Սամանթա Փաուըր Այցելեց Երեւան

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

Յուլիս 8-11-ին, Երեւան այցելեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր:

Փաուըր հանդիպումներ ունեցաւ պետական պաշտօնեաներու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ գործարար ոլորտի առաջնորդներու հետ:

Հայաստանեան առաքելութիւնը աւելի կանուխ հաղորդած էր, որ ան Երեւան կու գայ` հաստատելու Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու խորացող գործընկերութիւնը, ընդգծելու Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին եւ յառաջ մղելու Հայաստանի դիմակայունութիւնը բարձրացնելու ջանքերը:

«Էքս»ի իր էջին վրայ Փաուըր գրած է, որ մեծ պատիւ է երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան այցելելը:

«Նոր վայրէջք կատարեցի Երեւան: Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ընդարձակուող գործընկերութեան այս նշանակալի պահուն, ինծի համար մեծ պատիւ է վերադառնալ Հայաստան: Վերջին տարուան ընթացքին ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է», տեղեկացուց ան՝ յայտնելով, որ կ՛ակնկալէ այցելութեան ընթացքին ուսումնասիրել համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնը:

Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած «Taste of Artsakh» ուտելիքի կեդրոն այցելելով, ան ժենգեալով հաց պատրաստեց արցախցի կիներու հետ։

Կեդրոնը, որ ստեղծուած է 44 օրեայ պատերազմէն ետք, 12 տեսակի ժանգեալով հաց կը պատրաստէ։

Արցախցի կիներ անոր ծանօթացուցին ժենգեալով հացի պատրաստութեան ձեւը եւ բացատրեցին, որ միջուկը կը պատրաստուի 13 տեսակի բանջարեղէնէ, ինչ որ զարմացուց Փաուըրը: Ապա ան անձամբ պատրաստեց Արցախի աւանդական ժենգեալով հացը:

«Taste of Artsakh»-ի հիմնադիր տնօրէն Միհրան Պաղտասարեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին տեղեկոցուց, թէ ընկերութեան աւելի քան տաս աշխատակիցները Լեռնային Արցախէն տեղահանուած անձեր են:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութեան եւ համագործակցութեան համար, որ սկսած է նախորդ տարուան Հոկտեմբերին: Ըստ Պաղտասարեանի՝ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ընկերութեան յառաջընթացին համար մեծ արդիւնք տուած է, թոյլ տուած է նաեւ աւելցնելու աշխատատեղերը:

Փաուըր ժենգեալով հաց պատրաստելէ ետք, հանդիպում ունեցաւ եւ զրուցեց Արցախէն տեղահանուած անձերու հետ։

1992 թուականէն ի վեր` Միացեալ Նահանգներ մօտ 3,3 միլիառ տոլարի չափով ներդրումներ կատարած են Հայաստանի մէջ` ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, տնտեսական աճին եւ դիմակայունութեան աջակցելու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles