Ծխախոտի Դէմ Պայքար Հայ Գրչագիրներու Կողմէ 17-րդ Դարուն

0 0
Read Time:5 Minute, 27 Second

 

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

   Մոնրէալ

Ծխախոտի եւ ծխելու վնասներուն մասին, վերջին հարիւր տարիներուն, աշխարհի տարածքին բժիշկներ եւ մարդոց առողջութեամբ մտահոգ գիտական մարմիններ գրած են հազարաւոր յօդուածներ: Բոլորը արթնութեան  հրաւիրած են մարդկութիւնը, թելադրած՝ հեռու մնալ ծխելէ եւ ծխախոտ գործածելէ, որպէսզի մարդ արարածը ապրի աւելի առողջ եւ երկար: Հայ բժիշկներն ալ իրենց բաժինը բերած են այս առաքելութեան, ուր որ ալ գտնուած են:

Հետաքրքրական է այն, որ 17րդ դարուն գտնուած են հայ գրչագիրներ, որոնք ո՛չ բժիշկ եղած եւ ոչ ալ գիտութեամբ զբաղած, սակայն իրենց բանաստեղծութիւններու եւ տաղերու ընդմէջէն  անդրադարձած են ծխելու յոռի սովորութեան եւ մարդոց ծխախոտին հասցուցած վնասներուն ու առողջութեան վատթարացումին:

17-րդ դարուն հայ ստեղծագործողները զգացած են ծխելու արատաւոր ըլլալը եւ իրենց ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն կոչ ըրած են հրաժարելու այդ ոչ օգտակար մոլութենէն:

Յովհաննէս Թութունճի՝ կղերական եւ դիւանագէտ, զբաղած է նաեւ գրականութեամբ: Ան գրած է բանաստեղծութիւններ եւ տաղեր, մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայ մարդու առողջապահութեան նկատմամբ. ի մասնաւորի տաղեր գրած է ծխախոտի վնասներուն եւ ծխելու յոռի երեւոյթին մասին: Ան յորդորած է ժողովուրդը, որ չծխեն, որպէսզի ունենան առողջ մարմին, առողջ միտք ու հոգի: Ան կը նկատուի ծխախոտի դէմ պայքարող առաջիններէն, 17-րդ դարուն: Յովհաննէս Թութունճիի  տաղը բաղկացած է քսան քառատողէ:

Ահաւասիկ իր շատ հետաքրքրական եւ բժշկագիտական մօտեցումներով հարուստ եւ երկար «Ծխախոտի մասին» տաղէն բաժիններ.-

 

  1. Թէ հարցանեմք ի սուրբ գրոյն, 2. Փող մը չունին, որ տան հոգոյն,

Գարշ եւ զազիր ասէ զթութուն,                         Երթան պարտօք գնեն զթութուն…:

Որպէս մեղուն փախչի ծխոյն,                           Զապրանքն կեր կու տայ հրոյն

Նոյնպէս հրեշտակն յայն պիղծ հոտոյն.         Գողնայ ի տանէն եւ գնէ թութուն:

 

 

  1. Ծուխ կը հանեն ի քթերուն, 4. Այ յեղկելի մարդ երերուն,

Որպէս սեւ oձ ի բերանուն,                                 Մի՛ հուր վառեր անմեղ հոգոյն,

Վա՛յ է հազար նոցա հոգուն,                              Դու մի՛ զրկեր յանճառ լուսոյն,

Որ կատարեն զկամքն դիւուն:                            Համբերէ, մի՛ խմիր թութուն:

 

Այս տաղին ընդմէջէն, Թութունճին կը շեշտէ, որ ծխելը սատանայավայել արարք մըն է: Ան նոյնիսկ  ազգադաւութիւն կը նկատէ ծխելու մոլութիւնը, որ յարիր չէ քրիստոնեայ մարդուն: Ան՝ որ չէ  ձերբազատած այդ զազրելի սովորութենէն, չ’ունենար  Աստուծոյ թողութիւնն ու երկնային արքայութիւնը: Ան կը համոզէ ծխողը՝ իր արարքի ունայնութեան եւ անբարոյականութեան, խորհուրդ  կու տայ ծխախոտի համար ծախսած դրամը բաշխել որբերուն: Կոչ կ՝ընէ, կը համոզէ, կը խնդրէ ծխողներէն՝ ձգել ծխելը եւ ուրիշներն ալ չվարակել այդ պիղծ սովորութեամբ: Խիստ կերպով կը դատապարտէ ծխելն ու այդ անմարդկային մոլութեան գերի դարձածները:

Յովհաննէս Թութունճի ունի նաեւ նմանօրինակ տաղ մը՝ «Պատմութիւն՝ պիղծ թութունի» խորագիրով, որ նոյնանման ոճով եւ պարունակութեամբ գրուած տաղ մըն է: Ան մեզի հասած է 1701-էն: Կը մէջբերեմ բաժին մը այդ տաղէն.

  1. Է’ քրիստոնեայք, ականջ արէք,                 2. Չպուխ ղալիոն է զարդարած,

Տեսէք թէ ինչ պիղծ է թութուն,                        Դրած բերնին, լափեն քան զշուն,

Դրամ կու տան, ձգեն ի կրակն,                      Խմեն հանեն զծուխն ի բերնէն,

Վնաս առնեն իւրեանց հոգոյն:                        Քթէն, յաչացն, յականջներուն:

 

  1. Զծուխն բալան-բալան հանեն, 4. Մարդ կայ թութունի է պաքրի,

Հրեշտակք հեռանան ի հոտոյն,                          Յօրն խմէ ղալիոն յիսուն,

Սլանան, ելանեն յերկինս,                                   Զծուխն կլանէ, գնայ յորովայն,

Գանգատ առնեն Աստուածորդւոյն:                  Անդէն փոխէ դարձեալ քան զշուն:

 

Յովհաննէս Թութունճի հայ իրականութեան մէջ հաւանաբար եղած է առաջինը, որ գրած է ծխախոտի մոլութեան  (addiction) մասին: Ան 360 տարի առաջ գրած է ժողովրդային-հանրային առողջապահութեան (public health) մասին, որ աննախընթաց է:

Կը կարծուէր որ Թութունճին եղած է առաջինը, սակայն   17-րդ դարէն ունինք տաղ մը եւս, «Վասն թութունի» խորագիրով, որ լոյս տեսած է Ոսկեփորիկի մէջ, ոչ ուշ քան 1673-ին: Հեղինակը անյայտ է: Բովանդակութիւնն ու ոճը կը նմանին Յովհաննէս Թութունճիի «Ծխախոտի մասին» եւ «Պատմութիւն՝ պիղծ թութունի» տաղերուն: Ահաւասիկ բաժին մը այդ տաղէն.-

  1. Շատ մարդ հպարտ նորա սիրոյն,          2.  Ծուխ կու հանեն ի քթերոյն,

Զապրանքն կեր կու տայ հըրոյն,                   Որպէս զոհ օձ ի բերանոյն.

Գողնայ ի տանէն եւ գնէ թութուն,                 Վա՛յ հազար նոցայ հոգոյն,

Երթայ խմէ հետ շներոյն:                               Որ կատարեն զկամքն դիւոյն:

  1. Ոմանց նստին ի մէջ սեղանոյն,

Յառաջ բերեն նոքայ զթութունն,

Յօժար խմեն հետ քըթերուն,

Բերնով շնան հետ այլազգոյն:

 

Գրիգոր Վարագեցին 17-րդ դարու վերջաւորութեան Վանի մէջ «Հակածխախոտային պայքար Վան-Վասպուրանի մէջ» աշխատասիրութեան մէջ գրած է «Սակս ծուխ քաշողաց» տաղը, որ կը նմանի վերոնշեալ տաղերուն, թէ՛ ոճով, թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ նպատակով:  Ահաւասիկ բաժին մը այդ տաղէն.

 

Ոմանք սովոր են ի թութուն, եւ հետեւող այն պիղծ գործոյն.

Վնաս կ’առնեն իւրեանց հոգւոյն, հաց մի չունին ի յիւրեանց տուն.

Փող մի չունին որ տան հոգոյն, երթան պարտեօք գնեն թութուն.

Յօժար խմեն հետ թուրքերուն, զմոխիրն տան յիւեանց գլխոյն.

Կամաւ լինեն ընկեր դիւուն, եւ կեր լինեն անքուն որդուն:

 

17-րդ դարու կէսերուն Ակոբ Սսեցի գրած է տաղ մը՝ «Վասն պախարակելոյ օրինազանցիցն», ուր շարք մը հակահասարակական եւ հակաօրինական արարքներու, կը խօսի նաեւ թմրամոլութեամբ եւ ծխամոլութեամբ տառապողներու մասին եւ կը մատնանշէ այն իրողութիւնը, որ որքան պախարակելի է անոնց արարքը: Ահաւասիկ քանի մը տող անոր տաղէն.

  1. Զականջդ բաց, զբանս լսէ, 2. Դաւթեայ առածն կատարեցաւ,

ի միտ առ, ի թուղթ գրէ,                             Ճշմարտութիւնն նուազեցաւ,

Թէ ինչ եղաւ ի Հայոց մեծէ.                        Սուտ եւ եալանն առաջ ընկաւ.

Ա’յ Հայոց ազգ, հայիֆ սէնի:                      Ա’յ խաբեբայ, հայիֆ սէնի:

  1. Աֆիոն կլնուն, թութուն խմեն

Եւ զաղ ու հացն ապականեն,

Ո’չ կու վախեն, ո’չ կամաչեն.

Ութանմազլար, հայիֆ սէնի:

Մեզի հասած է նաեւ այլ տաղ մը՝ 17րդ դարէն շատ առաջ: Կը մէջբերեմ այդ տաղէն հետեւեալ բաժինը.

Ասեն՝ տաք դեղ կորստեան

Ապականիչ մարդկան հոգւոյն,

Յանես յամրես դրախտ կ’ասեն,

Անդ տնկեցին, եղեւ թութուն:

Սերմանեցին զչար սերմն աչխարհիս,

Ակնատ է ցեց մարդկան հոգւոյն:

 

Աշխարհականքն զայն տեսանեն,

Համարձակեալ յարին ի նոյն,

Ասեն՝ երէցն կարդացող,

Մենք եմք անգէտ, նա է գիտուն:

Նա է հովիւ, մեք եմք ոչխար:

Նա որ չասէ, թէ մեղք է սա,

Մեզ ինչ փոյթ է այդ բաներուն:

Ծխախոտի եւ ծխելու վնասներու մասին անցեալին մենք ալ գրած ենք: Նկատի ունենալով անոր այժմէականութիւնը եւ կարեւորութիւնը մենք դարձեալ պիտի անդրադառնանք այս նիւթին առանցին յօդուածով մը:

 

 

 

Աղբիւրներ՝

  1. Աղթամարի Կաթողիկոսներ, Յովհաննես Բ. Թութունճի.
  2. Անուշ Թրուանց, «Պատմութիւն՝ Պիղծ թութունի», «Բագին», Պէյրութ, Յունիս, 2008.
  3. Բաղիրեան, Էմմա, Պայքար Հայաստանի Ազատագրության Համար, Շարժման արեւմտա-եւրոպական կողմնորոշում, Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիր, Երեւան, 2 սեպտեմբեր 2019.
  4. Գրիգոր Վարագեցի, «Սակս ծուխ քաշողաց, Հակածխախոտային պայքարը Վան-Վասպուրականում»,Դիւան Հայոց Պատմութեան, Ժ.
  1. Կ. Պոլսոյ պատրեարքութիւն, Գաւազանագիրք Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան, Յովհաննէս Թութունճի (1663 -1667).
  2. Հայազգ, հանրագիտարան, Յովհաննէս Թութունճի.
  3. Յակոբ Սսեցի, «Վասն պախարակելոյ օրինազանցիցն», AUA, Հայ դասական մատենագրութիւն, Տաղեր.
  4. Ոսկեփորիկ, «Այն մասին, որ դեռևս 17-րդ դարում հայ գրականութիւնն անդրադառնում էր թութունի վնասակարութեանը», Դիմատետր, 3 Million Magazine, 29 սեպտեմբեր 2018.
  5. Սիմոնեան, Էլինա, Հայկական դիւանագիտութիւնը 17-րդ դարում, Երեւան, 18 սեպտեմբեր 2020.
  6. Վարդանեան Վրէժ, Յովհաննէս Թութունճին եկեղեցական եւ դիւանագէտ, (XVII դ. երկրորդ կես), Պատմաբանասիրական հանդէս, Երեւան, 2011.
  7. Վիքիպեդիա՝ Ազատ հանրագիտարան, Յովհաննես Թութունճի.
  8. Armenian, Haroutune K., Public Health: Armenian Perspective, July 18, 2005 (personal communication).
  9. Armenian, Haroutune, and Karapetian, Merujan, Hovhannes Tutunji, (1630-1703) and “The Story of filthy tobacco, draft, September 19, 2007 (personal communication).
  10. Armenian, Haroutune, Hovannes Tutunji (personal communication), September 2023.
  11. AUA library, Yerevan, Յովհաննէս Թութունճի, Է’ քրիստոնեայք, ականջ արէք.
  12. Sahagian, Hasmig, “Armenian Poetry of the Late Middle Ages (XVI-XVII centures)” Volume 2, Yerevan, 1987.
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles