Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Նիւ Եորք: Առաջին հերթին, ան այցելեց Տակլըսթընի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Թրթռեանին, հոգաբարձութեան, ազգային երեսփոխաններուն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողմէ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին կատարած երրորդ այցելութիւնը յիշեալ եկեղեցին: Ան ըսաւ, որ այս եկեղեցին թեմի աշխոյժ ու կազմակերպ համայնքներէն մէկն է, ուր բոլոր կառոյցները ներդաշնակօրէն կը ծառայեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու շրջանի կառոյցներուն եւ ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան՝ իբրեւ Աստուծոյ տունը: «Բոլորս այս տան զաւակներն ենք. այս տունը մեզ կը պաշտպանէ կեանքի բոլոր չարիքներէն. այս տունը մեր հաւատքը կը զօրացնէ. այս տունը մեզ կը մղէ սիրել զիրար եւ երբեք չի յուսահատիր կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց: Հետեւաբար, հարկ է մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան», շեշտեց Արամ Ա․:
Ապա, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Նարեկ Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան խօսք առնելով՝ հրաւիրեց ժողովուրդը իրենց մտահոգութիւնները եւ հարցումները ուղղելու Հայոց Հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին Հայրապետը անհրաժեշտ բացատրութիւնները ու լուսաբանութիւնները տուաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 18-ին, տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան ու Վեհափառ Հայրապետին միջեւ հանդիպում-զրոյց՝ մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ երիտասարդութեան: Շուրջ 100 երիտասարդներու հետ երկու ժամ տեւած հանդիպումը փաստօրէն երկխօսութիւն մըն էր։ Հարցումները առաւելաբար առնչուած էին Սփիւռքի վերակազմակերպման, եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ յատկապէս երիտասարդութեան դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս։
Կիրակի, Նոյեմբեր 19-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին: Պատարագիչն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը: Եկեղեցին լեցուն էր թէ՛ Նիւ Եորքէն եւ թէ այլ շրջաններէ հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու Ս. Պատարագի խորհուրդով եւ լսելու Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական խօսքը:
Սրտի խօսք առնելէ ետք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը եւ եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդը, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովրդեան։ Ան իր գնահատանքը յայտնելէ ետք արեւելեան թեմի առաջնորդ սրբազանին, հոգեւոր դասուն ու ազգային վարչութեան, խօսեցաւ ընտանիքի կարեւորութեան մասին։
Ան լայնօրէն անդրադարձաւ իւրաքանչիւրին, միշտ շեշտելով ընտանիքի սրբութիւնը, ինքնութիւնը ու ազգային նկարագիրը պահելու հրամայականը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ զանազան ըմբռնումներ ու կենցաղակերպեր սկսած են աղարտել հայ-քրիստոնեայ ընտանիքին նկարագիրը:
Իր պատգամի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց հայ ընտանիքին սրբազան կառոյց ըլլալու հանգամանքը։ Ան ըսաւ, որ հայ ընտանիքը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է։ Ան ճակատագրական դեր ունեցած է եւ ունի մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները։ Հետեւաբար, հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն, Հայրապետը եզրափակեց իր պատգամը։
Ամերիկային Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց Թեմին կատարած այցելութեան առիթով եւ նկատի ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին եւ ունեցած լայն կապերը, Ազգային Առաջնորդարանը միջ-եկեղեցական աղօթքի արարողութիւն մը կազմակերպեց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան մասնակցեցան Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը եւ Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը: Միջ- եկեղեցական աղօթքին մաս կազմեցին նաեւ Նիւ Եորքի բոլոր օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած եկեղեցական այս արարողութիւնը խոր տպաւորութիւն թողուց ներկաներուն եւ առցանց հետեւողներուն վրայ: Եզակի երեւոյթ էր յատկապէս Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի 24 տուներուն ընթերցումը 24 լեզուներով՝ ներկաներուն կողմէ։
Միջ-եկեղեցական աղօթքի աւարտին, Առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելով՝ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցելու: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միութեան ըմբռնումին ու հրամայականին, ինչպէս նաեւ միութեան գործնական արտայայտութիւն տալու միջոցներուն:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: