Յօդուածներ

Ծխախոտի Եւ Ծխելու Վնասները

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ

Ծխախոտը (tobacco)  դարերէ ի վեր կը գործածուի մարդկութեան կողմէ։ Անոր գործածութիւնը սկսած է Քրիստոսէ շուրջ 2000 տարի առաջ, Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ,  նախնական ցեղախումբերու կողմէ։ Քոլոմպոս եւ իր ընկերները, Նոր աշխարհէն վերադարձին, ծխախոտը ներմուծած է Սպանիա, Փորթուգալ, Ֆրանսա եւ Անգլիա, հակառակ անոր որ պապերը այդ օրերուն խստօրէն դատապարտած են այս երեւոյթը։ Ծխախոտի գործածութեան սովորութիւնը շուտով տարածուած է ամբողջ Եւրոպայի եւ ապա համայն աշխարհի մէջ։ Այդ օրերուն ծխախոտի գործածութիւնը արդէն վիճաբանութեան առարկայ եղած է շատերու մօտ։ Ոմանք զայն  գտած են հաճելի, միաժամանակ անոր մէջ տեսնելով առողջութեան նպաստող բարերար ազդեցութիւն մը։ Ուրիշներ դատապարտած են անոր գործածութիւնը, իբրեւ պատճառ՝ գարշահոտութեան եւ ուղեղային ու թոքային անհանգստութիւններու։ Ժամանակաշրջաններ եղած են, երբ ծխելը դատապարտուած է օրէնքով։ Մինչեւ իսկ մահապատիժներ արձակուած են ծխողներու դէմ։

Ծխախոտի ամէնէն շատ գործածութեան ձեւերէն մէկը գլանիկ (cigarette) ծխելն է, որ հնագոյնն է, սկսած Ամերիկայի հնդիկներէն։ Ծխամորճի (pipe) գործածութիւնը սկսած է Եւրոպայի մէջ, 16-րդ դարուն: Սիկառի (cigar) գործածութիւնը աւելի նոր է, սկսած է 19-րդ դարուն, իսկ ծխախոտ ծամելը նորագոյն ձեւն է, բայց ոչ շատ ընդհանրացած։ Գլանիկի գործածութիւնը ամէնէն վնասակարն է՝ բաղդատած սիկառին եւ ծխամորճին։ Գլանիկի ծուխը նուազ գրգռիչ է, քան՝ սիկառի եւ ծխամորճի ծուխը. գլանիկը աւելի մեծ քանակութեամբ կը գործածուի, անոր ծուխը աւելի մեծ համեմատութեամբ կը ներշնչուի, հետեւաբար անիկա աւելի վնասակար կը դառնայ։

Ծխախոտի գործածութիւնը 20-րդ դարուն շատ ընդհանրացաւ. անոր զուգահեռ երեւան եկան յստակ եւ մտահոգիչ երեւոյթներ ու հետեւանքներ։ Զանազան երկիրներու առողջապահական ընդհանուր սպասարկութիւններ հսկայական աշխատանքի ձեռնարկեցին, մասնաւորաբար 1950-էն ետք, հասնելու համար ծխախոտի դէմ լայնածիր պայքարի այսօրուան տարողութեան։

Ծխախոտի բնախօսական ազդեցութիւնները կախեալ են անոր պարունակած քիմիական նիւթերէն։ Ծխախոտը կը պարունակէ շատ մը քիմիական նիւթեր, որոնց մէկ մասը խլիրդ կ’առաջացնեն։ Ծխախոտի ծուխի կարեւորագոյն նիւթերէն է ammonia-ն, nicotin-ը, կուպրը (tar), formaldahyd-ը, բնածուխի միաթթուն (Co, carbon monoxide) եւ պենզինը։ Ծխախոտի գործածութեամբ ներշնչուած ամբողջ բնածուխի միաթթուն, նիքոթինի 90 առ հարիւրը եւ կուպրի 70 առ հարիւրը կը մնան մարմնին մէջ։

Նիքոթինը, ներշնչուելէն առաւելագոյնը 30 երկվայրկեան ետք կը հասնի ուղեղ. անոր բնախօսական ազդեցութիւններն են.

1.- Հասնելով ուղեղ՝ նախ կը գործէ իբրեւ գրգռիչ. կը պատճառէ տրամադրութեան բարելաւում, հաճելի զգացումներ, կեդրոնացումի եւ յիշողութեան մասնակի բարելաւում։ Մեծ քանակութեամբ ծխախոտի գործածութեան պարագային, սկզբնական ազդեցութիւնը կը փոխարինուի թմրեցուցիչի ազդեցութեամբ, որ կը յատկանշուի ընկճուածութեամբ եւ յոգնածութեամբ։ Ծխախոտի երկարատեւ գործածութեամբ, ենթական կը զարգացնէ նիքոթինի ենթակայութիւն (dependence) եւ ծխախոտի մոլութիւն։ Նիքոթինի ենթակայութեամբ, ծխախոտ գործածողը ծխախոտի մոլի կը դառնայ։ Այս ենթակայութիւնը բնախօսական է եւ հոգեբանական, իսկ ծխախոտի գործածութիւնը թէ՛ սովորութիւն է եւ թէ՛ մոլութիւն։

2.- Նիքոթինը կը գրգռէ մեր մարմնին կարգ մը գեղձերը. ասոնք իրենց կարգին կ’արտադրեն կենսական հիւթեր, որոնք սրտի մկանային պրկումներ կը յառաջացնեն, սրտին զարկերը կը բազմապատկեն, զարկերակային ճնշումը կը բարձրացնեն եւ սրտին ընդհանուր գործելակերպը կը բարդացնեն։ Այս բոլորին պատճառով, սրտին մկանները յաւելեալ թթուածինի (oxygen) կը կարօտին, եւ եթէ յաւելեալ թթուածին չհայթայթուի, սիրտը իր աշխատանքին մէջ կը ձախողի։

3.- Նիքոթինը կը յառաջացնէ զարկերակային խցում՝ բնածուխի միաթթուի հետ միատեղ։

Բնածուխի միաթթուն կը նուազեցնէ թթուածինի քանակը թոքերուն եւ արեան մէջ ու քիմիական բաղադրութիւն (complex) մը յառաջացնելով՝ զարկերակային խցումներ կը պատճառէ։

Նիքոթինի եւ բնածուխի միաթթուի վերոյիշեալ ազդեցութիւններուն պատճառով, անհաւասարակշռութիւն մը կը յառաջանայ տրամադրուելիք թթուածինին եւ պահանջին միջեւ։ Իբրեւ հետեւանք՝ կը յառաջանան սրտի լուրջ հիւանդութիւններ եւ բարդութիւններ։ Միջակ մեծութեամբ սիկառի մը մէջ գտնուած նիքոթինը եթէ ամբողջութեամբ երակային սրսկումով տրուի անհատի մը, անիկա կրնայ պատճառել անմիջական մահ։

Կուպրը կը յառաջացնէ խլիրդ։ Իւրաքանչիւր գլանիկ կը պարունակէ 7-15 միլիկրամ կուպր։

Ծխախոտին մէջ գտնուող քիմիական թունաւոր նիւթերը եւ կազերը իրենց քանդիչ վնասները կը հասցնեն թոքերուն եւ կը յառաջացնեն թոքային շատ մը հիւանդութիւններ։

Ծխախոտի բնախօսական ազդեցութիւններուն համաձայն, կը յառաջանան հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթները.

1.- Սրտի եւ զարկերակային հիւանդութիւններ.

ա.- Սրտի տագնապ (heart attack) եւ սրտի զարկերակային խցում: Այս երկու հիւանդութիւններն ալ աւելի յաճախ կը տեսնուին ծխախոտ գործածողներու մօտ։ Սրտի զարկերակային խցումը կարեւորագոյն պատճառներէն մէկն է ընդհանուր մահերու։ Ծխախոտի գործածութեամբ պատահած բոլոր մահերուն մէկ-երրորդը հետեւանք են սրտի զարկերակներու խցումի։ Ծխախոտ գործածողները 70 առ հարիւրով աւելի հաւանականութիւնը ունին տառապելու եւ մահանալու սրտի տագնապէ, քան չծխողները։ Սրտի զարկերակային խցումներու մահերուն 25 առ հարիւրը կը պատահի ծխախոտի պատճառով։

բ.- Սրունքներու զարկերակային խցումներուն 95 առ հարիւրը հետեւանք է ծխախոտի գործածութեան. այս խցումներուն պատճառով, ենթական կ’ունենայ քալելու դժուարութիւն, սրունքներու մկանային ցաւեր (intermitant claudication), ոտքի մորթային այլակերպութիւն, բորբոքում եւ փտախտ (gangrene):

գ.- Ուղեղային զարկերակներու խցումները նոյնպէս աւելի յաճախ կը տեսնուին ծխախոտ գործածողներու մէջ, որոնց պատճառով հիւանդը կ’ունենայ մասնակի, ամբողջական, միակողմանի եւ կամ երկկողմանի անդամալոյծ վիճակ։

2.- Թոքային հիւանդութիւններ.

ա.- Ոչ խլիրդային հիւանդութիւններ.

Ծխախոտը կարեւորագոյն պատճառն է մնայուն ցնցղատապի (bronchitis) եւ փքուռոյցի (emphysema). անիկա աւելի յաճախակի կը դարձնէ շնչարգելութեան պարագաները, փոփոխութեան կ’ենթարկէ թոքերու մաշկային հիւսուածքը եւ անոնց գործելակերպը, կը բարդացնէ թոքային բորբոքումները, կրիփը եւ հարբուխը։ Ծխախոտը շատ աւելի կարեւոր դեր կը խաղայ՝ բաղդատաբար միջավայրի եւ մթնոլորտի վատառողջ երեւոյթներուն, վերոյիշեալ հիւանդութիւններու զարգացման մէջ։ Այս բոլորը կը յառաջանան ներշնչուած ծխախոտի թունաւոր կազերու միջոցով։ Մնայուն ցնցղատապէ եւ փքուռոյցէ տառապողներուն 90 առ հարիւրը եղած են ծխախոտ գործածողներ, իսկ մահացողներուն 75 առ հարիւրը նմանապէս եղած են երկարատեւ ծխողներ։ Ծխախոտ գործածողներ թոքային անհաճոյ յաւելեալ վիճակներ կ’ունենան, ինչպէս՝ հազ, խուխ, շնչահեղձութիւն եւ յոգնածութիւն։ Անոնք նաեւ յաճախակի բարդութիւններ կ’ունենան վիրաբուժական որեւէ գործողութեան ընթացքին եւ գործողութենէ ետք։

բ.- Խլիրդ.

Ծխախոտը կարեւորագոյն պատճառն է թոքի խլիրդի՝ կուպրի ներշնչումով։ Կուպրը իր մէջ կը պարունակէ խլիրդ յառաջացնող նիւթեր: Տարուէ տարի թոքի խլիրդէ մահացողներուն թիւը կը բազմապատկուի՝ ծխողներու թիւին բարձրացումով։ Ծխախոտը պատճառ է թոքի խլիրդով մահերու 90 առ հարիւրին։ Այս արդիւնքը տոկոսային առումով կախեալ է գործածուած ծխախոտի քանակէն, ծխելու ժամանակամիջոցէն եւ ծխախոտի կանխահաս գործածութենէն։ Անցեալին իգական սեռը նուազ քանակութեամբ կը ծխէր, աւելի զտիչ (filter) կը գործածէր, նուազ կուպր պարունակող գլանիկներ կը գործածէր եւ նուազ կը ներշնչէր. այս բոլորին պատճառով թոքի խլիրդը նուազ համեմատութեամբ նկատելի էր իգական սեռին մօտ. սակայն ներկայիս այս իրականութիւնը փոխուած է եւ իգական սեռը աւելի մեծ համեմատութեամբ կ’ունենայ թոքի խլիրդ։

  1. Յղութեան անբնական երեւոյթներ.

Ծխախոտ գործածող յղի կիներու մօտ, բաղդատաբար չգործածողներու, անբնական, վաղահաս (premature) եւ մեռելածին (stillbirth) մանուկներ, ինչպէս նաեւ վիժումներ շատ աւելի տեսնուած են։ Ծխախոտի քիմիական նիւթերը, անցնելով արգանդի փառէն (placenta), կը հասնին սաղմին եւ կը վնասեն անոր։

4.- Այլ հիւանդութիւններ եւ ախտանշաններ.

