութեան ջատագով եւ յանդուգն հրապարակախօս Վիքթոր Հիւկօ ըսած է. «Մամուլը ճշմարտութեան զէնքն է՝ժողովուրդի ձեռքին» (La presse est l’arme de la vérité dans les mains du peuple». Victor Hugo)
Ազգային-քաղաքական առաջադրանք պէտք է ըլլայ հայերէն-հայկական թերթը հասցնել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ եւ ստեղծել կարելիութիւն, որ հայը հայերէն թերթ ընթերցէ, կրկնուի «Յառաջի Սաներ»ու վերականգնումի աշխատանքը:Այս կ’ըլլայ ազգային իրաւ հեռանկար ունեցող ղեկավարում:
Ընել այնպէս, որ Գրիգոր Արծրունիի ՄՇԱԿը կրկնուի եւ յայտնուին մեր կեանքին շնչառութիւն տեսիլք տուող եւ ուրացումները մերժող Րաֆֆիներ: Ամենուրեք ազգ ըլլալու եւ ազգ պահելու օրակարգ ունեցող հայեր ըլլան: