Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 120ամեակի տօնակատարութիւնճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 12ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ : Օրուայ պատգամախօսն էր Գանատայէն ժամանած Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի գրասենեակներու վարիչ պատասխանատու ընկ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ներկայ էին Ս. Սարգիս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան եւ հոգաբարձութեան անդամ Սեպուհ Սագիսեան, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ պատուակալ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Աբրահամ. Քհնյ. Յովհաննէսեան, եւ հրաւիրեալ կոկիկ հասարակութիւն մը:
Օրուան հանդիսավարն էր »Ազատամարտ« կոմիտէութեան Հերթապահ ընկհ. ՃօրճիԱնն Օշական: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուայ պատգամախօս եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կենսագրական գիծերը, եւ ապա զայն բեմ հրաւիրեց ներկայ հասարակութեան փոխանցելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրուայ պատգամը:
Ընկ.Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի թէ անգլերէն եւ թէ հայերէն լեզուներով տուաւ իր օրուայ պատգամը:
Ան յայտնեց թէ. »Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը տօնելու սովորութիւնը սկսած է 1924ին: Այս օրն է ուր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ իր ժողովուրդին ու համակիրներու, մասնաւորապէս հաշուետուութեամբ, անիկա այն օրն է, որուն ընթացքին մենք կը քննենք մեր ներկան, կÿարժեւորենք այդ օրուայ մեր կացութիւնը, մեր ըսելով՝ ոչ միայն Հ.Յ.Դաշնակցութեան այլ մեր ժողովուրդին առհասարակ, եւ կը խօսինք մանաւանդ մեր ընելիքներուն եւ մեր իրագործումներու մասին, ակնարկելով սակայն հիմնականին մէջ խօսիլ մեր յառաջիկայ մէկ երկու տարիներու ընթացքին մեր օրակարգին վրայ գտնուող նիւթերու կապակցութեամբ :… Հայ Դատի պայքարին մէջ չկայ մօտեցումներու տարբերութիւն, եւ մեր պետութիւններուն ըլլայ Հայաստան եւ Արցախի մէջ, կատարուելիք աշխատանքի կապակցութեամբ չկայ տարակարծութիւն: Եւ ատոր համար ուրախ ենք ըսելու որ համագործակցութեան նոր դաշտ մըն է, որ կը բացուի մեր առջեւ եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով այդ աշխատանքը բեղմնաւորելու, արդիւնաւորելու առաւելագոյնս:…Բնականաբար կարելի է նաեւ այս հաշուետուութեան օրուայ ընթացքին մի քանի կէտերով ամփոփել նաեւ Հայրենի աշխարհին մէջ արձանագրած մեր հիմնական իրագործումները եւ մօտիկ ապագայի մեր ձգտումները: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը վերցուց իր բաժինը այդ դերակատարութեան որ Հայաստանի պետականութիւնը ամրօրէն կառչած մնաց Արցախի ազատագրական դատին, եւ զիչումներ չկատարէ որպէսզի կարողանայ պատերազմի դաշտին վրայ կլանուած յաղթանակները վերածել վերջնական իրագործումներու դիւանագիտական սեղաններու վրայ:
Մենք յաջողեցանք նախ կատարել ազգային պառակտումի ճիգերուն առնուած բոլոր քայլերուն չէզոքացումը, եւ մանաւանդ ամրապնդել կապը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, աշխատանք մը, ճիշդ է որ այդ աշխատանքը որոշ չափով սկսաւ 1990էն ետք, եւ այդ շրջանին սփիւռքեան խորհրդաժողովներու ճամբով, եւ վերջ ի վերջոյ հանգեցաւ սփիւռքի նախարարութեան հիմնումով : Աշխատանք մը որ մենք կը կարծենք որ մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենայ Հայաստան Սփիւռք կապերու ամրապնդման, եւ նոր աշխատանքներու յայտնաբերման իմաստով: Մենք յաջողեցանք նաեւ պաշտօնական Երեւանը մղել որ միանայ սփիւռքի ճիգերուն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ«:
»Ազատամարտ« կոմիտէն նախապէս որոշում առած ըլլալով, ամէն տարի Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրուան առիթով գնահատագիրով մը պատուել գաղութիս անձնաւորութիւն մը, որ իր գործունէութեամբ սատար հանդիսացած է գաղութիս ազգային հասարակական գործունէութեան ծիրին մէջ: Առաջին արժանաւոր անձը հանդիսացաւ տիկ. Պէթի Ափիկեան Քասըլը: Ընկհ. ՃօրճիԱնն համառօտ գիծերու ներկայացնելէ ետք անոր գործունէութիւնը գաղութիս ազգային հասարակական գործունէութեան մէջ, անոր յանձնեց պատրաստուած գնահատագիրը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմադրութեան 120 ամեակի մոմավառութիւնը, քոյր միութիւններու, ներկայ հասարակութեան եւ ընկ. ընկերուհիներու կողմէ եղան նուիրատուութիւններ որմէ գոյացաւ կոկիկ գումար մը:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