Ուաշինկթընի Մէջ Արծարծուեցան Արցախի Եւ Հայաստանի Կենսական Հարցերը

0 0
Read Time:2 Minute, 56 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայաստանի Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը «Քեփիթըլ Հիլ»-ի մէջ արծարծեց արցախցիներու վերադարձի, Հայաստանի անվտանգութեան եւ Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին հարցերը:

Խաչատրեան, որ մաս կը կազմէ Հայաստան-Ա․Մ․Ն․ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին, Հայ Դատի գրասենեակի կառավարական հարցերու տնօրէն Թերեզա Երեմեաի հետ մասնակցեցաւ ճեպազրոյցներու։

Ան հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտականներ Մարքուէյն Մալինի (Հանրապետական – Օքլահոմա), Կերի Փիթըրզի (Դեմոկրատական – Միշիկըն), Ճոն Ֆեթըրմանի (Դեմոկրատական – Փասատենա)։

Տեսակցութեան ժամանակ Խաչատրեան յայտնեց, թէ․- «Եթէ Ալիեւի նկատմամբ պատժամիջոցներ չկիրառուին Արցախի 150 հազար հայութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան համար, այն շարունակելու է սաստկացնել իր յարձակումները։ Ատրպէյճանական զօրքերը ներկայումս գտնւում են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ՝ Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերում։ Ալիեւը մարտահրաւէր է նետում Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններին, սպառնում է Սիւնիքով միջանցք բացել եւ Թուրքիոյ հետ ցամաքային կապ ապահովել, ինչպէս նաեւ ճնշում է Հայաստանին՝ ընդունելու նոր Սահմանադրութիւն։ Կարեւոր է Հայաստանում ապաստանած արցախահայերի համար Ա․Մ․Ն․-ի օգնութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ու այլ գործընկերների հետ աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ խրախուսելու միջազգային երաշխիքների վերաբերեալ երկխօսութիւնը Արցախի կառավարութեան հետ, ինչը հնարաւոր կը դարձնի արցախցիների խաղաղ վերադարձը»։

Խաչատրեան Ուաշինկթըն ժամանած էր Քալիֆորնիայէն, ուր մասնակցած էր Քալիֆորնիոյ եւ Սիւնիքի մարզի միջեւ ապակեդրոն համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական բնոյթի հանդիպումներ ունեցած էր, տեղւոյն օրէնսդիր մարմնի անդամներու հետ։

Միւս կողմէն, Քոնկրէսի շէնքին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն մասնակցեցան նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճէյմզ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան ներկայացուցին  Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները։

Դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտումները՝ քոնկրէսական Քոսթա նշեց, որ Ա․Մ․Ն․ յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն պէտք է տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան եւ շեշտելով՝ ըսաւ. «Պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկենք Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ոչ միայն ցեղային զտումներու, այլ՝ նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան համար»: Ան աւելցուց, թէ Հայաստանի հասցէին Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն պէտք է լրջութեամբ մօտենալ եւ ան կոչ ըրաւ՝ յստակ քայլեր որդեգրելու՝  ապահովելու համար Պաքուի կողմէ անօրինական կերպով պատանդ պահուող Արցախի ղեկավարներու եւ հայ ռազմագերիներու վերադարձը:

Պրետ Շըրմըն ընդգծեց Ա․Մ․Ն․-ի կողմէ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն տրամադրելը սահմանափակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ցեղային զտումներուն համար Ալիեւի վարչակազմին դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով Ալիեւի սուր հռետորաբանութեան, թէ՝ նոյնիսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ատրպէյճանական տարածք է՝ Շըրմըն յորդորեց Պայտընի վարչակազմը՝ ինքնապաշտպանութեան զինամթերք տրամադրել Հայաստանին՝ «Պաքուի ծրագրած յաջորդ ողբերգութեան առաջքը առնելու համար»: Եզրափակելով իր խօսքը եւ պատասխանելով Ալիեւի այն պնդումին, թէ՝ իր հիմնական թշնամիները աշխարհի հայերն են՝ ան ըսաւ. « Մենք հոս ենք պահանջելու ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու՝ Արցախի գաղթականներուն իրաւունքը. տուներ, որոնք շատ պարագաներու հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր բնակեցուած եղած են իրենց ընտանիքներուն կողմէ։ Ես ձեզի համար նորութիւն ունիմ, պարոն Ալիեւ: Ձեր գլխաւոր թշնամիները աշխարհի բոլոր մարդիկն են, որոնք կը հաւատան ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներուն եւ արդարութեան»:

Իրենց կարգին, Ստեփանեան եւ Բեգլարեան վկայութիւններ ներկայացուցին Արցախի տասը ամիս տեւած շրջափակման դաժան իրողութիւններուն մասին, որոնք գագաթնակէտին հասան Սեպտեմբերի ցեղասպանական յարձակումով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Արցախը բռնի կերպով դատարկուեցաւ: Անոնք նաեւ մանրամասնութիւններ փոխանցեցին արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի կանխամտածուած յարձակումներուն մասին, որոնք առաջնորդեցին ցեղասպանութեան:

Ստեփանեան եւ Բեգլարեան ընդգծեցին, որ առանց Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին իրականացման միջազգային ջանքերու եւ առանց կատարուած յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան՝ տարածաշրջանին մէջ անկարելի է կայուն խաղաղութիւն հաստատել:

Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հրահրուած համակարգային հակահայկական ատելութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ՝ ապահովելու համար հակամարտութեան կայուն կարգաւորումը եւ տարածաշրջանին կայունութիւնը:

Արցախցի հիւրերը նաեւ կարեւոր համարեցին Ամերիկայի կողմէ Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելը՝ Արցախի ցեղասպանութեան համար եւ շեշտեցին յատկապէս հետեւեալ քայլերը.-

– Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու սահմանում՝ ռազմական ոճիրներուն եւ ցեղային զտումներուն համար:

– Ամերիկեան օժանդակութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան եւ բռնի տեղահանուած հայերու ապահով վերադարձի երաշխաւորում:

– Ամերիկեան եւ միջազգային յաւելեալ ջանքեր՝ ապահովելու համար գերի պահուող Արցախի ղեկավարներուն եւ ապօրինաբար պահուող բոլոր ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը:

– Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles