ԳլխաւորԼրահոս

ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի ունեցաւ  Մայիս 16-18-ին Սուրբ Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն) եկեղեցւոյ յարկէն ներս, հոգեւոր հովիւի եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ եւ կազմակերպութեամբ։ Մայիս 15-ին, տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համագումարը։

Հինգշաբթի, Մայիս 16-ի բացման նիստին, ժողովականները ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, ինչպէս եւ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առողջական պատճառներով բացակայ ըլլալով, իր խօսքը կարդաց առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, որ նաեւ ժողովին նախագահն էր։ Ողջոյնի խօսք արտասանեցին՝ յանուն էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի՝ Հոգշ. Տ. Արէն Վրդ. Ճէպէճեան (Տիթրոյթի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ), Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի՝ Սթիւ Մեսրոպեան, եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան՝ Սիրվարդ Թէլպէլեան։ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, ներկայացուց Ազգային Վարչութեան տեղեկագիրը, որ կ՚ընդգրկէր նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներու զեկոյցները։ Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Բարեշնորհ Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան եւ փաստաբան Մովսէս Շիրիգեան, իսկ ատենադպրութիւնը կատարեցին Էնտրիւ Ասատուրեան (անգլերէն) եւ Արեւիկ Գաբրիէլեան (հայերէն)։ Ժողովին զուգընթաց տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութեան  ընդհանուր ժողովը։ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեան, ներկայացուց անոր գործունէութեան ամփոփ պատկերը, իսկ փաստաբան Գառնիկ Քրքոնեան՝ Երուսաղէմի հայութեան ներկայ իրավիճակը։ Երեկոյեան, յատուկ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւեցաւ ընկերական ընթրիք մը։

Ուրբաթ, Մայիս 17-ին, Ազգային Վարչութեան տեղեկագրի մասին հարց ու պատասխանէն եւ անոր վաւերացումէն ետք, ժողովականները յանձնախումբերու բաժնուեցան, որոնք քննարկեցին կանոնագրային փոփոխութիւններ, Առաջնորդարանի պիւտճէի նախագիծը, ծուխերու անդամավճարներու վերանայումը եւ ռազմավարական ծրագրումի հարցեր։ Յետմիջօրէին, լիագումար նիստին ներկայացուեցան բանաձեւերու նախագիծերը։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթը:

Ժողովը եզրափակուեցաւ Շաբաթ, Մայիս 18-ին, բանաձեւերու քուէարկութեամբ եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամներու եւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի երեսփոխաններու ընտրութեամբ։

Նախապէս, Չորեքշաբթի, Մայիս  21-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութիւններու  վաւերացումը ստանալէ ետք, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան առցանց դրութեամբ, նախագահեց Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու առաջին գումարումներուն։

Կրօնական Ժողովը ատենապետ ընտրեց Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանը՝ Սուրբ Երրորդութիւն (Ուստըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ ատենապդիր՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանը՝ Սուրբ Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Կրօնական Ժողովի միւս անդամներն են՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվանիա) եկեղեցւոյ, Արժպ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Աստուածածին (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Լուսաւորիչ (Նիւ Եորք)Մայր Եկեղեցւոյ։

Ազգային Վարչութիւնը լման կազմով վերընտրեց դիւանը՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան (ատենապետ), Ռիչըրտ Քանարեան (փոխատենապետ), Թամար Քանարեան (ատենադպիր) եւ Ռաֆֆի Ուրլեան (գանձապահ)։ Խորհրդականներն են՝ Հուրի Տաղլեան, Ճոն Գըլընճեան, Արամ Յովակիմեան, դատաւոր Քրիսթա Յարութիւնեան եւ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան։

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ՝ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15-ի  միջօրէին, հովանաւորութեամբ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս Դանիէլեանի, եւ նախագահութեամբ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի, բացումը կատարուեցաւ Թեմիս հոգեւորականաց համագումարին՝ Սուրբ Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն) եկեղեցւոյ մէջ։ Բացման աղօթքէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հոգեւորականներուն, մաղթելով հեզասահ եւ արդիւնաբեր հաւաք։ Առաջնորդական փոխանորդի փափաքով աղօթք կատարուեցաւ Թեմիս Առաջնորդ Անուշաւան Սրբազանի առողջութեան եւ շուտափոյթ ապաքինման համար։ Այնուհետւ, տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն։ Ատենապետ ընտրուեցաւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, իսկ ատենադպիր՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։ Ատենապետ՝ Տ. Նարեկի առաջարկով, տեղի ունեցաւ հոգեւորական պատգամաւորներու ընտրութիւն։ Ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները. Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան եւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։

Օրուան դասախօս հրաւիրուած էր Ռընիա Քուայըր, որ խօսեցաւ «Ծաղկիլ՝ վերապրելու փոխարէն» (“Thriving vs. Surviving”) նիւթին շուրջ։ Երկու մասերէ բաղկացած դասախօսութիւնը առիթ եղաւ, որ ներկաները նոր գաղափարներով հարստացնեն իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ միտքերու փոխանակում կատարեն։

Դասախօսութենէն ետք, հովուական կեանքի փորձառութիւններու եւ հարցերու քննարում տեղի ունեցաւ հոգեւորականներու միջեւ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button