Շաբաթ, 11 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, այցելեց Ուաշինկթընի Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր հայրապետական պատգամ ուղղեց ներկաներուն եւ ապա հանդիպեցաւ երիտասարդութեան հետ։
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներու կողմէ ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց աղօթքի կատարում, որմէ ետք Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց։ Հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա․ շեշտեց եկեղեցին Աստուծոյ տունը ըլլալու իրողութիւնը եւ թելադրեց հաւատացեաներուն, որ այս ըմբռնումով մօտենան եկեղեցւոյ։ Ան ըսաւ, որ եկեղեցին վայր մը չէ, ուր կ՚երթանք պարզապէս ներկայ գտնուելու ծիսական արարողութեան մը, այլ Աստուծոյ տունն է, որուն անդամներն ենք մենք։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որուն հետեւեցաւ երիտասարդներու հետ հանդիպում, եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Քաջալերական էր տեսնել մեծ թիւով երիտասարդներու ու անոնց ծնողներուն ներկայութիւնը այս հաւաքին։
Երիտասարդներուն հետ զրոյցը վարեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանը։ Ան Հայրապետը ներկայացուց անոր ունեցած բազմակողմ փորձառութեանց առընթեր, նաեւ իբրեւ հոգեւոր պետ մը, որ միշտ քաջալերած է ու կը քաջալերէ երիտասարդներու մասնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է երիտասարդութեան հե՛տ խօսիլ եւ ո՛չ թէ՝ միայն թելադրել կամ հրահանգել, ու զրոյցը շարունակեց պատասխանելով երիտասարդներուն հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Սփիւռքի վերակազմակերպման, հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման ու առաքելութեան եւ մեր ինքնութեան պահպանման՝ սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն մէջ։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատական ու քաջալերական խօսքին մէջ հայրական կոչ ուղղեց երիտասարդներուն՝ դառնալու աշխոյժ ու գործօն ներկայութիւն հայ կեանքէն ներս՝ թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ մեր միութիւններուն ճամբով։
ՆՈՐ ԿԱՌՈՒՑՈՒԵԻԼԻՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, Նոյեմբեր 12-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուաշինկթընի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի: Թէ՛ եկեղեցւոյ ու թէ՛ համայնքին սրահը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք Սուրբ Պատարագին հետեւեցան զետեղուած պաստառներուն միջոցաւ:
Սուրբ Պատարագէն ետք Նորին Սուրբ Օծութիւնը, անոր ընկերացող շքախումբն ու ժողովուրդը ուղղուեցան այն հողամասը, ուր պիտի կառուցուի Ուաշինկթընի նոր եկեղեցին՝ իր յարակից կառոյցներով: Հոն տեղի ունեցաւ հողի օրհնութիւն։ Նոյն օրը երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին: Այս ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, հոգեւոր հովիւը եւ առաջնորդ սրբազանը: Նորին Սրբութիւնը իր փակման խօսքին մէջ, անդրադառնալով իր այցելութեան բնաբանին՝ «հաւատք, համայնք եւ ազգ»-ին, անոնց շարքին աւելցուց նաեւ «հայրենիք» եզրը: Ան խօսեցաւ իւրաքանչիւրին իմաստին ու կարեւորութեան մասին եւ շեշտեց ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան հրամայականը՝ յատկապէս մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական խաչմերուկին: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, մնայունը հայրենիքն է. անձերը վաղանցուկ են, յաւերժականը արժէքներն են։ Հարկ է կառչիլ մնայունին, յաւերժականին, գերագոյնին եւ ընդհանրականին։ «Արցախը կորսնցուցինք, դժբախտաբար. Հայաստանը վտանգի սեմին է։ Հարկ է միացնել մեր ուժերը՝ ի խնդիր Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան ու ամբողջականութեան առաւել ամրացման», շեշտելով՝ Հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը։