ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԱՐԱՄ Ա․ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնատեղին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը։

Մուտքին Վեհափառը դիմաւորուեցաւ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն, վերապատուելիներու ու պաշտօնէութեան կողմէ։

Ընդհանուր ծանօթացման կարճ հանդիպումէ մը ետք, ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, կեդրոնին կողմէ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։ Այս ընթացքին խօսք առին Քալվին Սաղըրեանը եւ Զաւէն Խանճեանը։ Խօսք առնելով, Խանճեան ներկայացուց Վեհափառին բազմակողմանի աշխոյժ գործունէութեամբ եւ շեշտեց, որ ան իր ծառայութեամբ նոր հմայք տուաւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի հայութեան։ Աւարտին գործադիր տնօրէն Խանճեանը յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ կեդրոնին կողմէ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը դրաւ Հայրապետին տրամադրութեան տակ՝ Դպրեվանքի առաքելութեան բարեզարդման ու բարգաւաճման ի խնդիր։

Վեհափառը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած կապերուն, նաե՛ւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն գործակցութեան ու միացեալ ծրագիրներուն։ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորութեան, զայն նկատելով ո՛չ թէ եկեղեցւոյ գործունէութեան մարզերէն մէկը, այլ եկեղեցւոյ էութի՛ւնն իսկ։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ Ընկերակցութեան կողմէ կատարուող աշխատանքը միայն աւետարանական եկեղեցին չի ներառեր, այլ անկէ անդին, ան օգտակար կը հանդիսանայ բոլոր այն ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսագործումն է՝ աստուածաբանական ուսման, քրիստոնէական դաստիարակութեան, վկայութեան եւ այլ ծրագիրներու ճամբով։

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգի միաբերան երգեցողութեամբ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles