Գլխաւոր

ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԻ ԿԱՂԱՆԴԸ…ԵՐԲ ՊԱՏԱՆԻ ԷԻՆՔ

Հո՞ս:

Հոս ամէն բան տակնուվրայ է, Ծնունդն անգամ Նոր տարիէն առաջ կու գայ եւ Նոր տարին Ծնունդէն վերջ:

Ծառեր, լոյսեր, նուէրներ, Ծննդեան երգեր, մեղեդիներ:

Ու լոյս: Ծովերով լոյս:

Բայց անոնք չունին գիւղերու անկիւնը կորսուած եւ ձիւներու ծանրութեան տակ հեւացող մեր եկեղեցիներուն մէջ երգուած շարականներուն քաղցրութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը: Խունկի բուրումին ու մոմերու թաթաւուն լոյսին տակ խոր, անսահման հաւատքով ըսուած աղօթքներուն անկեղծութիւնը:

…Հոն, գիշերուան լուռ մէկ պահուն, Աստուած վար կ’իջնէր անշշուկ իր հօտին մէջ թափառելու եւ զայն օրհնելու համար…

Հո՞ս…

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

(1957)

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button