Պէտք Է Շրջանցել Բանակցութիւններու Անելը

0 0
Read Time:2 Minute, 34 Second

 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Յայտարարուած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի մինչեւ 2023 թուականի աւարտը: Պայմանագիրի բազմաթիւ բնօրինակներ փոխանցուեցան երկուստեք: Փոխանցուած նախագիծերը, երբ Հայաստանէն կը փոխանցուէին, մերժուեցան Ատրպէյճանի կողմէ, Ատրպէյճանի կողմէ փոխանցուածներն ալ` Հայաստանի կողմէ: Կ՛ըսուէր, որ այս ուղղակի, առանց միջնորդի հաղորդակցութիւնը կ՛ընթանայ դրական հունով, հիմնական խնդիրները լուծուած են, կը մնան միայն քանի մը մանրամասնութիւններ, որոնց շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային ամբողջական գաղտնապահութեան պայմաններուն մէջ. ոչ ոք գիտէր, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ Ատրպէյճան, նոյնպէս անյայտ էր, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ Հայաստան: Կարգ մը սպրդած տեղեկութիւններէն կարելի էր կռահել, որ Ատրպէյճան չափազանցուած պահանջներ կը դնէ, որոնց Հայաստան կը փորձէ առարկել ու աւելի ընդունելի տարազներ գտնել:

Յունուար ամսուան սկիզբը, Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ, որ անակնկալօրէն նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ հրամանագրած էր, մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը: Այդ հարցազրոյցի ընթացքին, սովորական դարձած յոխորտանքներէն ետք, Իլհամ Ալիեւ բացայայտեց Ատրպէյճանի պահանջները: Յայտնեց, որ սահմանազատման բանակցութիւնները կապ չունին խաղաղութեան պայմանագիրին հետ: Անոնք կրնան շարունակուիլ պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք: Կը հետեւի, որ Ատրպէյճան Հայաստանէն իր գրաւած շրջաններէն հեռանալու մտադրութիւն չունի: Այս բարձունքները կը ծառայեն դիտարկելու ամբողջ Հայաստանը եւ զայն մարտականօրէն զգաստ պահելու: Աւելին. Ալիեւ կը պահանջէ ոչ միայն Հայաստանի հողերով շրջափակուած չորս գիւղերը (անքլաւները), այլեւ մեզի անծանօթ սահմանային ուրիշ չորս «Ատրպէյճանական» գիւղեր: Այս վերջիններուն յանձնումը նախապայման է, մինչ շրջափակուածներուն շուրջ կարելի է բանակցիլ:

Իլհամ Ալիեւ կրկին կը յիշեցնէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխափան եւ Հայաստանի կողմէ չվերահսկուող ուղի ստեղծելու պայմանը: Այդ ուղին, կամ միջանցքը, Ատրպէյճանը պիտի կապէ Ատրպէյճանի հետ եւ պէտք է բացուի Մեղրիի շրջանին մէջ, Արաքս գետի ափին. ուրիշ խօսքով` Հայաստանի կապը Իրանի հետ պիտի վերահսկուի Ատրպէյճանի կողմէ:

Շարունակենք: Ալիեւ կը մերժէ բանակցութիւններու ատեն հիմնուիլ խորհրդային շրջանի քարտէսներուն վրայ: Պէտք է հասկնալ, որ Իլհամ Ալիեւի համար, սահմանազատման հիմք կը հանդիսանան զինուորական նուաճումները: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ ողջ տարածքը կը նկատէ Արեւմտեան Ատրպէյճան. կը յայտնէ, որ 1918-ին Երեւան (Իրիւան) Ատրպէյճանական քաղաքը ապօրինաբար յանձնուած է Հայաստանին: Ալիեւի համար Հայաստան առհասարակ գոյութիւն ունի՞ արդեօք:

Նիկոլ Փաշինեան այս վտանգաւոր նկրտումներուն պաշտօնական պատասխան չտուաւ: Պատասխանեց իր կուսակցութեան ժողովի ընթացքին, զգուշութեամբ քննադատելով Իլհամ Ալիեւի առաւելապաշտական յայտարարութիւնները: Այսքան լկտիաբար հրապարակուած պահանջներէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան դարաշրջան հիմնելու առաջադրանքը. Հայաստան, ի՜նչ Հայաստան, կը նպատակադրէ դառնալ Կովկասի մէջ «խաղաղութեան» խաչմերուկ:

Դժուար չէ հասկնալ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները մատնուած են անելի: Արցախը զիջելէ, այլ զիջումներու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելէ ետք, Ատրպէյճանի ախորժակները բացուած են եւ պահանջները համայնակուլ դարձած: Անոնք, կը թուի, որ նոյնիսկ Փաշինեանի կողմէ անընդունելի են:

Նման վիճակի մատնուած իշխանութիւն մը ի՞նչ պիտի ընէր անելէն դուրս գալու համար: Երկրորդական ու լուսանցքային հարցերո՞վ պիտի զբաղեցնէր հանրային կարծիքը, թէ՞ անկեղծօրէն բացայայտէր կացութեան անելանելի ըլլալը եւ դիմէր արտակարգ քայլի մը, քաղաքական քաջ կեցուածքի մը:

Եթէ հրաժարականով իշխանութենէն հեռանալը բացառուած է, քանի որ գռեհիկ ժողովրդավարութեան հասկացողութեամբ ժողովուրդը զայն ընտրած է հինգ տարուան համար, կարելի է յառաջացնել ազգային լայն միութիւն մը, ժողովուրդին բոլոր խաւերը մասնակից դարձնելով անելէն դուրս գալու համազգային ճիգին:

Նման համախմբումի մը նախաձեռնութիւնը տրամաբանօրէն պէտք է գայ իշխանութենէն, սակայն ամէն մեղք «նախկիններուն» վերագրելէ ետք, դժուար է, հասկնալիօրէն, նման քայլի դիմել: Քաջութիւն կ՛ուզէ սխալը ընդունելով նորը կառուցելու նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ:

Ընդդիմութի՞ւնը պէտք է նախաձեռնէ ազգային միութեան ստեղծումը, դիւրացնելով իշխանութիւններուն գործը: Թերեւս:

Սպասենք նոր զարգացումներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles