Յունուար 27-ին, ինչպէս նախատեսուած էր, ծայր առաւ երկու օրերու վրայ երկարող «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած, իր տեսակին մէջ երկրորդ բողոքի ցոյցերու շարքը: Առաջինը տեղի ունեցած էր 1 Հոկտեմբեր 2023-ին Պելճիքայի մայրաքաղաք՝ Պրիւքսելի մէջ:
Նախապէս մամուլին յղած իր հաղորդագրութեան մէջ շարժումը՝ «Պայքարը պէտք է շարունակուի» հրամայականին տակ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի հայերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւրոպացի բարեկամներուն 27 եւ 28 Յունուարին համախմբուելու եւրոպական աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ, եւ իրենց բողոքը արտայայտելու՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, պահանջելով ազատ արձակել ռազմագերիները, զօրակցութիւն յայտնել իրենց հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ մղելու եւրոպական պետութիւնները ի հարկին պատժամիջոցներ գործադրելու Պաքուի բռնապետական իշխանութեան դէմ:
Ինչպէս Հոկտեմբեր 1, 2023-ի համահայկական ցոյցին, այսօր եւս շարժումը յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկել եւրոպայի հայութիւնը, միաւորելով հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, անգամ մը եւս հաստատելով Արցախի արդար դատին համար պայքարի նոր հանգրուան անցնելու հայութեան վճռակամութիւնը:
Հաւաքներու ընթացքին կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու ուղարկած ուղերձը, որ «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած նախաձեռնութուններուն զօրակցութիւն յայտնելէ ետք, կ’ըսէր թէ անոնք «այս աղետալի պայմաններուն մէջ յոյս ներշնչող բացառիկ ազդակներ են» եւ արցախահայութեան անունով «Երախտագիտութիւն կը յայտնեն այն հոգատարութեան եւ աջակցելու պատրաստակամութեան համար, որ կը ցուցաբերեն եւրոպական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ՝ Արցախի օժանդակութեան նպատակին շուրջ օրակարգ ձեւաւորելու մեծածաւալ աշխատանքին միջոցով»: Ապա՛, կը հաստատէ թէ «Խորապէս համոզուած ենք, որ համազգային համախմբումը եւ անոր սահմաններու ընդլայնումը, հայրենիքի մէջ պահանջուած ու սպասուող աշխատանքի իրականացման հետ մէկտեղ, կարող են ստեղծել այն նախադրեալները, որոնք անհրաժեշտ են մեր գլխաւոր խնդիրի՝ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով, Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձը իրականացնելու համար»:
Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մօտակայ հայահոծ Ալֆորվիլ արուարձանի հայութիւնը ժամադրուած էր քաղաքապետարանի հրապարակը,՝ զօրակցելու «Եւրոնացիները յանուն Արցախի» կազմակերպած զօրահաւաքին։ Մի քանի հարիւր հայորդիներու ներկայութեան՝ շարժումին անունով խօսք առաւ Արին Թաշճեան, որ դատապարտեց Ատրպէյճանի վարած ոճրային քաղաքականութիւնը եւ ներկայացուց 2023-ին գերեվարած քաղաքական դէմքերու կենսագրականները։ Կարդաց Արցախի Հանրապետութեան ուղերձը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպայի 50 քաղաքներու մէջ այս երկու օրերուն շարժումին աջակցող բոլոր կազմակերպութիւններուն։
Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Յովհաննէս Գէորգեանը, որ քաղաքական մեղադրանքներէն անդին, շեշտը դրաւ հայկական իրականութեան մէջ այսօր՝ աւելի քան երբեք, միասին ուղղութիւն ճշդելու անհրաժեշտութեան, ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութեան՝ յարգելով Արցախի սիրոյն մեր բոլոր զոհուածներուն յիշատակը։ Խօսքին աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ի նպաստ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին՝ ցուցաբերած կեցուածքներուն եւ իրականացուցած քայլերուն համար։
Խօսք առաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ Լիւք Քարվունաս, որ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի քաղաքական բանտարկեալները առանց նախապայմանի ազատ արձակելու յանձնառութեան, դատապարտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ էթնիք բնաջնջումը, պահանջեց Արցախի բնակիչներու տունդարձի ապահովում եւ վերջապէս կարեւորեց հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ այս տարի կը նախատեսուի պաշտօնական այցով կրկին այցելել Հայաստան։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Արցախի պաշարումէն մինչեւ Արցախի հայաթափման՝ եւ աւելցուց, որ պէտք է բացառել պարտուողական ամէն կեցուածք եւ ընթացք, այլ ընդհակառակն խրախուսեց ներկաները ըլլալու աւելի խրոխտ եւ վճռակամ։ Զգաստութեան եւ պայքարելու կոչ ուղղեց ան՝ վերադարձնելու Արցախը եւ պահպանելու Հայաստանի սահմանները։
Յայտագիրի յաջորդ խօսքը արտասանեց Վալ Տէօ Մարնի երեսփոխան՝ Իզապէլ Սանթիակօ:
Հայր Տիրայր Գըլըճեանի եւ պատուելի Ժիլպէր Լէոնեանի տէրունական աղօթքէն ետք Սուրբ Մեսրոպ – Արապեանի աշակերտները յաջորդաբար երգեցին՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգները։
Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ խմբուած ժողովուրդը արարողութենէն անմիջապէս ետք, առաջնորդութեամբ Սրբազան հօր, քալելով ուղղուեցան դէպի Կոմիտասի արձանը, ուր տեղի ունեցաւ ցոյց-հաւաքը: Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք կարդացուեցան ուղերձները: Հաւաքին ներկայ էին ֆրանսական մամուլի ներկայացուցիչներ:
Իսի Լէ Մուլինոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի արդար դատին: Հաւաքին խօսք առաւ Իսի Լէ Մուլինոյի փոխ քաղաքապետ Յարութ Խանճեան:
Անթոնի արուարձան-քաղաքի «Անթոնիի ֆրանսահայ միութեան» երիտասարդները հանդիպում մը կազմակերպեցին պատմաբան Յարութիւն Գէորգեանին հետ Կիրակի Յունուար 28-ին, «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին ծիրէն ներս:
Առնուվիլի հաւաքին մասնակցեցաւ քաղաքապետ Փասքալ Տոլը, ընկերակցութեամբ կարգ մը փոխ քաղաքապետներու եւ խորհրդականներու: Հոգեւոր հայրեր ալ մասնակցեցան հաւաքին: Քաղաքական եւ միւութենական դէմքեր խօսք առին, ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը մասնակիցներուն: Մշակութային ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ հանրութեան: Քաղաքապետ Տոլը յայտարարեց․- «Ինչ որ կը պատահի Արցախի մէջ շարունակութիւնն է 1915-ի ցեղասպանութեան: Ալիեւը եւ Էրտողանը կանգ պիտի չառնեն եթէ Եւրոպան, Ֆրանսան եւ Հայաստանի բարեկամները չմիջամտեն: Պէտք է քաղաքական քաջութիւնը ունենալ եւ զգօնութիւնը մեր ժողովրդավար պետութիւններուն սպառնացող վտանգին: Պէտք չէ միայն Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդը պաշտպանել այսօր, այլ իսկապէս ինչ որ ունինք մեր խորքին մէջ. գիտակցութիւնը որ քաղաքակրթութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, որ մենք կը ներկայացնենք, վտանգի տակ են այսօր»:
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած հաւաքները կատարուեցան Ֆրանսայի այլ գաղթօճախներէն ներս։
Տեսինի մէջ, տեղւոյն միութիւնները կազմակերպեցին Արցախի գաղթականներու ի նպաստ բարեսիրական ձեռնարկ մը: Բազմահարիւր բնակիչներ այցելեցին ձեռնարկին վայրը:
Վալանս քաղաքին հաւաքը տեղի ունեցաւ Պանսէլ պողոտայի հսկայական շատրուանին մօտակայքը: Ներկայ էին զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ քաղաքական դէմքեր՝ Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը եւ կարգ մը փոխ քաղաքապետներ եւ խորհրդականներ։
Լիոնի մօտակայ Վիլէորպանի Հայ մշակոյթի տունը «Հայաստանի գանձերը» տեսաերիզը ցուցադրեց: Այս վաւերագրականը կը ներկայացնէ արցախեան կոթողները եւ եկեղեցիները:
Շաթորուի հայութիւնը հաւաքուեցաւ հանրապետութեան հրապարակը ուր կարդացուեցան ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով ուղերձներ: Ցույցին իր մասնակցութիւնը բերաւ Շաթորուի քաղաքապետը:
Քլէրմոն Ֆէրան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, քաղաքի հայութեան կողքին, ներկայ եղան տեղւոյն քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Իսկ Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին շէնքին դիմաց ալ խումբ մը հայեր բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը եւ պատասխանեցին թղթակիցներու հարցումներուն:
Կրէոնոպլի, հայ մշակութային տան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն մասնակցեցան բազմաթիւ քաղաքական դէմքեր եւ լրագրողներ: Շրջանի հայութիւնը առիթը ունեցաւ լսելու հարց եւ պատասխանները:
Ֆրանսայի հարաւային շրջանի Նիս քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքին, հայութեան կողքին ներկայ եղած են քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, որոնց կարգին՝ Մակալի Ալթունեան։
Թուրք այլախոհ քաղաքական գործիչ Փընար Սէլէք ներկայ եղաւ այս հաւաքին եւ զօրակցութիւն յայտնելէ ետք ցուցարարներուն, կ’ըսէ թէ հակառակ անոր, որ ինք հայ չէ, սակայն պատրաստ է պայքարելու Հայաստանի համար, որովհետեւ աշխարհը արդար պարտք մը ունի տալիք Հայաստանին: Ան կ’աւելցնէ ու կ’ըսէ թէ Հայաստանը պաշտպանելով՝ պաշտպանած կ’ըլլանք նաեւ արդարութիւնը, արժանապաուութիւնը եւ խաղաղութիւնը:
Մարսէյի հաւաքներ տեղի ունեցան քաղաքի երէք եկեղեցիներու շրջաբակերէն ներս: Պօմոնի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մասնակցութեամբ հոծ բազմութեան մը, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ներկայ էին Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, Ժիլպէր Տատրեան, Ժիլպէր Մարքոյեան, Էրիք Սարաճեան, Ազատ Պալալաս/Գազանճեան, Տիտիէ Փարաքեան,: Հայր Արշէն Մովսիսեան իր խօսքին մէջ նշեց՝ «Արդէն մի քանի ամիս է որ Արցախի մեր ղեկավարները կը գտնուին Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ: Այս տեսակի հաւաքներ տեղի կ’ունենան այսօր Ֆրանսայի տարածքին որպէսզի մենք, հայերս, չմոռնանք այն ինչ որ պատահեցաւ անցեալ տարի, չմոռնանք որ գերիներ ունինք, չմոռնանք որ բռնի տեղահանուած հայրենակիցներ ունինք… Կարելինիս ընենք, որ այս բոլորը չմոռցուի եւ մեր ձայնը բարձրացնենք առ աշխարհ որպէսզի գերիները տուն վերադառնան, այն յոյսով որ օր մը բոլորս վերադառնանք մեր պատմական հայրենիքը: Եթէ մենք այս երազը չունենանք, միւսները մեզի չեն օգներ: Ուրեմն ամէն օր, ամէն երկվայրկեան փորձենք յիշել որ մենք պահանջատիրութեան պայքար ունինք, որպէսզի օր մը մեր կեանքը շարունակենք մեր պապենական հայրէնիքին մէջ» :
Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի հաւաքը տեղի ունեցաւ Սուրբ Մարիամ Մաքդաղենացի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ Կարէն Թաթեւոսեան Պելճիքայի հայերուն վեհաժողովի նախագահը, որ ներկայացուց «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» շարժումը, անոր աշխատանքներու ծիրը, եւ ներկայացուց բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կազմակերպուած են թիրախ ունենալով եւրոպական խորհրդարանը եւ եւրոպական միութիւնը թէ՛ Պրիւքսելի եւ թէ՛ 15 այլ երկիրներու մէջ: Ան իր խօսքին ընդմէջէն արտայայտեց հայութեան յուսախաբութիւնը այն իմաստով, որ հակառակ բազմաթիւ խոստումներուն եւ եղած յայտրարութիւններուն որեւէ գործնական քայլ չէ առնուած շարժումին պահանջքներուն առնչութեամբ:
Հաւաքին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ ներկայացուցիչ Միշել Տը Մաէկտ, որվերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը շարունակելու մօտ ըլլալ հայութեան եւ աշխատելու ի շահ հայութեան դատին հիմա՛ եւ կայանալիք յաջորդ ընտրութիւններէն ետք, կրկին ընտրուելու պարագային: Ան փոխանցեց, որ յաջորդ չորեքշաբթի նոր հարցադրում պիտի ընէ արտաքին գործոց նախարարին Արցախէն բռնի հեռացուած 130 000 հայերու վիճակին մասին:
Հաւաքի ընթացքին Հայր Սուրբ Զատիկ Աւետիքեան ներածական մը ըրաւ, եւ ներկայացուց հաւաքին կազմակերպիչները՝ «եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը, Պրիւքսելի մէջ Հայոց առաքելական եկեղեցին, եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Ան ալ իր կարգին ադրադարձաւ գերիներու խնդիրին եւ առեւանգուած նախկին ղեկավարներուն վերադարձի կարեւորութեան:
Ապա, խօսք առաւ Գասպար Կարապետեան՝ Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ, որ յստակօրէն ներկայացուց «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումի պահանջքները: Հաւաքի ընթացքին ցուցարարներուն կողքին էին նաեւ` Փիեր տ’Արժան (Լուվենի Կաթոլիկ համալսարանի դասախօս), Ժորժ Տալլեման (Պատգամաւոր), Անտրէ Տիւ Պիւս (Պելճիքայի Ծերակոյտի անդամ, Արցախի հետ ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի համակարգող), էրվե Տուայէն (Պելճիքայի Ծերակոյտի անդամ)։
Մեխելեն քաղաքի հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ տեղւոյն հայոց հոգեւոր առաջնորդ Տէր Արմէն քահանայ Մելքոնեան։ Ան ներկայացուց պահանջները` ազատութիւն Պաքուի մէջ բանտարկուած գերիներուն, անվտանգութեան երաշխիքներ արցախահայութեան պատմական հայրենիք վերադարձին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն թշնամի զօրքերու հեռացում, պատժամիջոցներու հաստատում Ատրպէյճանի դէմ։
Տէր Մելքոնեան նաեւ նշեց, որ Արցախի հարցը մեզի համար գոցուած հարց չէ, պէտք է պայքարը շարունակել։ Հաւաքին ներկայ էր Մեխելենի քաղաքային իշխանութիւններուն անդամ Մարք Հենտրիքսը:
Ամսթերտամի կեդրոնական Տամ հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին հնչեցին լոզունքներ՝ «պատժեցէք Ատրպէյճանը», «ազատ արձակեցէք հայ գերիները», «Արցախը հայ է», «Ալիեւ խափանարար», «Էրտողան խափանարար»: Իսկ Ալմէլոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը եւ բացատրուեցաւ Եւրոպացիները յանուն Արցախի շարժման նպատակը: Հանրութիւնը պահանջեց, որ Պաքուի մէջ բանտարկուած գերիները ազատ արձակուին եւ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին հետ: Նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ալմէլոյի Հ.Մ.Ը.Մ-ի շէնքին մէջ:
Անհէմի Հ.Մ.Ը.Մ-ի կազմակերպած ձեռնարկին ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը եւ բացատրուեցաւ Եւրոպացիները յանուն Արցախի շարժման նպատակը: Հանրութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին հետ եւ հաստատեց Սփիւռքին դերը այս ժամանակաշրջանին:
Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին շրջանի հայութիւնը արտայայտեց իր բողոքի ձայնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան:
Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Արցախի նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներուն: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ Վեհափառ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի խօսքով, ապա տեսաերիզներ ցուցադրուեցան: Բացման խօսքը կարդաց Հ․Մ․Ը․Մ․ վարչութեան անդամ Յովան Ծերունեան։ Օրուան բանախօսներն էին հայերէնով Սիմոն Տէր-Սահակեան (Հ․Յ․Դ․ հիւսիսեան կոմիտէութեան քաղաքական ներկայացուցիչ) եւ շուէտերէնով Սթոքհոլմի եկեղեցական խորհուրդի անդամ Նաթալի Արզումանեան։
Շուէտի Սօտըրթէլիօ եւ Վեսթէրոս քաղաքներուն կեդրոնական հրապարակներուն մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ մասնակցութեամբ քաղաքի բնակիչներուն: Հաւաքներուն ընթացքին իրազեկման աշխատանքէ մը ետք ներկայացուեցան Եւրոպացիները Արցախի համար շարժումի արցախահայութեան պահանջքները:
Լոնտոնի մէջ Առաջնորդ Սրբազանի եւ գաղութի միութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը որուն ընթացքին, Անգլիահայ գաղութի համայնքային խորհուրդի եւ Թեմի Առաջնորդի անոնով հրապարակուեցաւ Արցախի դատին եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն զօրակցող յայտարարութիւն: Լոնտոնի կեդրոնական թաղամասին մէջ, լոնտոնահայ երիտասարդներ բաժնեցին Արցախի դատը ներկայացնող թռուցիկներ:
Գերմանիոյ Քէոլն, Համպուրկ եւ Պրեմըն քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան նախաձեռնութիւններ ուր գաղութներու հայ երիտասարդութիւնը եւ բազմաթիւ անդամներ Արցախի զօրակցական խօսքեր արտասանեցին:
Ռումանիոյ Իասի եւ Քոսթանթա քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ, մասնակիցները բարձրացուցին Արցախի ռազմագերիներու եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջքը:
Պուլկարիոյ Պուրկաս քաղաքի Սուրբ խաչ, Վառնայի Սուրբ Սարգիս, Ռուսէի Սուրբ Աստուածածին, Փլովտիվի Սուրբ Գէորգ, Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին, Խասկովոյի Սուրբ Ստեփանոս, Շումէնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ պուլկարահայութիւնը, իր կարգին, մասնակից դարձաւ Արցախի զօրակցութեան բողոքի հաւաքներուն:
Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի հաւաքը տեղի ունեցաւ Սինթակմա հրապարակը: Օրուան բանախօսն էր Հայ դատի յանձնախումբի անդամ՝ Արման Գրիգորեան: Ներկայ էին երեսփոխաններ Սթելիոս Ֆոթոփուլոս եւ Վասիլիս Ղրամէնոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, ինչպէս նաեւ համայնքի կրօնական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ։ Քաւալա քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքին տեղի հայութեան կողքին ներկայ եղան հելլէն խորհրդարանի պատգամաւորներ Փասխալիտիս եւ Տելիքարի: Հաւաքի ընթացքին բաժնուեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործած ոճիրները բացայայտող թռուցիկներ, իսկ տեղական երեք հեռուստաընկերութիւններ անդրադարձան հաւաքին:
Թեսաղոնիկէ քաղաքի հաւաքը կատարուեցաւ մշակոյթի տան առջեւ, ներկայութեամբ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութենէն երեսփոխաններ Քոնսթանթինոս Ճիուլէքասի եւ Տիմիթրիս Գուվելասի եւ «Սպարտացիներ» կուսակցութենէն երեսփոխան Պետրոս Տիմիթրիատիսի: Ներկաները աղօթեցին Արցախի ազատագրութեան, զոհուածներուն հոգիներուն համար եւ Արցախցի ժողովուրդին ապագային համար:
Կիպրահայութիւնը իր բողոքի ձայնը լսելի դարձնելու համար հաւաքուած էր Նիկոսիոյ հայկական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին կից: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին «եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումի ներկայացուցիչ՝ Վահան Այնէճեան, «Կիպրացի Կանաչներ» կուսակցութեան փոխ նախագահ՝ Քիրիաքօս Ցիմիլիս եւ Կիպրոսի թեմի Առաջնորդ՝ Խորէն Տողրամաճեան:
Կիպրոսի ԼիմասՈլ քաղաքի հայութիւնը հաւաքուած էր եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ իր բողոքի ձայնը միացուց Եւրոպայի միւս քաղաքներու մէջ հաւաքուած միւս հայրենակիցներուն: Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ Յակոբ Գազանճեան:
Թիֆլիսի մէջ՝ Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակի առջեւ տեղի ունեցաւ հաւաք։ Ցոյցի մասնակիցները բռնած էին իրենց պահանջները ձեւակերպող պաստառներ։ Ուսանողները կարդացին անգլերէնով գրուած դիմումը, որ պիտի ներկայացուի Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը մասնակիցներուն:
Այս ցոյցին համընթաց Թիֆլիսի թրքական եւ ատրպեյճանական դեսպանութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է այլ «ցոյց» մը, որուն ընթացքին վերոնշեալ դեսպանութիւններուն աշխատողները խումբ մը մարդիկ բերած են ցոյց ընելու։