ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
30 Յուլիս, 2024
haroutchekijian.wordpress.com
Փոքրիկ Հայաստանը, 1941-1945-ին, մի՛այն իր մէկ միլիոն 320 հազար, կենցաղային թշուառ բնակչութիւնով եւ Խորհրդային Միութեան հարաւի հեռաւոր ծայրամասէն՝ անոր պարգեւած է ամենափայլուն յաղթանակները, շնորհիւ մարտունակ, խիզախ ու հնարամիտ հայ զինուորներուն եւ հրամանատարական կազմին: Համաշխարհային Բ. պատերազմին մասնակցած են 147 հայ մարաջախտներ, զօրավարներ եւ ծովակալներ, եւ սփիւռքն ալ հաշուելով, շուրջ 600 հազար հայ զինուորներ, որոնցմէ, Հայաստանէն՝ 150 հազարը նահատակուեցաւ եւ 30 հազար հայաստանի քաղաքացիներ՝ սովի պատճառով մահացան, բնակչութեան 13,6 տոկոսը, մինչ, նոյն պատճառներով Ռուսիոյ աւելի նուազ՝ 12,7 տոկոսը (1):
Հայկական զօրաբաժինը Հայաստանէն շուրջ 1000 քմ. Հիւսիս արեւմուտք՝ Թաման թերակղզին կ՚ազատագրէ գերմանացիներէն եւ կը մկրտուի «Թամանեան զօրք» անունով եւ կը շարունակէ յաղթական երթը դէպի Պերլին:
Թաման թերակղզիին դէպի Ազովի ծով հսկող Քերչ՝ Կերչի նեղուցի ռազմավարական դիրքը:
Հաւանաբար ինծի պէս, ուրիշներ ալ թիւրիմացութեան մէջ են, կարծելով, որ խորհրդային բանակի 89-րդ, հայերէ կազմուած, զուտ հայկական հրաձգային Թամանեան զօրաբաժինը, ատոր անունին նմանող, հայկական մականունով, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի մականունին եւ անոր տոհմին հետ առնչուած է… Սակայն այդպէս չէ: Հայկական ըլլալով հանդերձ, զուգադիպութեամբ մը, այդ անունը սերած եւ Խրիմի մօտ՝ Ազովի ծովը Սեւ ծովէն բաժնող Թաման թերակղզիի ազատագրումին հետ առնչուած է, “Թամանսքայա” (Таманская; Թամանեան) (2):
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթին մէջ, 16 մարտ 2021-ին, Նարինէ Խաչատրեան «Թամանեան զօրաբաժինի կազմաւորումը եւ մարտական ուղին» խորագիրով պատմական յօդուածէն պարբերութիւններ կը ներկայացնեմ ստորեւ, աւելցնելով այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ (3):
«89-րդ հայկական հրաձգային զօրաբաժինը կազմուեցաւ 1941-ի վերջին: Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ օժտուեցաւ սպայական եւ շարքային լաւագոյն անդամներով: Անձնակազմին 99 տոկոսը հայեր էին: …Առաջին հրամանատար նշանակուեցաւ գնդապետ Սիմոն Զաքեանը, որ շուտով փոխադրուեցաւ Խրիմի ռազմաճակատ եւ նշանակուեցաւ եօթը հայկական նորաստեղծ զօրաբաժիններէն թիւ 390-ին հրամանատարը: Անոր փոխարէն, 89-րդ զօրաբաժինի հրամանատար նշանակուեցաւ փոխգնդապետ Անդրանիկ Սարգսեանը, Փետրուար 1943-ին:
«…Կովկասեան նախալեռներուն մէջ 89-րդ զօրաբաժինը ստացաւ իր առաջին մարտական մկրտութիւնը: Անոր բոլոր զօրամասերը ցոյց տուին, որ լիովին մարտունակ են եւ կրնան իրագործել ռազմական դժուարին խնդիրներ: … Հոկտեմբեր 9-ին, ռազմաճակատի զօրքերը Թամանեան թերակղզին ամբողջապէս ազատագրեցին: Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարութեան հրամանով «Թամանեան» կոչման արժանացաւ 89-րդ հայկական զօրաբաժինը, այժմ՝ Նուէր Սաֆարեանի հրամանատարութեամբ: Այս մարտերուն ցուցաբերած քաջագործութիւններուն համար 4099 հայ զինուոր պարգեւատրուեցաւ Խորհրդային Միութեան շքանշաններով ու մետալներով:
Վանի Արճէշ գաւառ ծնած զօրավար Նուէր Սաֆարեան:
Պերլինի ամրոցը՝ Համպոլդ Հայնի կանգուն մնացած աշտարակներէն մէկը:
«…Կոտրելով հակառակորդի կատաղի դիմադրութիւնը՝ մեր զօրամասերը կը յառաջանային: Թամանեան զօրամասին հրահանգուած էր գրաւել Ֆրանքֆըրթ քաղաքը: Ապրիլի 23-ին՝ շուրջ շաբաթ մը կատաղի մարտերէ ետք, Ֆրանքֆըրթը կը գրաւեն: Ապրիլ 24-ին հրաման կը ստանայ ուղղուիլ դէպի Պերլին: Արեւմտեան Հայաստանի Վան նահանգի Արճէշ գաւառին մէջ 1907-ին ծնած եւ թուրքերուն կողմէ իր հօրը հրկիզումը տեսած ու որբացած, զօրավար Նուէր Սաֆարեանին համար յատուկ նշանակութիւն ունէր Ապրիլ 24 օրը, արդ՝ իր զինուորներուն կ՛ըսէ «Մեզմէ շատերը Արեւմտեան Հայաստանէն որբեր են, մեզի համար Պերլինի գրաւումը նոյն նշանակութիւնը պէտք է ունենայ, ինչ որ ունի Կարսը, Կարին-Էրզրումը, Վանը, Մուշը ազատագրելը, քանի որ Գերմանիան ցեղասպան Թուրքիոյ պաշտպան՝ դաշնակիցն էր»:
Կարմիր բանակի բազմաթիւ զօրաբաժիններէն ան միակ ազգային՝ հայկական զօրամասն էր, որ յարձակեցաւ Պերլինի վրայ: Յատուկ հրաման ստացած էր՝ կոտրել Համպոլդ Հայնի Humboldt Hein, կեդրոնական Պերլինի մէջ հաստատուած նորակառոյց, հսկայական՝ մինչեւ 3.5 մեթր պեթոնէ հաստ պատերով եւ շուրջ 100 մեթր բարձրութեամբ ուժեղացուած գերմանական բերդ-կայազօրի դիմադրութիւնը (4)։ Բերդը 10-էն 30 հազար ժողովուրդի ապաստան կրնար տրամադրել, եւ ունէր իր հիւանդանոցը: Թամանեանի սաստիկ ռմբակոծումներուն եւ հիմերուն դրուած 1000 քկ. պայթուցիկէն թէեւ չկործանեցաւ ամրոցը, սակայն կայազօրը չդիմացաւ ու անձնատուր եղաւ, իսկ զօրամասը պարգեւատրուեցաւ 2-րդ աստիճանի Կուտուզովի շքանշանով։ Ո՞վ առաջին անգամ Սաֆարյանին «Յաղթանակի զօրավար» կոչած է յայտնի չէ, սակայն իր հրամանատարութեամբ է որ Գերմանիա թափանցած են ու մայրաքաղաք Պերլինը գրաւած եւ իր գլխաւորութեամբ՝ տհոլ զուռնայով քոչարի պարած Ռայխսթակի՝ խորհրդարանին առջեւ, տեսանիւթը՝ այստեղ (5):
«Այսպիսին էր հռչակաւոր Թամանեան 89-րդ զօրաբաժինին անցած մարտական ուղին: 8 օգոստոս 1942 -էն մինչեւ 9 մայիս 1945 զօրամասը կտրեց 7250 քմ., որուն 3640-ը՝ յամառ մարտերով: Այդ ընթացքին ազատագրեց աւելի քան 900 բնակավայր եւ 30 քաղաք նաեւ, Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ կարեւոր շրջանները: Մարտական գործողութիւններու ամբողջ ընթացքին իր 12 հազար մարտիկներն ու սպաները պարգեւատրուեցան մարտական շքանշաններով ու մետալներով: Անոնցմէ ինն արժանացան Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչումին, իսկ ութն դարձան Փառքի շքանշանի բոլոր աստիճաններու լրիւ ասպետներ:
«Սաֆարեանի հրամանատարութեան տակ կռուած զինուորները իրեն կը յիշեն իբրեւ հայր, եղբայր եւ պաղարիւն հրամանատար, որ ոչ մէկ իրավիճակի մէջ կը շուարէր: Մի՛այն ամենադժուար եւ վտանգաւոր պահերուն լարուած վիճակ կը ստանար եւ հրամանները հայերէնով կու տար (այլ աղբիւրներ՝ մի՛շտ հայերէնով կը հրամայէր*):
«Պատերազմի աւարտին, Սաֆարեանը հրահանգած է իր մարտիկներուն եղջերու մը որսալ եւ իբրեւ յաղթանակի նշան՝ եղջիւրները փակցնել զիրենք Հայաստան փոխադրող գնացքին վրայ։ «Մենք փառքով աւարտեցինք պատերազմը, փառքով ալ պէտք է մտնենք Հայաստան», ըսած է ան։ Զօրավար Նուէր Սաֆարեանը 1982-ին Երեւանի մէջ մահացած է (6):
Ըստ այսպէս կոչուած կարգ մը «պատմաբաններու» եւ յօդուածագիրներու՝ որոնք ռուսական կամ արեւմտեան անուններ կը կրեն, համացանցին մէջ անգլերէնով հրատարակուած Թաման թերակղզիին, ապա անոր դիմաց Քերչի ու Խրիմի գերմանական գրաւումէն ազատագրման մասին եւ Պերլինը գրաւելուն մասին, համացանցային անոնց շարք մը գրութիւններուն մէջ, ո՛չ 89-րդ հրաձգային զօրաբաժինը նշուած է, ո՛չ ալ «հայ» կամ «հայկական» որեւէ տեսակի մասնակցութեան մասին, նաեւ՝ Պերլինը առաջին մտնողին հայերէ կազմուած բանակ ըլլալը… Շատ սովորական դարձած եւ հետեւողական կերպով, հայութեան հետ առնչուող որեւէ դրական եղելութեան անտեսում եւ պատմութեան խեղաթիւրում է այս: Ինչո՞ւ: Թուենք քանի մը պատճառներ.
Թամանեան զօրաբաժինը կը տողանցէ իր գրաւած Պերլինի մէջ, զայն խորհրդանշող Պրանտենպուրկ դարպասէն անցնելով:
Բ. Աշխարհամարտի յաղթանակի 50-րդ տարեդարձին՝ 1945-1995 առթիւ Հայաստանի դրոշմաթուղթ, զօրավարներ Անդրանիկ Սարգսեանի եւ Նուէր Սաֆարեանի նկարներով, նաեւ Երեւանէն Պերլին՝ 9 գլխաւոր վայրերու նուաճումներու ուղին ներկայացնող՝ կարմիր ուրուագիծով:
- Մեր թշնամիները իրե՛նք ի շահ իրե՛նց կը կեղծեն պատմութիւնը, մանաւա՛նդ իրենց հակակշիռին տակ գտնուող մեր գրաւեալ հողերուն եւ պեղումներուն պարագային, «Հայ եւ Հայկական»-ը փոխարինելով «անծանօթ ծագում»-ով:
- Պատուէրով «պատմութիւն» գրող վարձկան «պատմաբաններ», «դոկտորներ», որոնք դրամով ու զանազան ձեւի կաշառքներով պատմութիւն կը կեղծեն:
- Շատ մը ո՛չ նշանաւոր համալսարաններու թուրք դասախօսներով պատմութեան կաճառներուն անընդունելի՝ ամօթալի՛ հակահայ քաղաքականացումը:
- Հայոց պատմութեան անտէր թուացող կարգավիճակը, որ կը դրսեւորուի անպատասխան ձգելով յանցաւորները, որոնք ազատօրէն կը կեղծեն պատմութիւնը՝ առանց գիտական համապատասխան «ապտակներ» ստանալու եւ հրապարակային կերպով վարկաբեկուելու ու հեղինակազրկուելու:
- Եունեսքօյի նման միջազգային հսկիչ կառոյցներու փտած, անտարբեր ու քաղաքականացուած, անօգուտ եւ ամուլ վիճակը:
Կարժէ նշել սակայն, որ պէտք է բազմապատկուին փրոֆ. Էդիկ Մինասեանի օրինակելի՛ «Հայկական 89-րդ թամանեան եռակի շքանշանակիր դիվիզիայի պատմութեան նենգափոխման ատրպէյճանական փորձերը» խորագիրով, Օլեկ Քուզնեցովի սուտերը բացայայտող իր 16 էջ անգլերէն յօդուածը (7) եւ անոր նմանները:
Բարեբախտաբար, նոյնի՛սկ միւս թշնամին՝ Խորհրդային Միութեան գլխաւոր ապագայ հակառակորդը, Ամերիկայի հետախուզութիւնը՝ Սի․ Այ․ Էյ․-ը (CIA), շիտակ կերպով կը վկայէ 89-րդ Թամանեան հրաձգային զօրաբաժինին սխրանքներուն մասին (8), 31 դեկտեմբեր 1946-ին գրուած եւ 8 սեպտեմբեր 1999-ին գաղտնազերծուած 5 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթին մէջ, այսպէս.
Խրիմի մայրաքաղաք Սեւասթոփոլէն Պալաքլաւա պողոտայի 10րդ քմ.-ին,1961-ին կանգնեցուած Սեւասթոփոլը ազատագրած Թամանեան հայ զօրքի շուրջ 250 նահատակներուն հաւաքական գերեզմանին 10 մեթր բարձր յուշակոթողը (9):
Կոթողին ետեւի հայերէն գրութիւնը, ռուսերէնը՝ «գողցուած» է եղեր, իբրեւ պղինձ:
«1. 89-րդ Թամանեան հրաձգային զօրաբաժինը, որ հայերէ կազմուած է, Կովկասի նախալեռներէն սկսելով, իր ճամբուն վրայ պատերազմելով՝ Մալկոպէքէն (Ինկուշեթիա*) եւ Մոստոքէն (Օսեթիա*) մինչեւ Թաման, Քերչ, Սեւասթոփոլ (Խրիմ*), Լեհաստան, Պերլին եւ Էլպա (գետը*) հասաւ»:
«2. Ստալինի կողմէ 9 անգամ վկայակոչուած է, իր հռչակաւոր պատերազմի ծառայութեան համար, զօրավար (major general) (Նուէր*) Սաֆարեանի հրամանատարութեան տակ: Անոր շնորհուած է «Թամանեան» տիտղոսը, Թաման թերակղզիին ազատագրումին մասնակցութեան համար, ապա «Կարմիր աստղ» մետալը՝ Սեւասթոփոլը ազատագրելուն համար, եւ Քութուսով կարգը Պերլինը գրաւելուն համար (for the capture of Berlin):
- Մարտ եւ ապրիլ 1945-ին զօրաբաժինը Ֆրանքֆըրթէն 2 քմ հարաւ՝ Օտեր գետին շուրջ առաջին Ճերմակ ռուս (հակահամայնավար «ցարական» ռուսական ջոկատ*) ճակատը պարտութեան կը մատնէ: Ապրիլ 22-23-ի գիշերը Ֆրանքֆըրթը կը գրաւէ: 24 ապրիլ 1945-ին՝ կ՚ուղղուի դէպի Պերլին:
- Զօրաբաժինը 30 ապրիլ 1945-ին կը մտնէ Պերլինի Համպոլտթ Հէյն հանրային պարտէզը: Զօրաբաժինը մաս կազմեց զօրավար Քուզնեցովի գլխաւորած բանակին, որ 2 մայիս 1945-ին դէպի Էլպա յառաջացաւ, միանալու առաջին ամերիկեան բանակին:
- Պերլինը գրաւող ջոկատները հետեւեալ հայ զօրավարներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ. Ա. (Համազասպ*) Պապաջանեան, Ի. (Իսահակ*) Գասպարեան, Ս. (Սերկէյ*) Կարապետեան եւ ուրիշներ:
Ապա «ծանօթ» բաժինով՝ ա., բ., գ. կը ներկայացնէ երեք զօրաբաժինի զօրավարները՝ Նուէր Սաֆարեանը, Իսահակ Գասպարեանը եւ Սերգէյ Կարապետեանը իրենց պաշտօններով, ստացած մետալներով եւ թուականներով»:
Տես նաեւ, միայն մէկ միլիոն 350 հազար բնակիչ ունեցող Հայաստանի «Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած հայ գեներալներ եւ ծովակալներ»-ը (10):
Կարժէ նշել, որ Թամանեանին նման, 1944-ին ստեղծուած էր զուտ հայկական Սասունցի Դաւիթ հրասայլային 119-րդ շարասիւնը, որ տնտեսուած էր Էջմիածնի կաթողիկոսութեան կողմէ, շնորհիւ Գէորգ Չէօրէքճեան կաթողիկոսի կոչին, սփիւռքահայերու նուիրատուութիւններով՝ 21 հատ T34/85 հրասայլ գնուած: Այս մասին՝ յաջորդիւ:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները՝ հեղինակին:
2. https://en.wikipedia.org/wiki/89th_Rifle_Division
- http://www.hayzinvor.am/84490.html
- https://en.wikipedia.org/wiki/Flak_tower
- https://www.youtube.com/watch?v=WN-j62erDkc
- https://www.1lurer.am/hy/2016/05/09/Փառքով-ավարտեցինք-պատերազմը-փառքով-էլ-մտանք-Հայաստան․-Գեներալ-Նվեր-Սաֆարյան/30919
- https://journals.ysu.am/index.php/hist-cult/article/download/8139/7710/17537
- https://www.cia.gov/readingroom/docs/CIA-RDP82-00457R000100770010-9.pdf
- http://www.sevmonument.ru/readarticle.php?article_id=132
- https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայրենական_մեծ_պատերազմին_մասնակցած_հայ_գեներալներ_և_ծովակալներ