ՊԱՅԹՈՒՑԻԿ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿ
Անցեալ Դեկտեմբերի կէսերուն, երբ հազիւ 26 գարուններ բոլորած բանջարեղէնի եւ կանաչեղէնի վաճառական Մոհամէտ Պուազիզի, իր բնակած երկրի՝ Թունուզի մէկ կեդրոնական անծանօթ գիւղաքաղաքին մէջ ինքզինք հրկիզեց, ոչ ոք կ°երեւակայէր թէ անոր տուած կայծը պիտի յորդեցնէր տարիներ շարունակ գերճնշիչ խցանով զսպուած կիրք մը, բողոք մը, ժայթքում մը, որ պիտի հասնէր Նեղոսի ափը՝ Եգիպտոս եւ դեռ ալ շարունակուէր դրացի ցամաքամաս՝ Յորդանան, Եմէն եւ ապագայի թեկնածուները շատ են:
Պուազիզի արհեստը յար եւ նման էր գերմանացի վաղամեռիկ բեմադրիչ Ռայնըր Վերնըր Ֆասպինտըրի, եօթանասունականներու սկիզբը նկարահանած, մէկ գլուխ գործոցին՝ The Merchant of Four Seasons (Händler der vier Jahreszeiten) ժապաւէնին կեդրոնական տիպարին, որ այդ նոյն շրջուն վաճառականի արհեստով կը զբաղուէր: Միեւնոյն ընկերային եւ տնտեսական դաժան պայմանները, սակայն կարելի չէր Պուազիզի անբախտութիւնը բաղդատել, Ֆասպինտըրի վերոյիշեալ «Չորս եղանակներու վաճառական»ի հերոսին՝ Հանսի ունեցած անցեալին հետ: Լեռ ու ձոր կար անոնց օգտագործման, շահագործման եւ իրերայաջորդ անբախտութիւններուն միջեւ:
Պուազիզի կատարած յանդուգն արարքը, բառին բուն իմաստով այնքան մը բռնկեցաւ որ, այլ երկիրներու մէջ ալ, այլ երիտասարդներ դիմեցին հերոս դառնալու այդ ինքզինքնին հրկիզելու արդի միջոցին:
Պուազիզներ եւ այլ շրջուն վաճառականներ կամ փերեզակներ կրնան նկատուիլ ազգային հերոսներ կամ ալ բոլորովին մոռցուիլ, սակայն անտեղի է անոնց մասին խօսիլը, նկատի ունենալով դէպքերու ճեպընթացային հոլովոյթը: Այո°…այնքան մը ճեպընթացային,որ Ա.Մ.Ն.ի Արտաքին Գործոց նախարար Քլինթընն անգամ չի կրնար քայլ պահել դէպքերուն հետ եւ շարունակ խուսափելով Մուպարաքի հրաժեշտը պահանջելու, պնդել թէ Մուպարաքի ղեկավարութիւնը պէտք է որ ընդառաջէ ցուցարարներու փափաքածը եւ կատարէ անոնց պահանջածը…: Քլինթըն չանդրադառնար թէ ինքզինք կը հակասէ, մանաւանդ որ ամէնուրէք կը նշուի (եւ ինքն ալ անձամբ կը նշէ) թէ ցուցարարներուն փափաքածը, նոյնինքն Մուպարաքին երկրէն հեռանալն է:
Միջին Արեւելքի մէջ տիրող այս տաք անցուդարձերուն, Միացեալ Նահանգներու յիսունականներու Պաղ պատերազմի օրերու նախագահ Տուայթ Այզընհաուրի նկարագրած «տօմինօ» տեսութեան մէկ երեւոյթն է որ կը կրկնուի, սակայն այս անգամ, ի տես բոլորովին տարբեր կացութիւններու եւ իրադարձութիւններու:
Միջին Արեւելքի մէջ շահեր հետապնդող եւ ունեցող պետութիւններու համար եթէ բուրումնաւէտ էր Թունուզի յասմիկներու յեղափոխութիւնը, պարագան նոյնը չէ այլ երկիրներու պարագային, որոնց տիպար ծածկանունն անգամ դժուար է յղանալը:
«Հայրենիք»
Փետրուար 1, 2011