Փետրուար 6-ին, 57 տարեկանին, կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ Արցախեան ազատամարտի մասնակից Գագիկ Գինոսեան։
Գագիկ Գինոսեանի մահուան պատճառը՝ սրտի կաթուածն է:
Գինոսեան ծնած է Օգոստոս 3, 1966-ին, Վրաստանի Ախալցխա քաղաքին մէջ։
Երկար տարիներ մասնակցած է «Վան» եւ «Ակունք» ազգագրական պարի համոյթներուն։ Զբաղած է ազգագրական պարերու բանահաւաքութեամբ եւ հիմնադրած է «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը։
Մասնակցած է Արցախեան պատերազմին։ Եղած է Լէոնիտ Ազգալդեանի հրամանատարութեամբ գործող «Ազատագրական բանակ» ջոկատի ռազմիկ, ապա 1992 Օգոստոսին մաս կազմած է «Արծիւ մահապարտներ» յատուկ նշանակութեան գումարտակին։ Ազատագրական մարտերուն ընթացքին ոչնչացուցած է թշնամիի երկու հրասայլ:
Մասնակցած է Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, Լաչինի, Քելբաջարի ազատագրական մարտերուն:
Զինադադարէն ետք՝ 1994 թուականէն սկսեալ ծառայած է Հ.Հ. Զինուած ուժերուն որպէս սպայ։
1995-1996 թուականներուն ընթացքին աւարտած է Մարշալ Շապոշնիկովի անուան «Վիստրէլ» բարձրագոյն սպայական դասընթացքը՝ ստանալով «Գունդի աւագ գնդապետի եւ հրամանատարի» որակաւորում։