«Պարը կ՚արտայայտէ իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ գիծերը, մանաւանդ բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը»
Կոմիտաս
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Տիթրոյթի «Արաքս» պարախումբը բեմ բարձրացաւ «Համազգային»-ի 95-ամեակի առիթով եւ «Մենք ենք մեր սարերը» նշանաբանով, Կիրակի, Նոյեմբեր 12-ի յետմիջօրէի ժամը 7-ին։
1928, Մայիս 28-ին, սփիւռքացած մտաւորականներու հոյլ մը՝ Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Համօ Օհանջանեան, Ստեփան Եսայեան, Գասպար Իփէկեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան եւ Սարգիս Մալխասեան, հեռաւոր Գահիրէի մէջ, սփիւռքեան բեկորներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու հրամայականով, իր հիմնադիր ժողովով կը հաստատէր «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան նպատակը՝ հայ ժողովրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով»:
Այնուհետեւ տարասփիւռ գաղթաշխարհին մէջ ամէնուրեք պատնէշի վրայ է Համազգայինը իր թատերական ու պարարուեստի միաւորներով, նկարչական դպրոցներով, գրական յանձնախումբերով, տպարաններով…
Տիթրոյթի մէջ 1967-ին կը հիմնուի «Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւն»-ը, որ 10 տարիներ ետք կը միանայ «Համազգային»-ի ընտանիքին, կ՚ունենայ թատերախումբ, կը կազմակերպէ հայ գրագէտներու նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւններ եւ դասախօսական ձեռնարկներ:
2006-ի Նոյեմբերի 11-ին, 11 պարերով առաջին անգամ հանդիսատեսին ներկայացած «Արաքս» պարախումբը, այսօր մատուցեց 26 հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական պարեր։ Բծախնդրօրէն ընտրուած եւ բեմականացուած այս պարացանկը կը վկայէ համարե՛ա հարիւրամեայ կեանք ունեցող Համազգայինի սփիւռքահայ կառոյցներուն կենունակութիւնն ու նպատակասլացութիւնը։
Թագաժահրի օրերուն, կեանքի միւս բնագաւառներուն նման պարախումբն ալ ապրեցաւ իր ճգնաժամը եւ ակամայ բացակայեցաւ բեմահարթակէն։ Այսօր, 117 պարողներով, «Հրաշք» (2-4-րդ դասարան), «Յոյս» (5-7-րդ դասարան) եւ «Արաքս» (փոքրեր՝ 8-11-րդ դասարան) (մեծեր՝ 11-12-րդ եւ համալսարանական) խմբակներով կը ներկայանայ Տիթրոյթահայութեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան ատենապետուհի Շողեր Ուրլեան, որ բարի գալուստ մաղթեց հանդիսատեսին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Համազգային»-ի պարախումբին նեցուկ կանգնած մարմիններուն եւ անհատներուն, որոնց նիւթաբարոյական օժանդակութեան արդիւնքն է նաեւ «Արաքս»-ի այսօրուան ձեռքբերումը։ Երախտագիտութեամբ դրուատեց պարուսոյց Նայիրի Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ Տիգրան Գալէնը, որոնց անսակարկ զոհաբերութեան, բծախնդիր գործելաոճին եւ համբերատար աշխատանքին արգասիքն է տարիքային տարբեր խումբեր ընդգրկող պարախումբի գոյութեան փաստը։ Ան նշեց, որ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95-ամեակի նուիրուած այս ձեռնարկով ո՛չ միայն մեր երախտիքի տուրքը կը մատուցենք հիմնադիր սերունդին, այլեւ անոնց որդեգրած տեսլականին աժմէականութեան վկաները կը հանդիսանանք։ Մեր հայրենիքի դիմագրաւած արհաւիրքի այս օրերուն, մեր նորահաս սերունդներուն ապրելու ու արարելու կորով ներշնչելու եւ հայրենիքին սատար կանգնելու միտումով է, որ կը շարունակենք մեր հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական պարով պահել մեր մշակոյթը եւ մեր համեստ լուման մատուցել բռնի տեղահանուած արցախահայութեան։
«Արաքս»-ի ելոյթի սկիզբը «Աւարայր» պարն էր, իսկ աւարտը՝ «Մենք ենք մեր սարերը»։ Պարացանկի այս սկիզբն ու աւարտը խորհրդանիշն էր կարծես այսօրեայ մեր պայքարին եւ ապագայի մեր տեսլականին։ Պարացանկի «առիւծի բաժինը» գրաւած էին ռազմական պարերը՝ «Շատախի ռազմապար», «Տարօնի Քերծի», «Քոչարի», որոնք դարեր շարունակ պատերազմէն առաջ ու յաղթանակէն ետք անբաժան եղած են հայ տղամարդու կենցաղէն։ Ուշագրաւ էին նաեւ հայրենի մայրաքաղաքներն ու տեղանունները անմահացնող, հայրենիքի սէրն ու կարօտը գովերգող պարերը՝ «Սարդարապատ», «Տեսնեմ Անին», «Զանգեզուրի», «Վաղարշապատի պար», «Մշոյ դաշտեր», «Արցախ», «Բագարան», «Արտաշատ»։ Տօնական-ծիսական պարերէն՝ «Վարդավառը» եւս ներառուած էր յայտագրին մէջ։ Այնուհետեւ ժողովրդականն էր՝ Սայեաթ Նովայի «Չկա քիզ նման» ու «Քամանչա» երգերու նուագակցութեամբ։ Կատակերգական-խաղ պարերէն՝ «Այ այլուղս», «Կատակ պար» եւ «Շալախօ», (մենակատարներ Քարին Գարճեան, Ալեքս Քէօչէեան, Նիքոլ Գաբոյեան, Ալեքս Պասմաճեան, Թալին Սնիթքէն եւ Վազգէն Պասմաճեան):
Ազգագրական երգ ու պարի կարեւորագոյն բաղադրիչ է նաեւ հանդերձանքը՝ «երկրորդ մեղեդի»ն։ Առանձնակի ուշադրութեան արժանի էին տարազներու ընտրութիւնն ու ձեւաւորումը, առ այդ գնահատելի է նաեւ Արաքսի Պետրոսեանի աշխատանքը։
Պարախումբի «Հրաշք» փոքրերուն ելոյթը «Յոյս»-ի շողն է, որ պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի լուսաւոր բարձունքը մեր գոյապայքարին…
ԹՂԹԱԿԻՑ