ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Չորեքշաբթի, Յուլիս 10-ին, տեղի ունեցաւ Ա․Մ․Ն․ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Պատուիրակութիւնները Ուաշինկթըն ժամանած էին ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան։
Մետասաներորդ պահուն կարելի եղաւ կազմակերպել այս եռակողմ հանդիպումը։