Ա.Ա.
Հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական ընդհանուր կացութիւնը ներկայիս կ՛ապրի սպասողական իրավիճակ մը, տարածաշրջանին մէջ քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ բնոյթի ազդեցութիւններ ունեցող շրջանային եւ միջազգային դերակատարներու միջեւ քաղաքական սակարկութիւններու եւ շահերու բախմամբ կեցուածքներու եւ դիրքորոշումներու առաւել յստակացման իմաստով։
Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա, ինչու չէ նաեւ՝ Հնդկաստան եւ Չինաստան, Հարաւային Կովկասի մէջ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական բազմաթիւ շահեր եւ ծրագրերու նախագիծերու հետ հազար թելերով շրջանին կապուած են եւ չեն կրնար անմասն մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ արձանագրուող եւ արձանագրուելիք ռազմաքաղաքական իրադրութիւններէն։ Այս թելերուն մէկ կարեւոր համեմատութիւնը կ՛առնչուի ճանապարհներու եւ փոխադրութեան միջոցներու, որոնք կենսական երակներ են՝ շրջանային եւ միջազգային առեւտուրին եւ հաղորդակցութեան համար։ Կովկասեան ընդհանուր խրթին եւ բարդ իրադարձութիւններով նաեւ հետաքրքրուած են Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը, որոնք ըլլալով աշխարհագրականօրէն բաւական հեռու շրջաններ, կը ջանան իրենց բաժինը ունենալ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւններուն եւ զարգացումներուն մէջ՝ յատկապէս խուլ պատերազմ մը մղելով Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ։
Իբրեւ հարաւային կովկասեան պետութիւն եւ աշխարհագրականօրէն թխմուած երկու թշնամիներու՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկիր, Հայաստան բնականաբար իր հայեացքները կ՛ուղղէ տարբեր ուժերու, որպէսզի կարողանայ իր գոյութիւնը պահպանել, ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահել ընդունելի մակարդակի վրայ եւ իր տեղը գտնել հաղորդակցութեան ուղիներու, մայրուղիներու եւ փոխադրութեան այլ միջոցներու բաւական բարդ ցանցի մը մէջ։Այս իմաստով Իրան ունի իւրայատուկ դերակատարութիւն եւ դիրք՝ Հայաստանի համար։Իբրեւ հարաւի մեր դրացին, Իրան կոչուած է ապահովելու մեր ելքը դէպի Պարսից ծոց եւ այլուր, ինչպէս նաեւ ունի Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը հաւասարակշռող ուժ եւ ունակութիւն, որպէսզի արեւելքէն եւ արեւմուտքէն մեզի անդադար հասնող վտանգները չէզոքացուին։ Անշուշտ Իրան հաշուի կ՛առնէ նաեւ իր հիւսիսային շրջաններու ատրպէյճանական ծագումով բնակչութեան ներկայացուցած բազմապիսի վտանգները, ուղղուած՝ Իրանի հողային ամբողջականութեան եւ ներքին անդորրութեան եւ այս ծիրին մէջ բարգաւաճ ու ապահով հարաւ մը ունեցող կայուն Հայաստան մը Իրանի համար ռազմավարական մեծ յաջողութիւն մը կը սեպուի։
Թելադրուած աշխարհաքաղաքական հարցերէն եւ սահմանակից պետութեան մը շահերուն հետ նոյնացող շրջանային եւ միջազգային իրադրութիւններէն եւ զարգացումներէն, Իրան Հայաստանի համար կը ներկայացնէ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող շրջանային բաւական ուժեղ պետութիւն մը, որուն դիմագրաւած սպառնալիքներուն մէկ կարեւոր համեմատութեան ծագումը Թուրքիա – Ատրպէյճան ճակատէն է, հաշուի առնելով այն զարգացումները եւ իրադրութիւնները, որոնք թրքական երկու պետութիւնները այսպէս թէ այնպէս կը հակադրեն Իրանի եւ իրանեան շահերուն հետ բախման լուրջ նախադրեալներ կը ստեղծեն։ Հետեւաբար անվարան կարելի է հաստատել, որ Իրան- Հայաստան յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը ռազմավարական դիտանկիւնէ գրեթէ անփոխարինելի են։
Բաւական է յիշել Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտուլահիանի յայտարարութիւնը, զոր ան կատարեց Կապանի մէջ իրանեան հիւպատոսարանի բացման առիթով՝ Հայաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։Երեւանի մէջ յայտարարուածը բաւական խօսուն է եւ կը ցոլացնէ Իրանի իշխանութիւններուն ռազմավարական դիրքորոշումը, զոր անոնք ունին Հայաստանի նկատմամբ։ «Կապանի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին բացումը Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական յարաբերութիւններու խորութեան ցուցանիշն է։ Իրանի դիրքորոշումը շատ յստակ է։ Դէմ ենք կովկասեան շրջանին մէջ սահմաններու աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան։Հայաստանի ապահովութիւնը կը համարենք Իրանի եւ շրջանի ապահովութիւնը»։ Քաղաքական դիրքորոշման մը շատ յստակ բանաձեւում մը, որ կը ցոլացնէ նաեւ Իրանի մտահոգութիւնները՝ կապուած Հարաւային Կովկասի մէջ արձանագրուող եւ արձանագրուելիք իրադարձութիւններու։ Երեւանի իշխանութիւնները իրանեան այս կեցուածքները պէտք չէ զանց առնեն իրենց արտաքին դիւանագիտութեան առանցքներու ճշդման ընթացքին։