Ծխախոտը կը յառաջացնէ խռչափողի, բերանի, շրթունքի, լեզուի, որկորի, ենթաստամոքսային գեղձի, միզապարկի եւ երիկամի խլիրդ։ Խռչափողի խլիրդէ տառապողներուն 80-85 առ հարիւրը ծխող է։ Ծխախոտ գործածողները 20 անգամ աւելի հաւանականութեամբ խռչափողի խլիրդ կ’ունենան, քան՝ չծխողներ, իսկ մարմնի բոլոր խլիրդները 3 անգամ աւելի հաւանականութեամբ կը պատահին ծխողներու մօտ։

Ծխախոտը կը գրգռէ ջղային դրութիւնը եւ ապա կը հանդարտեցնէ, կը նուազեցնէ ախորժակը, կը յառաջացնէ գլխու պտոյտ, գլխու ցաւ եւ երբեմն՝ փսխուք։ Տեսնուած է, որ ծխելը տղամարդոց մօտ կրնայ պատճառել սերմի տկարացում եւ ամլութիւն։ Ծխախոտ գործածողներ կ’ունենան բերանի վատառողջ իրավիճակ՝ բերնի անհամութիւն, գարշահոտութիւն, այրուածք, ինչպէս նաեւ՝ լեզուի մակերեսային կարծրութիւն, գոյնի փոփոխութիւն եւ լինտերու բորբոքում։ Ծխախոտը կը գրգռէ քիթի խորշերու եւ խեցիներու խլնաթաղանթը եւ կը յառաջացնէ քիթի խցում, խոռոչատապ եւ միջին ականջի բորբոքումներ։ Ան կը գրգռէ նաեւ ամբողջ կոկորդն ու խռչափողը եւ կը յառաջացնէ կոկորդի բորբոքումներ, խռչափողատապ եւ խռպոտութիւն։

Ծխախոտը մահացու վնասներ կը հասցնէ ո՛չ միայն ծխողին, այլ նաեւ՝ անոր շուրջը գտնուող անձերուն, որոնք կը կոչուին կրաւորական ծխողներ (passive smokers), անոնք ծխողներու նման կը վնասուին եւ կ’ունենան անոնց նման շատ մը հիւանդութիւններ եւ ախտանշաններ։ Հետեւաբար ծխողը ոչ միայն ինքզինք կը թունաւորէ, այլեւ՝ իր շուրջը գտնուող անմեղ անձերը։ Տեսնուած է, որ ծխողներու զաւակները շատ աւելի յաճախ շնչառական հիւանդութիւններ կ’ունենան։ Ծխողի մը գլանիկին ծուխը՝ իր քով գտնուող չծխողի մը սրտի հիւանդութեան հաւանականութիւնը 25 առ հարիւրով կ’աւելցնէ։

Ծխախոտի մոլիները իրենք զիրենք կ’արդարացնեն, ըսելով, թէ ծխելը հաճելի է, ծխելով աւելի մտային առողջութիւն կը վայելեն, աւելի աշխուժ եւ հանդարտ կ’ըլլան, աւելի արտադրողականութիւն կ’ունենան, մտահոգութենէ եւ յոգնածութենէ կը ձերբազատին, սակայն իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է. անոնցմէ շատերը ընդհանրապէս հոգեբանական եւ ընկերային գոհացումի  անբաւարարութենէն կը տառապին։ Ծխողներուն մեծամասնութիւնը կը սկսի ծխելու պատանեկան տարիքի մէջ. պատանին կը սկսի ծխել՝ մղուած իր ընկերային միջավայրէն, ի մտի ունենալով անբնական գնահատում եւ դիրք՝ ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ընդդիմութիւն, յեղափոխութիւն՝ իր ծնողքին եւ մեծերուն հանդէպ։

Ծխելու սովորութիւնը եւ մոլութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ’առնչուի մարդու ֆիզիքականին, մտային կարողութեան, ուսման մակարդակին եւ ժառանգականութեան հետ. անհատը իր ազատ կամքով եւ որոշումով կը սկսի ծխել. սակայն տնտեսապէս տկար հաւաքականութիւններու մէջ ծխողներու թիւը համեմատաբար աւելի բարձր եղած է։ Ծխող հայրեր եւ մայրեր վատ օրինակ կը դառնան իրենց զաւակներուն. տեսնուած է, որ տասի վրայ ութ ծխողներու ծնողները եղած են ծխողներ։ Ծխախոտի գործածութիւնը չունի խտրականութիւն, կը հարուածէ բոլոր անոնք, որոնք կը գործածեն զայն։

