Պատրաստութեան Ամառ, Թէժ Աշունի Համար

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Սրբազան պայքար»-ի գլխաւոր մասնակիցները կը շարունակեն մարզային այցելութիւնները: Մարզերու մէջ, ինչպէս վերջերս Արագածոտնի մարզին մէջ, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան եւ ընկերակիցներ հանդիպումներ կ՛ունենան գիւղերու եւ աւաններու բնակիչներուն հետ եւ կը բացատրեն շարժումին դրդապատճառները: Նպատակ ճշդուած է վերազարթեցնել հայ մարդոց ազգային ապրումները եւ անոնց ենթագիտակցութեան խորքը ծուարած արժանապատիւ հայու տիպարը վերակերտել: Ասիկա երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանք պահանջող գործ է: Ցարդ այցելութիւն կատարուած է տասը մարզերէն միայն երեքին. կը նշանակէ, որ ամէն շաբաթ մարզ մը որդեգրելով, գրեթէ երկու ամիս տեւողութեամբ իրազեկման արշաւներ կատարելու հնարաւորութիւն կայ:

Երբ իրազեկման աշխատանքը արդիւնաւորուի, «Սրբազան պայքար»-ը դուրս եկած կ՛ըլլայ մասամբ տաւուշեան, սակայն առաւելաբար երեւանեան իր պարունակէն եւ կը վերածուի համահայաստանեանի: Աշնան, նախապատրաստական աշխատանքը աւարտելէ ետք, հանրային ու քաղաքական կեանքի աշխուժացման զուգահեռ` նոր թափով կը վերսկսի:

Շատ բան փոխուած է արդէն հայ մարդոց գիտակցութեան մէջ: Սահմանադրութեան փոփոխութեան ալիեւեան պահանջը Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ դրական արձագանգի ենթարկուած էր: Ատրպէյճան կ՛ուզէ, որ Սահմանադրութենէն դուրս գան Արցախի Հայաստանի հետ միաւորման եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող նշումները, Ատրպէյճան այս սրբագրութեամբ կը պայմանաւորէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը: Բայց ահա, հարցախոյզ մը Երեւան կը հանէ, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն 80 առ հարիւրը դէմ է սահմանադրական փոփոխութեան: Ուրեմն, այդքան շեփորուած եւ շուտով կատարելի պայմանագիրի ստորագրումը պիտի խափանուի, կամ առնուազն յետաձգուի ցնոր տնօրինութիւն:

Ռուսիոյ դէմ պայքարը կը շարունակուի. Հայաստան դուրս չի գար զինք Ռուսիոյ հետ կապող բազմաթիւ պայմանաւորումներէն, սակայն խռովկան պատանիի մը նման չի մասնակցիր ժողովներուն ու միջոցառումներուն: Արեւմուտքը կը շարունակէ գովաբանել Հայաստանի իրականացուցած ու իրականացուող «ժողովրդավարական» փոփոխութիւնները, չտեսնել ձեւացնելով քաղաքական պատճառներով հետապնդումները եւ ոստիկանական բռնութիւնները: Արեւմուտքը պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով: Ազրպէյճան քաղաքավարօրէն կը մերժէ ամէն օժանդակութիւն եւ կը շարունակէ յաղթողի յոխորտանքով իր ճնշումի ու սպառնալիքի քաղաքականութիւնը: Ատրպէյճան ամէն առիթ կ՛օգտագործէ Արցախի գրաւումը օրինական ու անսակարկելի դարձնելու համար: Օտար հիւրեր կ՛այցելեն Ղարաբաղ ու յատկապէս Շուշի: Շուշիի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թրքական երկիրներու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական գագաթաժողովը: Ներկայ էին, Ատրպէյճանի նախագահի կողքին, Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի, Հիւսիսային Կիպրոսի նախագահները, Թուրքիոյ փոխնախագահը, կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը եւ… Եւրոպական Միութեան անդամ Հունգարիոյ նախագահը` Վիքթոր Օրպան: Գագաթաժողովը ընդունած է «Ղարաբաղեան հռչակագիր» մը, ուր կը խօսուի կայուն ապագայի մը կառուցման մասին փոխադրութեան, կապի եւ կլիմայական գործողութիւններու միջոցով: Հռչակագիրը կը խօսի նաեւ թրքական պետութիւններու դերին մասին պատմութեան ընթացքին… համաշխարհային քաղաքականութեան` տնտեսութեան եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման գործին մէջ: Կ՛իմանանք այսպէս, որ թրքական պետութիւնները քաղաքակրթական արժէքներ ստեղծած են: Շուշին այդ արժէքներու ստեղծման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է:

Հայաստանի իշխանութիւնները լուռ են. չեն ուզեր որեւէ գանգատով կամ մեկնաբանութեամբ բարկացնել Ատրպէյճանը: Մէկ կողմէ ժողովրդավարութիւնը կ՛ամրացնեն, միւս կողմէ` խաղաղութեան դարաշրջան կը բանան: Կը փափաքին, որ ստեղծման գրեթէ վերջնագիծին հասած «իրական» Հայաստանի մէջ, քաղաքացիները երջանիկ կեանք մը ունենան նման այն երջանկութեան, զոր կը վայելէին ժամանակին խորհրդային Հայաստանի բնակիչները: Քիչ կը մնայ ըսել, որ ճշմարիտ ազատութիւնը, անկախութիւնը, միշտ հոլովուած ինքնիշխանութիւնը կրնան իրականանալ թուրք-ազրպէյճանական հովանաւորութեան տակ:

Իշխանութեան փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ, ատիկա անհրաժեշտ է վարուող քաղաքականութենէն շեղելու ու հայ մարդոց ու ազգին արժանապատուութիւնը վերականգնելու համար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles