ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ
Ա.Ա.
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ՝ ներկայացնելով պաշտօնական Պաքուի կեցուածքը, կտրականապէս մերժեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած վերջին երկու առաջարկները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանագրի մը կնքման՝ զէնքի եւ զինամթերքի վրայ վերահսկողութեան եւ իրարու վրայ չյարձակելու մասին։ Ըստ ատրպէյճանցի բանբերին, Հայաստանի վարչապետը նման առաջարկներով կը ջանայ ուշադրութիւնը շեղել եւ շուքի մէջ ձգել խաղաղութեան պայմանագիրը եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման միտող քայլերը։ Պէտք է նշել,որ Փաշինեան իր վերջին երկու առաջարկները կատարած էր շաբաթ մը առաջ եւ կրկնած՝ Հայաստանի բանակին օրուան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը համարեն, որ Հայաստան Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան դէմ կը շարունակէ իր ոտնձգութիւնները, որոնք, ըստ Պաքուի, ամրագրուած են Հայաստանի գործող սահմանադրութեամբ, կը գտնուին նաեւ օրէնքներու եւ որոշումներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ի յայտ եկած են միջազգային տարբեր հարթակներու եւ ուժերու կատարուած դիմումներու եւ պաշտօնական նամակագրութիւններու մէջ։ Պաքու Երեւանի իշխանութիւններուն այս վարքագիծը եւ սահմանադրութիւնը կը համարէ սպառնալիք մը՝ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան դէմ։
Փաշինեան կատարած է այլ առաջարկներ եւս, որոնք մերժուած են Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ։ Ուժերու հաւասար հեռաւորութեան վրայ հեռացման եւ սահմաններու ապազինուորականացման մասին Հայաստանի վարչապետին առաջարկները մերժուեցան Ատրպէյճանի կողմէ, որուն առաւելապաշտական նկրտումները լրջօրէն կը վտանգեն Հայաստանի ինքնիշխան պետութեան հողային ամբողջականութիւնը , անկախ որոշումներ կայացնելու, ինչպէս նաեւ՝ բանակը վերակազմակերպելու եւ վերականգնելու արդար եւ անսակարկելի իրաւունքը։ Ատրպէյճան կը ջանայ ամէն գնով կորզել հայկական հողամասեր, առիթ չփախցնելով հայաստանը ներկայացնելու համար պետութիւն մը, որ վրէժխնդրական նպատակներ եւ ծրագրեր կը հետապնդէ Ատրպէյճանի դէմ։ Այս քաղաքականութեան ենթահողը Արցախի նկատմամբ Հայաստանի հանրապետութեան գործող սահմանադրութեան մէջ նշումներն են, որոնք ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին։ Բան մը, որ Երեւանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին կատարելու՝ տարբեր եւ տարաբնոյթ պատճառաբանութիւններ ներկայացնելով։
Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ Երեւանի իշխանութիւններուն ճիգերը հայաստանեան քաղաքական բեմին վրայ յառաջացուցած են լարուածութիւն եւ իրարմէ տարբերուող կեցուածքներու եւ դիրքորոշումներու բաւական վտանգաւոր իրավիճակ մը, որ կրնայ իր ժխտական ազդեցութիւնը եւ հետեւանքները ունենալ։Իշխանութիւններուն եւ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարական ընդդիմութիւններուն միջեւ տեսակէտներու տարբերութիւնը օրէ օր աւելի քան յստակ կը դառնայ եւ կը սպառնայ առաւել լարուածութիւն ստեղծելու երկրին մէջ, ուր ճակատագրական հարցերու շուրջ իշխանութիւններ- ընդդիմութիւն տարակարծութիւնները կը յամենան։
Հայաստանի ժողովուրդն է սահմանադրութեան տէրն ու տիրականը եւ միայն արդար ու հաւասար պայմաններու մէջ կազմակերպուած հանրաքուէով մը կարելի է վաւերացնել նոր սահմանադրութիւն մը, որուն մէջ շատ յստակ պէտք է նշուած ըլլան ամբողջ հայութեան վերաբերող պատմական, քաղաքական եւ իրաւական այն բոլոր դրոյթները: Իր եզակի տեղը ունի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի արդարահատուցման վերաբերող պաշտօնական դիրքորոշումը, որ ամբողջ հայութեան ակնկալութիւնները իր մէջ պիտի ամրագրէ։ Եթէ սահմանադրութեամբ չճշդուի հողի, ինչքերու եւ մարդկային կորուստի հատուցման պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի ճակատագրութեան կապուած պահանջը, կասկածները իսկապէս պիտի արդարացուին, թէ նոր սահմանադրութիւն մը կը գրուէր եւ կը վաւերացուէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պահանջով։