Ծխախոտի գործածութիւնը աշխատանքի ընթացքին իր ժխտական ազդեցութիւնը ունի երկրի մը արտադրողականութեան վրայ։ Անիկա կը նուազեցնէ ծխողներու գործօն եւ արդիւնաւոր տարիներու թիւը, ինչպէս նաեւ՝ անոնց արտադրութեան քանակը եւ որակը. կը բազմապատկէ անկարող, տկար եւ հիւանդ աշխատաւորներու թիւը. կը բազմապատկուին բացակայող գործաւորներու, ինչպէս նաեւ աշխատանքի պահուն արկածներու թիւը։

Այս բոլորը գիտնալէ ետք, ծխախոտ գործածողներ հարկ է որ հրաժարին եւ դադրին ծխելէ։ Ծխախոտէ ձերբազատիլ կը նշանակէ փրկութիւն՝ դրամի անտեղի մսխումէ, անհաճոյ հիւանդութիւններէ եւ վաղահաս մահէ։ Ծխախոտ գործածողը պէտք է լրջօրէն հասկնայ եւ համոզուի ծխախոտի մահացու ըլլալուն, ապա կտրուկ կերպով դադրի ծխելէ. միեւնոյն ժամանակ հեռու մնալու է ոգելից ըմպելիներէ եւ ծխողներէ, որոնք կրնան զինք մղել ծխախոտի վերագործածութեան։ Ան փոխարինելու է ծխախոտը այլ ընտրութիւններով, օրինակ՝ մարմնամարզ, գծագրութիւն, երաժշտութիւն, ընթերցանութիւն, խմբային աշխատանք եւ ընկերային ծառայութիւն։ Ծխողին շրջապատը՝ ընկերները, բարեկամները եւ ընտանիքը քաջալերելու են եւ զօրավիգ կանգնելու են անոր, որպէսզի ան անխախտ մնայ իր որոշումին մէջ եւ չվերադառնայ ծխախոտի։ Յատուկ բժշկական-ընկերային կեդրոններ եւ բժիշկներ մեծ օգտակարութիւն կրնան ունենալ ծխելէ ձերբազատելու գործողութեան կիրարկումին։ Տեսնուած է որ ծխողներուն 70 առ հարիւրը կ’ուզէ ձերբազատիլ ծխախոտի գործածութենէն, 35 առ հարիւրը կը փորձէ չծխել, բայց միայն 5 առ հարիւրը կը յաջողի վերջնականապէս չծխել։

Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, ծխախոտի գործածութեան դէմ պայքարը սկսած է շատոնց, զանազան մակարդակներու վրայ եւ ձեւերով։ Կրաւորական պայքարը ազդեցիկ եւ արդիւնաւոր չէ եղած մինչեւ այսօր։ Ծխախոտի գործածութեան դէմ պայքարելու համար նախ եւ առաջ ծխախոտի գովազդները պէտք է արգիլուին բացարձակապէս։ Բոլոր երկիրները պէտք է ունենան ազգային եւ պետական չափանիշներով օրէնքներ, որոնք սահմանեն ծխողներու համար արտօնուած որոշ տեղեր հանրային վայրերու մէջ, հսկեն ծխախոտի մէջ գտնուող վնասակար նիւթերու քանակին, սահմանափակեն կամ բոլորովին արգիլեն գովազդները, զարգացնեն ու քաջալերեն հակագովազդները։ Ժամանակը հասած է, որ պետութիւններ որդեգրեն ծխելու դէմ գործօն պայքար, արգիլեն ծխելը, որովհետեւ եթէ արգիլուած չէ, «ուրեմն արտօնուած է», այսպէս կ’ըսեն երիտասարդները եւ պատանիները։

Դաստիարակութիւնը մեծ դեր կը խաղայ ծխախոտի գործածութեան պայքարին մէջ։ Դպրոցներ, ակումբներ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, պատասխանատու հաստատութիւններ, առողջապահական նախարարութիւններ, բժիշկներ եւ հիւանդապահուհիներ իրենց առաւելագոյն ճիգը պէտք է ընեն դաստիարակելու համար ժողովուրդը, ի մասնաւորի պատանիները եւ երիտասարդները:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button