ՄԱԼԱԿԱ (Սպանիա)․- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 10-11 նոյեմբերին Սպանիոյ Ընկերվար աշխատաւորներու կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ, Մալակային մէջ գումարուած է Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան համագումարը, որ միջկուսակցական այդ մեծ կազմակերպութեան գլխաւոր ժողովն է եւ կը ճշդէ կազմակերպութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան ուղենիշներն ու կ՛ընտրէ նոր ղեկավարութիւն: Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ դիտորդ անդամ, Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան կ՛անդամակցի 2015 թուականէն: Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը եւ Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեանը:
Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը աշխուժօրէն մասնակցեցաւ համագումարի աշխատանքներուն, որոնց շրջանակներուն մէջ շուրջ երկու տասնեակի հասնող հանդիպում-քննարկումներ ունեցան եւրոպական շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու, արտաքին գործոց նախարարներու եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվարական երեսփոխաններու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, հաշուի առնելով արցախեան հիմնախնդիրի ներկայ փուլին ստեղծուած իրավիճակը, կարեւոր նկատեցին արցախահայութեան իրաւունքներու լիակատար պաշտպանութեան, միջազգային գործուն մեքանիզմներու կիրարկումով անոնց վերադարձի իրաւունքի ապահովման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, տագնապին համապարփակ եւ արդար լուծման անհրաժեշտութեան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ուժերու դուրս բերման ու ազրպէյճանական հետագայ ռազմական սադրանքներու կանխման, ինչպէս նաեւ իրագործուած ցեղասպան գործողութիւններու, մարդկութեան հանդէպ յանցագործութիւններու ու ցեղային զտման համար Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ թիրախային պատժամիջոցներու կիրարկման ու զայն միջազգային քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու քաղաքական առաջնահերթութիւնները:
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, ինչպէս Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համաշխարհային ցանցին միջոցով, նոյնպէս ալ կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու ամբողջ կարողականութեամբ պիտի շարունակէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու շահերու պաշտպանութեան աշխատանքները: