ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ, Վըրճինիա
4 Օգոստոս 2024
Պատմութեան ընթացքին, բոլոր ազգերուն մօտ ալ գոյութիւն ունեցած են քաղաքական վերիվայրումներ, որոնք յանգած են հողային ահաւոր կորուստներու, նոյնիսկ պատմութեան թատերաբեմէն անոնց անհետացման ու ջնջումին…
Բարբարոս եւ նախնական ցեղախումբերու կողմէ կատարուած յարձակումները եւ բնաջնջումի փորձերը դարաւոր կայսրութիւններու վրայ, ինչպէս՝ հռովմէական , բիւզանդական ու պարսկական աշխարհակալ տէրութիւններու կորուստին եւ երբեմն ալ պատմութեան թատերաբեմէն անոնց անհետացումին պատճառ դարձած են… գոնէ անոնց նօսրացումին հանգած է կայսրութեան չնչին մէկ տոկոսին մէջ, ինչպէս պատահեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի ու Նացիական Գերմանիոյ պարագային եւ աւելի առաջ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Այդ բոլորը վերագրել կայսեր մը կամ ալ իշխանութեան գլխուն կանգնած անձի մը կամ ղեկավարութեան մը, սխալ ու անհեթեթ պիտի ըլլար:
Չեմ յաւակնիր պատմագէտ ըլլալ… Շատ շատ կանուխէն, համաշխարհային պատմութեան սիրողական չափանիշով հետեւորդ մը եղած եմ: Ընթացքին, շատ մը ազգակից մտաւորականներու պէս, նկատած եմ, որ ոչ մէկ օտար պետութիւն հայերուս սեւ աչքերուն համար, իրենց ազգային շահերը զոհելով մեր ժողովուրդին օգնութեան չէ հասած, ոչ ալ անոր գոյութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանած: Այդ ենթահողին վրայ, տակաւին քաղաքական մեր միամիտ ղեկավարութիւնը եւ իշխանութեան գլխուն կանգնած պետական այրերը իրենց նոր դիրքորոշումներով, մեր ազգին փրկութիւնը կը շարունակեն օտարէն սպասել, փոխանակ իրենց քիթին տակ կանգնած՝ տասը լարի վրայ խաղացող Թուրքիոյ դիւանագէտ նախագահ՝ Էրտողանէն դաս առնելու, թէ ինչպէ՛ս ներկայ գերպետութիւններու քիթին խնդալով, զանոնք խաղի բերելով , ինքնիրեն համաշխարհային հաշտարարի հանդերձանք եւ դեր կ՛ապահովէ ու տակաւին իր երկրին ազգային շահերը առաջ կը քշէ:
Վերջին օրինակները այդ լարախաղացութեան՝ ան կը յաւակնի ինքնիրեն միջազգային հաշտարարի դեր ապահովել, պատերազմող Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի ձեռք երկարելով, իսկ միւս կողմնէ խօսքով փիլաւ եփելու՝ Էրտողանի նորագոյն փորձը՝ իբրեւ թէ պաղեստինցիներու պաշտպանութեան համար պատրաստ է Իսրայէլի դէմ մարտնչելու…
Իսկ մեր ամենագէ՜տ վարչապետը ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու ճամբով, Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի ու Ֆրանսայի հետ սիրաբանելով, անոնց պոչին կառչելով, զուր տեղը իր երկրին փրկութիւնը կը սպասէ անոնցմէ, իր այդ քայլով հայութեան դէմ լարելով ամեհի Ռուսիան… Այո՝ փոխանակ դիւանագիտութիւն կոչուածը գործի դնելով՝ բոլորին հետ լեզու գտնելու, իբրեւ տարածաշրջանին ամէնէն փոքր եւ խոցելի պետութիւն, կ՛ելլէ «մէյտան» կը կարդայ Ռուսիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն:
Արդեօք աւելի առողջ մօտեցում պիտի չըլլա՞ր մէկը միւսով փոխարինելու փոխարէն, բոլորին հետ լեզու գտնելը եւ բարեկամական յարաբերութիւն մշակելը: Մեզմէ անոնք, որոնք համաձայն չեն ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած արտաքին քաղաքականութեան՝ երբեք չենթադրեր, որ դէմ են ներկայիս Արեւմուտքի հետ զարգացող բարեկամական կապերուն… Անոնք թերեւս դէմ են՝ մէկուն հետ կապերու ամրացման՝ միւսին հաշուոյն: Մէկուն հետ կապերու խզումը, միւսին՝ հաճելի դառնալու սիրոյն… Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը վերապրումը բոլորին հետ հաշտ ապրելու մէջ կը կայանայ… եւ վե՜րջ:
Հապա եթէ մեր ներկայ կեցուածքէն խոցուած՝ Ռուսիա, իբրեւ հակազդեցութիւն, վաղը ելլէ եւ կանանչ լոյս բանայ թուրք-ազերի վոհմակներուն՝ Հայաստանը «փարչատելու« իրենց արիւնոտ թաթերուն տակ՝ մեր հայրենիքը բզիկ-բզիկ ընելու, մեր հողերը խլելու եւ սեփականացնելու … Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՜ր պետութիւնը իր ազգային շահերը վտանգելով եւ հանգիստը զոհելով՝ մեզի օգնութեան պիտի հասնի, հաւանաբար բացառելով մեզի դրացի սրտակից բարեկամ Իրանը…
Իսկ գալով թուրք-ազերիներուն հետ հաշտութիւն կնքելու Փաշինեանական երազախաբութեան, ո՜ւր լսուեր է, որ թշնամի պետութիւն մը հաշտութեան սեղանին վրայ հարիւր տոկոս իր կամքը պարտադրէ հակառակորդին եւ անկէ պահանջէ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Սահմանամերձ հողեր խլէ անկէ, առանց 120 հազար հաշուող Արցախցի աքսորականները իրենց հայրենի հողը վերադարձնելու եւ իր բանտի խուցերուն մէջ պատանդ պահուող անոր անմեղ ղեկավարութիւնը ազատ արձակելու:
Եւ տակաւին քաղաքակիրթ աշխարհին առջեւ անամօթաբար կը կանգնի հաշտութեան պայմանագիր կնքելու: Ան ալ եթէ կնքէ…
Այդպիսի ամօթալի հաշտութիւններ, միայն ողն ու ծուծով միամիտ, դիւրահաւատ ղեկավարութեան մը օրով կարելի է պատկերացնել… Հարց կու տանք պարոն վարչապետին՝ հապա ու՜ր մնաց Եղեռնի ճանաչումը… Ո՜ւր մնացին Արեւմտեան Հայաստանի զաֆթուած, յափշտակուած հողերը… Հապա ով վարձահատոյց պիտի ընէ Եղեռնի զոհերէն խլուած միլիառներ արժողութեամբ ոսկի ադամանդը, զոր իթթիհատական ցեղասպան պարագլուխները, դէպի Պերլին իրենց փախուստի ատեն գերմանական ռազմանաւուն վրայ բեռցուցին:
Այո, պարոն վարչապետ, իբրեւ Եղեռնէն փրկուած ծնողաց զաւակ, իմ կարգիս կը հարցնեմ ձեզի -այդ ի՜նչ միակողմանի զիջում է ձեր կատարածը, որ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին ծիծաղը պիտի շարժէ… Հաշտութիւն մը, որ դարաւոր անցեալով ժողովուրդ մը խպնանքի ու խնդուկի առարկայ պիտի դարձնէ:
Տակաւին քաշելիք ունինք եղեր…
Ամէն ազգի պատկանող քաղաքական այրերը սրտատրոփ կը սպասեն, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները նորմալացնելու, բնականոն դարձնելու համար, նախապայման դրուած Զանգեզուրի Միջանցքը բանալու պահանջքէն ետք, որուն բացարձակապէս կ՛ընդդիմանայ մեր դրացի եւ անկեղծ բարեկամ Իրան, տակաւին դիմացի կողմէն ի՜նչպիսի պահանջներ նախապայման պիտի դրուին դղրդալից հաշտութիւնը ստորագրելու համար: Արդեօք բարբարոս հորդաները այդքանով պիտի բաւարարուի՜ն:
Օրը նոր, պահանջը՝ նոր… Այո՜, քաղաքակիրթ աշխարհը սրտատրոփ կը սպասէ, թէ վերէն առաքուած թուրք ղեկավարութիւնը տակաւին ի՜նչեր պիտի գեղգեղէ, ի՜նչպիսի նոր առաջարկ-պայմաններով հանդէս պիտի գայ: