13 Յուլիսին ընթացք առաւ «Համազգային»-ի ուսանողական Մշակութային Հաւաքը (Ֆորում), Երեւանի մէջ:
13-էն 24 Յուլիսին Ֆորումին պիտի մասնակցին զանազան երկիրներէ (Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա եւ այլ) քսան ուսանող-երիտասարդներ, որոնք այդ ընթացքին պիտի ծանօթանան Հայաստանի պատմամշակութային արժէքներուն եւ առնչութիւն ունենան իրենց տարեկից հայ երիտասարդներու հետ: Ֆորում 2024-ի 20 ուսանող-երիտասարդներէն ոմանք ներկայ պիտի ըլլան իբրեւ մրցանակակիրներ:
Տարիներու սովորութեան համաձայն «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան հասատատած Համազգայինի երեք Ճեմարաններու «Հայերէնի լաւագոյն նիշ ապահոված աշակերտ»-ի մրցանակին արժանացած են՝
Սեւակ Զարմէնեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Լիբանան), Վարդենի Դաւիթեան («Համազգային»-ի Ճեմարան – Մարսէյ) եւ Վանի Համամճեան (Ա. եւ Ս. Գոլստըն Ճեմարան – Աւստրալիա):
2023-ին, իրենց ընկերոջ յիշատակը վառ պահելու նպատակով խումբ մը երիտասարդներ հաստատեցին Արցախեան պատերազմի նահատակ «Գէորգ Հաճեան» մրցանակը, որ կը շնորհուի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական դասարանի հայերէնի բարձրագոյն միջինը ապահոված աշակերտին: Այս տարուան մրցանակակիրն է Ալեքսանտր Սէրմանուկեան: Իսկ այս տարի, «Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակի հովանաւորութեամբ հաստատուեցաւ նախկին ֆորումական, Արցախեան պատերազմի նահատակ Արտակ Իշխանեանի յիշատակին «Արտակ Իշխանեան մրցանակ»-ը, որուն նպատակն է քաջալերել արցախցի երիտասարդ տաղանդները մասնակցելու ֆորումին: «Արտակ Իշխանեան մրցանակ»-ի մրցանակակիրն է Արմէն Միքայէլեան: