Արցախի Առաջնորդին Հադիպումը Տեղահանուածներուն Հետ

0 0
Read Time:3 Minute, 7 Second

Յունիս 19-ին տեղի ունեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս, Աբրահամեանի արցախահայութեան հետ հերթական հանդիպումը Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Հանդիպումի ընթացքին խօսք առին նաեւ Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան:

Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ հանդիպումին մեկնարկը տրուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Վրթանէս սրբազանը իր օրհնանքի եւ գօտեպնդման խօսքերը ուղղեց ներկաներուն` յորդորելով ըլլալ միասնական եւ անկոտրում:

Ան դիտել տուաւ, որ արցախցիները պէտք է կարենան իրենց վերադարձի հարցը լսելի դարձնել խուլ ականջներուն: «Վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ, Արցախի թեմը չլուծարուեցաւ, այլ ընդհակառակն, նոր ձեւաչափով իր ծառայութիւնը կը մատուցէ արցախահայութեան` մեր վերադարձի, պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, նաեւ ընկերային հարցերու շուրջ: Համապատասխան միջազգային կառոյցներուն դիմելով` մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման, անոր իրաւունքներու հարցերը իրաւական դաշտ բերելու ուղղութեամբ, որքան կրնանք եւ որքան կարելիութիւն ունինք, այդ բոլորը պէտք է օգտագործենք», ըսաւ Սրբազանը:

Ան արցախցիներուն կոչ ուղղեց` չարտագաղթելու Հայաստանէն, որքան ալ շատ ըլլան ընկերային հարցերը: «Որպէսզի մենք մնայուն մեր սրտին մէջ ունենանք Արցախը եւ ունենանք վերադարձի յոյսը, պէտք է ըլլանք իրարու քով, համախմբուած: Եւ այդ համախմբուածութիւնը կը ներկայացնէ բաւականաչափ ուժ: Եթէ ցրուած ըլլաք, տարբեր վայրերու մէջ գտնուիք, կրաւորական դիրք բռնէք, անտարբեր ըլլաք եւ զբաղիք միայն ձեր անձնական հարցերով, Արցախի հարցը դուրս կը մնայ: Ես չեմ ըսեր` վաղը բոլորով եկէք հանրահաւաքին, այլ ձեր մտածումները, ցանկութիւնները, պահանջատիրութիւնը եթէ դնէք դատարանի ու դատաւորի առջեւ, եթէ կայ այդպիսի դատաւոր, ինքը կը տեսնէ ու կը հասկնայ, որ արդարացի լուծումն է միայն այն, որ դրուած է այդ թղթապանակին մէջ», շեշտեց Վրթանէս եպս, Աբրահամեան:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան շեշտեց, որ պէտք է ամէն ինչ կատարուի, որպէսզի Արցախի հարցը չփակուի, ան ըսաւ. «Մեզմէ կախեալ է, ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի նորէն վերադառնանք մեր արմատներուն»:

Ան շարունակեց` նշելով, թէ հիմնած են գրասենեակ մը, որ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ մասնաւորապէս Արցախի պատմական մշակութային ժառանգութեան հարցին: «Ճիշդ է, որ մեզ ցեղային զտման եւ բռնագաղթի ենթարկեցին, բայց մեր արմատները այնտեղ են` ի դէմս մեր եկեղեցիներուն, խաչքարերուն, մեր պատմական մշակութային ժառանգութեան: Մենք գրեթէ ամէն օր ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ կը տեսնենք Արցախի մէջ մեր յուշարձաններու ոչնչացման, պղծման դէպքեր: Եւ այս բոլորը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ, եթէ մենք ամէն օր չբարձրաձայնենք այդ հարցերը: Այս գրասենեակը այդ բոլորը համակարգելու միտում ունի: Մենք ամէն օր այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք, շաբաթ չկայ, երբ ես զեկոյց չեմ ուղարկեր այս կամ այն միջազգային կառոյցներուն, որոնք զբաղած են հակամարտութեան գօտիներու մէջ յուշարձաններու պահպանման հարցերով: Միւս կարեւոր ուղղութիւնը արտաքին քաղաքականութիւնն է», ըսաւ Յովհաննիսեան` աւելցնելով. «Այսօր միջազգային համախոհութիւն կայ, ոեւէ մէկը չի մերժեր, որ արցախցիները պէտք է վերադառնան, բայց` ինչպէ՞ս, ի՞նչ երաշխիքներով: Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները բազմաթիւ խոչընդոտներ կը յարուցեն Արցախի ընտրուած Ազգային ժողովի գործունէութեան համար, իսկ Արցախի թեմը փաստօրէն միակ օրինական մարմինն է: Ասկէ մեկնելով` ամէն ինչ պէտք է կեդրոնացնենք Արցախի թեմի շուրջ, որպէսզի կարողանանք մեր իրաւունքներուն մասին հարցադրումներ կատարել»:

Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ սփիւռքի մէջ գործող զանազան կառոյցներ դատական դիմումնագիրներ ներկայացուցած են Ազրպէյճանի դէմ: Օրինակ` դիմումնագիր ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան` Իլհամ Ալիեւը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: «Կրնաք ըսել` անկէ ի՞նչ օգուտ կայ, բայց երբ Պէյրութի մէջ հանդիպեցանք Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ, ան ըսաւ` հիմա ձեզի համար թուղթեր հաւաքելու ժամանակն է, միջազգային իրաւական փաստաթուղթեր պէտք է հաւաքէք: Եթէ դուռը փակ է ձեզի համար, պատուհանէն մտէք, բայց ամէն օր խօսեցէք այդ մասին, ամէն օր պայքարեցէք», եզրափակեց ան:

Հանդիպման աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ բարձրացնելու այն հարցերը, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին արցախահայերը այսօր Հայաստանի մէջ:

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան արցախահայութեան հետ հանդիպումներու օրակարգով այցելեց նաեւ Հայաստանի տարբեր թեմեր:

Սրբազան հայրը, թեմակալ առաջնորդներու ուղեկցութեամբ այցելեց Արմաւիրի թեմ` Արմաւիր եւ Մեծամօր, Գուգարաց թեմ` Վանաձոր, Շիրակի թեմ` Գիւմրի:

Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան, որ նոյնպէս իր խօսքը հնչեցուց այցելութեան նպատակին եւ հետագայ քայլերուն մասին: Այս շարունակական այցելութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի անդամները:

Հանդիպումներուն նպատակը նոյնն էր` համախմբել եւ սրտապնդել արցախահայութիւնը, տեղեկանալ վերջիններուս հարցերուն մասին եւ գտնել համապատասխան լուծումներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles