«Հեռաձայնն ալ դժուար եղաւ գործածելը։ Հազար ներողամտութիւն, եթէ անհասկնալի է խօսածս։ Անհանգիստ եմ։ Կարծեմ ալ հասունցած եմ․․․», այս եղաւ մեր վերջին բջիջայինով զրոյցը, ընկեր Նուպար Տէմիրճեանին հետ։
Ընկեր Նուպարը Սան Ֆրանսիսքօ կ՛ապրէր․․․ Պոսթընէն՝ «Հայրենիք»-ի խմբագրատունէն մղոններ հեռու։ Տարբեր ծովափներ, սակայն ան միշտ ալ մօտիկ էր «Հայրենիք»-ին եւ բազմիցս յօդուածներ կը յղէր։
Յատկապէս պսակաձեւ ժահրի օրերուն երկար զրոյցներ կ՛ունենայինք։ Մտահոգ էր ան։ Առաջին հերթին իր գաղութով եւ անշուշտ իր հայրենիքով եւ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի օրերուն։ Յիշատակելի էր այն օրը, երբ ան ամենայն տխրութեամբ տեղեկացաւ Շուշիի անկման գոյժը։ Զանգեց եւ չկրցանք զրուցել։ «Հո՞ս հասանք» խօսքը հազիւ կրցաւ փոխանցել։ Կոկորդը կ՛արգիլէր, որ աւելի ողբար։
Ահաւասիկ ցայտուն օրինակ մը, այն Սփիւռքահայ տիպարին, որ մօտէն կը հետեւէր անցուդարձերուն։ Ընկեր Նուպարը շարունակ կը տառապէր, կը հեկեկար եւ կ՛ընդվզէր։
«Հին դպրոց»-ին կը պատկանէր ընկեր Նուպարը։ Դպրոց մը, որ դիտմամբ կը չակերտենք, պարզապէս շեշտելու համար, թէ որքա՜ն տարբեր էր համեմատած ներկայ իրավիճակին։
Այո՛, ադ «հին դպրոց»-էն թրծուած մեր ընկեր Նուպարը սաստիկօրէն կը զայրանար եւ երանի կու տար հին օրերուն։
Իր յառաջացած տարիքին, ընկեր Նուպար մտահոգ չէր իր «տերեւաթափ»-ով, այլ իր անմիջական միջավայրով։ Սան Ֆրանսիսքոյի փոքր գաղութն ալ սկսած էր հետզհետէ հողին յանձնել տասնեակ տարիներու գործօն ընկերները։ Քաջատեղեակ էր, որ ինքն ալ պիտի հետեւէր գաղութի այդ նուիրեալ ընկերներուն։
«Օրերը կ՛անցնին ու կը թաւալին։ Ապրելակերպ փոխուած է։ Մտահոգ եմ մեր գաղութով, եկեղեցիով, հայրենիքով», կ՛ըսէր ընկեր Նուպարը։
Խունկ ու մոմ․․․Հողը թեթեւ գայ վրադ գրչակից ընկեր։
«Հայրենիք» խոր ցաւակցութիւն կը յայտնէ ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն։