Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Ընդունեց «Հայաստանի Պաշտպանութեան 2023-ի Օրէնքը»

0 0
Read Time:32 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16-ին Ծերակոյտը միաձայնութեամբընդունեց «Հայաստանի պաշտպանութեան 2023-ի օրէնք» խորագրուած բանաձեւը, որ կրնայ երկրին նախագահէն երկու տարիով խլել 1992-ին վաւերացուած «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»-ի թիւ 907 ենթաբաժինը (Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան վերաբերող)  շրջանցելու իրաւունքը։

907-րդ ենթաբաժինը կը շեշտէ, թէ Ուաշինկթըն չի կրնար Ատրպէյճանին օգնութիւն տրամադրել, Պաքուի հակահայ արարքներուն պատճառաւ, սակայն յետագայ տարիներուն օրէնսդիրները վերամշակած են թիւ 907 ենթաբաժինը, նախագահներուն թոյլատրելով զայն շրջանցել եւ 2002-էն ի վեր, «հակաահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով» ռազմական օժանդակութիւն կը տրամադրուի Պաքուին:

Ծերակոյտին ընդունած այս բանաձեւը ի զօրու պիտի դառնայ, եթէ Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացնէ եւ ապա նախագահ Պայտըն ստորագրէ զայն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles