ԿիզակէտՅօդուածներ

Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթոռի Ապահովման Աշխատանք

 

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

ՄՈՒՏՔ

Ինչո՞ւ մտքերու այս շարքը:

Տագնապը, զոր Հայաստանը կ՛ապրի, մեծ է, իսկ Սփիւռքի վիճակը` ծանր:

Բնական է սպասել, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի խնդիրները լուծելու համար մտածուած եւ յուսալի աշխատանք տանին հայրենի իշխանութիւնները եւ անոնց մրցակից քաղաքական ուժերը, բայց նման նախաձեռնութիւն չ՛երեւիր հայրենի հորիզոնին վրայ: Հիմնական լուծումներու ձգտող յուսալի նախաձեռնութիւններ չկան նաեւ Սփիւռքի մէջ:

Ամէն յանձնառու հայ մարդ այս վիճակին մէջ պարտի իր կարելիով մասնակցիլ:

Այս տողերուն հեղինակը կը փափաքի այդ ընել` բերելով իր համեստ յաւելումները մեր ազգային-մարդկային կեանքին առնչուող գաղափարներու խումբին:

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԱԹՈՌԻ ԱՊԱՀՈՎՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Քարոզչութիւնը օգտակար է եւ շատ կարեւոր, եթէ կատարուի տրամաբանական չափով եւ հանրութիւնը լուսաբանելու ու տեղեակ պահելու նպատակով: Այս տեսակ քարոզչութիւնը պիտի կոչենք «առողջ քարոզչութիւն»: Բայց այս օրերուն կան ընդվզեցնող պարագաներ:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ երկրի մը վարչապետը կ՛ընէ այնպէս, որ գրեթէ ամէ՛ն օր հեռատեսիլի պետական կայանը օրուան լուրերուն բաւական մեծ մասը օգտագործէ զի՛նք ցուցադրելու համար: Կամ` երբ ամէն օր հեռատեսիլէն ցուցադրուին կառավարութեան թատերականացած նիստեր, ուր մեր վարչապետը միշտ գլխաւոր դերը կը ստանձնէ: Կամ` երբ ժողովուրդը կը ստիպուի ամէն օր դիտել իր վարչապետին կատարած ձեւական եւ անիմաստ այցելութիւնները: Կամ` երբ զանազան նախարարութիւններ հեռատեսիլային «շոու»ով (ցուցադրական) ձեւական «հաշուետուութիւն» տան վարչապետին:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ միանձնեայ ղեկավարութիւն ունեցող հայրենի «կուսակցութիւն»ներ իրենց խօսնակներով անդադար իրենց անփոխարինելի ըլլալը եւ ներկայ իշխանութիւններուն միակ այլընտրանք ըլլալը կը շեփորեն:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, հանրային գործիչներ, մտաւորականներ եւ հաստատութիւններ բեմերը եւ լրատուական դաշտը` իր բոլոր տեսակներով, կը գործածեն իրենց «ուշագրաւ» իրագործումներու չվերջացող պատումներով, եւ ձեւը կը գտնեն իրենք զիրենք լուսարձակի տակ բերելու` ձանձրացնող յաճախականութեամբ:

* * *

Անդադրում ինքնագովութիւնը եւ թատերական «շոու»ն կեղծիք կը պարունակեն եւ հետեւաբար կը խաթարեն հանրային մթնոլորտը, կը բարոյալքեն ընկերութիւնը:

Անդադրում ինքնագովութիւնը եւ թատերական «շոու»ն ժամանակի ընթացքին ժողովուրդը պիտի տանին դէպի անտարբերութիւն եւ հիասթափեցնելով գիտակից երիտասարդութիւնը` զայն պիտի մղեն հեռանալու ազգային գործէն:

Անդադրում ինքնագովութիւնը եւ թատերական «շոու»ն խորքին մէջ կը ծառայեն իշխանութեան վրայ մնալու կամ իշխանութեան հասնելու նպատակին:

Պետութիւն, հայրենիք, ազգ փրկելու կարողութիւնը ունենալէ հեռու պիտի ըլլանք, եթէ խստիւ չմերժենք բոլոր նման երեւոյթները, ո՛ւր որ ալ հանդիպինք անոնց` հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button