ԳԵՐԻ ՏԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 48 Second

 

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Աւելի քան մէկ ու կէս ամիս անցած է այն օրերէն, երբ Արցախի վերջին տարածքներուն խլումէն ետք, արցախցիներու բռնագաղթին զուգահեռ՝ տասնեակ մը քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ, որոնց կարգին նախկին նախագահները, գերեվարուեցան դէպի Պաքու եւ մինչեւ օրս բանտարկուած կը մնան ալիեւեան խուցերու մէջ։
Անարգանք պիտի ըլլայ, անշուշտ, չյիշատակել նախապէս նոյն ճակատագրին ենթարկուած այլ արցախահայերը, սկսելով 44-օրեայ պատերազմի օրերէն, ապա՝ նոյեմբերեան ու հետեւող համաձայնագրէն ետք։
Յստակ չէ ճիշդ թիւը հայ առեւանգեալներուն ու բանտարկեալներուն, եւ սա աւելի՛ դժնդակ կացութիւն կը ստեղծէ, յատկապէս երբ օրին, նախքան Արցախի անկումը (իմանալ՝ յանձնումը) Հ․Հ․ վարչապետ Փաշինեան հպանցիկ կերպով կը խօսէր անոնց թիւին մասին՝ «փլիւս-մինիւս» արտայայտութեամբ, կարծէք թէ գերեվարուածները մարդկային արարածներ ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտնչողներ չըլլային, եւ ատիկա եղաւ առաջին աղաղակող ապացոյցը, թէ այս մարդուն համար, հարցը հրատապ չէ։ Հետեւանքներէն մէկը եղաւ այն, որ ազերիական «հերոսութիւնները» շարունակուեցան եւ այսօր, Պաքուի մէջ կազմուած է արգելափակուածներու «փոքր գաղութ» մը։
Հակառակ տարածուած կիսատ-պռատ լուրերուն, ցարդ յստակ չէ, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ կ՛ապրին այս բանտարկեալները։
Յստակ օրէնքներ գոյութիւն ունին, որոնք որդեգրուած են ինքզինք քաղաքակիրթ կոչող աշխարհին կողմէ, յստակացնելու համար, թէ ինչպիսի՞ պայմաններ պէտք է ստեղծել պատերազմական գերիներու համար:
1907-ին, Լա Հէյի (Հոլանտա, այժմ Նետելանտներ) մէջ բանաձեւուած՝ պատերազմի օրէնքներուն լայնածաւալ թղթածրարին մէջ, մանրամասնութեամբ ներկայացուած են պատերազմի ժամանակ գերեվարուած եւ բանտարկուած անհատի մը իրաւունքները. յստակ պայմաններ արձանագրուած են բանտարկեալին եւ արգելափակողին պարտաւորութիւններուն մասին։
Ազգամիջեան յարաբերութիւններուն մէջ, ընդունուած բառ մըն է POW-ն (prisoners of war): Պատերազմական գերիներու մասին սկզբնական օրէնքները ժամանակի ընթացքին զարգացում ապրեցան եւ մշակուեցան Ժընեւի մէջ գոյացած յատուկ գիտաժողովներու ժամանակ։
Հանրածանօթ են Ժընեւի 1949-ի համագումարին որդեգրուած բանաձեւերն ու կանոնները, որոնց մէջ յստակօրէն կը նշուին, թէ բանտարկեալը պէտք է յարգուի եւ անոր հանդէպ վերաբերմունքը ըլլայ մարդկային։ Նաեւ՝ ան կարելիութիւն պէտք է ունենայ հետեւողականօրէն կապ հաստատելու Կարմիր Խաչին եւ իր հարազատներուն հետ: Անոր համար նաեւ կարելիութիւն պէտք է ստեղծուի նամակցելու, եւ ապրանք առաքելու իր պարագաներուն: Սնունդ եւ բժշկական խնամք ստանալու կողքին, ան երբեք պէտք չէ կատարէ տաժանակիր աշխատանք եւ անշուշտ, ի վերջոյ պէտք է որ ազատ արձակուի՝ երբ խնդրոյ առարկայ պատերազմը աւարտի։
Արդեօք 19 Բաղրամեանի վարձակալները քաջատեղեա՞կ են այս մանրամասնութիւններուն։ Արդեօք անոնք կարդացա՞ծ են Ժընեւի համագումարէն բխած բանտարկեալներու օրէնքները, թէ՞ (ան)գիտութիւնը հոս ալ զիրենք կը դնէ այլ տեսակի մրցանիշ հաստատելու վազքուղիին մէջ: Փաստը այն է, որ Արցախէն ձեռք լուացած ըլլալու բազում փաստերէն ետք, ահաւասիկ նոր ապացոյց մըն ալ կ’աւելնայ թաւշեահիւսներուն «հանճարե՜ղ» դիւանագիտութեան վրայ:
Բնականաբար չենք կրնար արհամարհել մետալին միւս երեսը. Վերջին տարիներուն, Ազրպէյճան նոյնինքն պատերազմներու եւ ճակատումներու պահուն, ու անոնցմէ ետք, հետեւողականօրէն ցոյց տուած է, թէ միջազգային օրէնքներ ու մարդկային նկատառումներ չունին իր ոճրային տրամաբանութեան հետ, աւելի՛ն, պատրաստ չէ յարգելու որեւէ համաձայնագիր կամ պայման, որուն տակ կը դնէ իր ստորագրութիւնը: Ուրեմն, գերիներու հարցը իրեն համար մանր դրամի մը արժէքն իսկ չունի: Ողբերգութեան մէկ ահաւոր երեսն ալ այն է, որ Ատրպէյճանի այս վարքագիծը ոչինչ կ’ըսէ «բաղրամեանցիներուն», որոնք կը շարունակեն վազել խաղաղութեան կրկներեւոյթի մը ետեւէն, եւ ազգն ալ վարակել այդ անիրականալի իրականութեամբ:
Ինչ որ տեսանելի է եւ վէճի նիւթ չի կրնար ըլլալ, այն է, որ ղեկը իւրացնողները ո՛չ միայն կը թերանան, այլ հագած են անփութութեան եւ թշնամիին հաճոյանալու գեղեցկագոյն պատմուճանները, իսկ անդին, նախկին նախագահներ եւ պատասխանատուներ, հարիւրաւոր գերիներ կը մնան արգելափակուած, անմեղ տարեց մըն ալ 15 տարի բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ, ինչ որ ուրախանալու ո՛չ մէկ նշոյլ կը բերէ:
…Ու մեր ժողովուրդը ինքզինք նետած է անտարբերութեան ալիքներու մէջ, կը հաշտուի իշխանաւորներու բոլոր այլանդակութիւններուն եւ ազգավնաս, հայրենավնաս քայլերուն հետ, որոնք պետութիւնը ենթակայ կը դարձնեն մաս-մաս բնաջնջուելու վտանգներու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
100 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles