«Հայրենիք» – Խմբագրական
Օգոստոս 6, 1977
Տարասփիւռ հայութիւնը՝ իր ներքին կեանքի պահանջներէն անկախ՝ նաե՛ւ արտաքին-յարաբերական
պայմաններու բերումով կը կարօտի արտակարգ ճիգերու։
Մենք մեր հանրային ճակատներուն վրայ կրնանք ի վերջոյ հարթել ազգային-գաղափարական
համոզումներէ թելադրուող որոշ անհասկացողութիւններ, որովհետեւ բոլորս ալ
համահայկական մտահոգութիւններէ կ՛առաջնորդուինք ու մեզ վարող հիմնական մտածումը Ազգին
շահն է, ծառայութեան մեր գիտակցութիւնն է։
Սակայն օտարը – եթէ նոյնիսկ բարեկամ մըն է – արեան մեր զարկը չունի, միշտ պատուարով մը
հեռու է մեզմէ, յաճախ չ՛ըմբռներ մեր ցաւն ու խռովքը, եւ մղուած է անպայման շահ մը
փնտռելու իր աջակցութեան կամ օգտակարութեան ետեւ։ Ո՜ւր կը մնան մեր թշնամիները՝ որոնք
աւելի քան երբեք «շոգիի վրայ» են, ի տես հայ միասնութեան արտայայտութիւններու եւ
ազգային մեր յարաճուն գիտակցութեան՝ հաւաքական ճակատով հետապնդելու հողային, նիւթական եւ
մարդկային մեր իրաւունքները։
Առանձին չենք ապրիր. շրջապատուած ենք անբարեացակամ, անտարբեր, քարացած սիրտերով։ Մեր շուրջ
արդարութենէ՜, իրաւունքէ՜, խաղաղութենէ՜, մարդկայնական նուիրական իմացումներէ ճառող
ժողովուրդներ եւ ղեկավարութիւններ կան, սակայն փորձառապէս գիտակ ենք որ եղածը փրփո՜ւր է
միայն,- ու կ՛ամհետի։ Մեր շուքին կը հետեւին մանաւանդ ցեղասպանները, անո՛նք որ մեզմէ
անհամեմատօրէն աւելի նպաստաւոր պայմաններ եւ տուեալներ ունին՝ մեծերու թէ փոքրերու
աջակցութիւնը ապահովելու. ոյժ են, պետութիւն ունին, կրնան քաղաքական փոխադարձ շահերու
անունով խօսիլ, իրենց ձայնը աւելի ազդու դարձնելու համար միջազգային ատեաններու մէջ։
Այս բոլորը կը հարկադրեն, որ Հայութիւնը, իր ներքին փոխադարձ անհասկացողութիւնները
հարթելէ եւ գործակցական ոգին ամրացնելէ ետք, մտածէ արտաքին եւ յարաբերական ճակատներու վրայ շատ
աւելի ներգործօն նախաձեռնութիւններու մասին։
Սկսա՜ծ է մտածել, արդէն։ Հետզհետէ կը ձգտի պատշաճիլ ժամանակին ու պայմաններուն։ Զինք կը
վարեն ոչ միայն իտէալները՝ այլե՛ւ իրականութիւննե՛րը։ Կը հաւատայ ո՛չ միայն գաղափարին,
այլեւ ուժի՛ն։ Փոխանցման շրջան մը կ՛ապրինք, որովհետեւ երիտասարդութիւնը որեւէ ատենէ
աւելի գործօն դառնալու տենդէն մտրակուած է։
Հո՛ս, երիտասարդութեան մարզին մէջ եւս, յատկապէս Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ
պատասխանատուութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի։
Կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ՝ երբ հայ պատանի եւ երիտասարդ սերունդներու մօտ յեղափոխական
ոգին արտայայտութիւն կ՛ուզէ գտնել «դատ» ունեցող այլ ժողովուրդներու օրինակով։
Հասկանալի՜ է նմանողութեան հոսանքը։ Եռացող ամէն արիւն՝ ձեւ ու տեղ կը փնտռէ
պոռթկալու…
Մեր պահանջները ու մեր պայքարի ազգային էութիւնը կը պահանջեն սակայն՝ որ գիտակցինք
ամէն րոպէ թէ տարասփիւռ հայ իրականութեան մէջ տեղ պէտք չէ գտնեն ընկերային խորթ
հոսանքներ, յանո՜ւն «միջազգայնութեան» տարփողուած գաղափարներ, որոնք կրնան լպրծուն
զառիթափերու հասցնելու մեզ։ – Մարքսեանները, սովետական ըլլան անոնք թէ չինական,
«ընկերվարութեան» անունով խօսին թէ «ազատագրական պայքար»-ի, քիչ մը ամէն տեղ են՝ ուռկան
բանալու կամ որսալու համար։ Չընե՜նք այնպէս մը, որ երէկուան ծայրայեղ
պահպանողականութեան եւ քարացած մտայնութիւններու տեղ՝ այս անգամ անսանձ եւ անհակակշիռ
հակադիր ծայրայեղութիւններ տեղ գտնեն։
Դաշնակցութեան գաղափարական դաստիարակութիւնը ամէն ատենէ աւելի էական նշանակութիւն ունի,
հայ երիտասարդութիւնը մայրենի հարազատ գրկին մէջ պահելու եւ իր յեղափոխական հրայրքը
անխաթար դարձնելու համար։ – Խոր ու գիտական ճ՛անաչումը ունենալ Հայ Դատի էութեան,
հոլովոյթին. առարկայական ոգիով ըմբռնել հայրենիքի եւ արտասահմանի պայմանները.
իրատեսօրէն կշռադատել մեր ոյժերը. յստակ ծրագիր ունենալ գործունէութեան՝
ներդաշնակութիւնը պայման նկատելով մեր ազգային-ընկերային համոզումներուն,
հայրենական եւ սփիւռքեան կարելիութեանց, ինչպէս նաեւ գաղափարական համոզումներուն ու
գործի եղանակներուն միջեւ։
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, Ամերիկայի արեւելեան շրջանի իր 84-երորդ պատգամաւորական ժողովին
մէջ կոչուած է առաջնորդուելու նո՛յնքան կենսական այլ մտահոգութիւններէ եւ նպատակներէ։
Չկայ որեւէ մարզ հայ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ՝ ուր մեր կուսակցութիւնները դեր
կատարելու կոչուած չըլլան։ Հայութեան ծառայելու կոչուած հաւաքական որեւէ ոյժ,
յանձնառութիւնը ունի հայրենական թէ սփիւռքեան իրականութիւններու հետեւելու,
ժողովուրդի բազկերակը մշտապէս պահելու իր ափին մէջ եւ առաջնորդելու առողջ ու ապահով այն
եզրակացութիւններէն՝ որոնց կը յանգին իրենց բարձրագոյն ժողովները։
Կրթական եւ մշակութային դաշտերէ մինչեւ հանրային կեանք եւ քաղաքական դատ՝ Դաշնակցութիւնը
ուղղութիւն ու թելադրանք կը ստանայ Հայութեան պատմութենէն, հայ ժողովուրդի
ընդհանրական ձգտումներէն եւ իրաւունքներէն, ազգային գերագոյն շահերէն, գոյատեւումի
հայապահպանման պայքարէն, հայրենի եւ սփիւռքեան իրականութիւններու պայմաններէն, բայց
մանաւանդ իրագործելի վախճանական նպատակէն. «միացեալ հայրենիք, միացեալ հայութիւն»։ Եւ
որովհետեւ առանձին չենք ապրիր՝ որեւէ ատենէ աւելի այսօ՛ր կը զգայ հրամայական
անհրաժեշտութիւնը յարաբերական ճակատներու վրայ աւելի ազդու գործունէութեանց լծուելու.
իբրեւ իրաւատէր ժողովուրդի իր ներկայութիւնը զգացնելու, պայքարի իր վճռականութեան
մասին կասկած չձգելու միտքերու մէջ։
Ոչ ոքի համար գաղտնիք չէ որ երէցներու, նորերու թէ նորագոյններու նկատելի զանգուած մը
այսօր անտարբեր կը մնայ հանդէպ քաղաքական մեր դատին,- կ՛ընդգծե՛նք՝ Թուրքիոյ կողմէ
յափշտակուած հայապատկան հողերը բուն տիրոջ վերադարձնելու ի խնդիր իրագործուած ճիգերուն։
Այս անտարբերութեան մէջ մեծ դեր ունին «ազգային մթնոլորտ»-ի մշտախռով վիճակը,
արիւնակիցներէ շատերու յուսահատութիւնը՝ ի տես մեծերու թէ փոքրերու ուրացումներուն,
նաե՛ւ ու մանաւանդ շատերու անգիտութիւնը։
Արդ, երբ թշնամին ամէն ատենէ աւելի կը փորձէ դիմել անուղիղ միջոցներու եւ անպարկեշտ
ընթացքներու՝ որպէսզի ձեռնթափութեան մատնէ մեզ, Դաշնակցութիւնը հարկ կը զգայ
յաւելեալ թափով հակազդելու կրաւորականութեան եւ ճակատագրակրապաշտութեան։
Ծառայութեան այս ճամբուն վրայ, իր միակ անսպառ դրամագլուխը հայ ժողովուրդն է։
Գործունէութեան ճակատներու վրայ իր ամենէն ապահով կռուանը՝ ազգային գիտակցութիւնն է։
Վերանորոգ կազմակերպական ոյժի աղբիւր կը ճանչնայ գիտակից հայ երիտասարդութեան նուիրումի
յօժարակամութիւնը, երէցներու կողմէ անառիկ դարձուած պայքարի դիրքերուն վրայ։