Թորոնթոյի Մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 133-Ամեակ

0 0
Read Time:2 Minute, 23 Second

Թորոնթոյի մէջ, Յունուար 20-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. 133-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Առաջին հերթին, կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութենէն երիտասարդական «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղ փոխանցման արարողութիւն:

Ուղերձով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. «Սողոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեան։ «Դաշնակցութիւնը Քանատայի մէջ կը գործէ աւելի քան 120 տարիէ ի վեր: Այսօր, 120 տարի ետք, կը շարունակէ գործել նոյն աշխուժութեամբ եւ թափով: Տակաւին անցեալ տարի մեր կուսակցական շարքերը համալրուեցան 23 նոր անդամներով ՝ Օնթարիոյի 3 կոմիտէութիւններէն, որոնց կէսը երիտասարդական շարքերու անդամներ էին. բան մը՝ որ ցոյց կու տայ կուսակցութեանս պայծառ ապագան», յայտնեց ան։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ֆրանսայէն յատկապէս հրաւիրուած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական ներկայ կացութեան, հայրենի պետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Արցախեան վերջին պատերազմէն ու բռնի տեղահանումէն ետք արցախահայութեան առկայ իրավիճակին մասին։ Ան ըսաւ. «Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ հզօր պետութեան կերտումն է այս տարածաշրջամի մէջ գոյատեւելու եւ ապա զարգանալու միակ գրաւականը: Հզօր պետութիւն՝ որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան, բարգաւաճ տնտեսութեան եւ ռազմական կարողութիւններու վրայ: Այդ հզօր պետութիւնն է որ մեզի թոյլ պիտի տայ ազատագրելու Արցախը թշնամական բռնագրաւումէն։ Հզօր պետութեան մեր պատկերացումը ունի հետեւեալ կարեւորագոյն բաղադրիչները։ Առաջին՝ Արտաքին քաղաքականութիւն, կը հաւատանք որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միակ արեւելումը պէտք է ըլլայ Հայկական»։ Հզօր պետութեան մեր պատկերացումը ունի կարեւորագոյն բաղադրիչներ, որոնցմէ առաջինը՝ արտաքին քաղաքականութիւնն է եւ կը հաւատանք որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միակ արեւելումը պէտք է ըլլայ Հայկական արեւելում»։

Ներազգային գետնի վրայ, պատգամաբերը նշեց, որ կուսակցութեան կիզակեդրոնը յառաջիկայ հանգրուանին Արցախի հիմնախնդիրն է։ Ան միաժամանակ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ հանդիսացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ Հ․Հ․ իշխանութիւններուն կողմէ կը տարուի մոլեգին պայքար, որ կը նպատակադրէ մէկ թիրախ՝ տկարացնել կուսակցութեան կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամտութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ։ Ան յայտնեց, որ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, նման փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, որ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար անհրաժեշտ է հաւատք եւ հետեւողական աշխատանք։ Ծրագրուած գործ` անխտիր բոլոր ոլորտներու մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր պետութիւն, մարտունակ բանակ, ազգային գիտակցութեամբ հայութիւն, ամրակուռ սահմաններ, ու կազմակերպուած սփիւռք: Երկարաժամկէտ առումով, Հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն է որ պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական հնարաւորութիւններ որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու»:

Դաշնակցութեան եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած յեղափոխական եւ հարենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Սերոբ Յակոբեան, «Կիլիկիա» նուագախումբին հետ։ 133-ամեակի կարկանդակը հատեցին Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Վահան Աճէմեան եւ Հ.Յ.Դ. Քանատայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խորէն Տիմիթեան։

Երգիչ Սերոբ Յակոբեանի կողմէ պատրաստուած յատուկ տեսանիւթով յիշատակուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Սողոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան երկարամեայ հաւատարիմ կուսակցական, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Վարանգաթաղի պաշտպանութեան թէժ մարտերուն նահատակուած Քրիստափոր Արթինը, որուն նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան եւ անձնուրացութեան մասին վկայակոչեց իր կուսակցական ընկերը՝ Հրաչ Ճապրայեան։

Հ.Յ.Դ. «Սիմոն Զաւարեան» երիտասարդականի եւ «Քրիստափոր» ու «Ռոստոմ» պատանեկանի անդամները կուռ շարքերով ու Արցախի դրօշներով մասնակից դարձան Սերոբ Յակոբեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբի հայրենաշունչ երգերուն։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles