ԿիզակէտՅօդուածներ

«Էֆ․ Պի․ Այ․»-ը Կը Հետախուզէ Նիւ Եորքի Քաղաքապետի Քարոզարշաւին Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Կապերը

 

Յարութ Սասունեան

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ կարծես թէ յատուկ համակրանք ունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ։ Շուտով կ՛իմանանք՝ արդեօք այդ առանձնայատուկ յարաբերութիւնները դուրս եկա՞ծ են օրինականութեան սահմաններէն, թէ՞ ոչ։

Տարի մը առաջ յօդուած մը գրեցի քաղաքապետ Էտըմզի մասին, որ յայտարարած էր՝ «Թոշակի անցնելէ ետք ես կը պատրաստուիմ ապրիլ Պաքուի մէջ»։

2021-ին, «Նիւ Եորք Տէյլի Նիուզ» յօդուած մը հրապարակեց՝ «Նիւ Եորքի քաղաքապետի թեկնածու Էրիք Էտըմզ համաձայնած է արտասահմանեան այցեր կատարել՝ փտախտի պատմութիւն ունեցող երկիրներ» վերնագիրով։ Յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր, որ «Պրուքլինի շրջանի նախագահ Էրիք Էտըմզ ընդունած է հազարաւոր տոլարներու ճամբորդութիւններ եւ այլ օգուտներ երեք երկիրներէ՝ Չինաստան, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, որոնք յայտնի են՝ իրենց քաղաքացիները ճնշելու ճշգրտօրէն փաստուած պատմութեամբ»:

Էտըմզ վերջերս խոստովանած է, որ ութ անգամ այցելած է Թուրքիա։ Օգոստոս 2023-ին, Մանհաթընի մէջ թրքական դրօշի բարձրացման արարողութեան ընթացքին ան պարծեցաւ, որ Նիւ Եորքի պատմութեան մէջ հաւանաբար չկայ ուրիշ քաղաքապետ մը, որ այդքան յաճախ այցելած ըլլայ Թուրքիա, որքան ինք: Օգոստոս 2015-ին, թրքական կառավարութիւնը հազարաւոր տոլարներ վճարեց Պրուքլինի շրջանի այդ օրերու ղեկավար Էտըմզի՝ վեց օրով Թուրքիա այցելելուն համար, ուր ան ստորագրեց քոյր քաղաքի պայմանագիր Պոլսոյ Իւսկիւտար թաղամասի հետ: Թրքական հիւպատոսութիւնը վճարեց մինչեւ 4999 տոլար՝ անոր օդանաւային տոմսերուն, պանդոկային ծախսերուն եւ երթեւեկութեան փոխադրումներուն համար, ըստ Էտըմզի բացայայտման՝ քաղաքի շահերու բախման խորհուրդին (COIB)։ «Նիւ Եորք Տէյլի Նիուզ» հաղորդած է, որ 2016-ին, «Ատրպէյճանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վճարած է մինչեւ 4999 տոլար, որ Էտըմզ չորս օրով այցելէ իրենց մայրաքաղաք Պաքու, համաձայն շրջանի ղեկավարի բացայայտման՝ քաղաքի շահերու բախման խորհուրդին»: Էտըմզ իր քարոզարշաւին համար դրամահաւաք կազմակերպած է Նիւ Եորքի ատրպէյճանական եւ թրքական «Պաքու Փելէյս» եւ «Ալի Պապա» ճաշարաններուն մէջ:  Սեպտեմբեր 19-ին, քաղաքապետ Էտըմզ մասնակցած է նախագահ Էրտողանի կնոջ՝ Էմինէի կազմակերպած ձեռնարկին, Նիւ Եորքի «Թրքական Տուն»-ը:

Անցեալ Հինգշաբթի Քննութիւններու Դաշնակցային Բիւրոյի («Էֆ․Պի․Այ․») տասը գործակալներ ներխուժեցին քաղաքապետի գլխաւոր դրամահաւաք Պրիանա Սաքզի տունը՝ պարզելու, «թէ արդեօ՞ք քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի 2021 թուականի նախընտրական քարոզարշաւը գործարքի մէջ եղած է թրքական կառավարութեան հետ՝ օտարերկրեայ անօրինական նուիրատուութիւններ ստանալու համար, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի ձեռք բերած խուզարկութեան հրամանագիրին»: 2025ին, Էտըմզի վերընտրութեան քարոզարշաւին համար Սաքզի ընկերութեան վճարուած է մօտաւորապէս 100 հազար տոլար՝ դրամահաւաքի եւ քարոզարշաւի խորհրդատուական ծառայութիւններու համար:

«Քննիչները փորձած են աւելին իմանալ Պրուքլինի շինարարական ընկերութեան հնարաւոր ներգրաւուածութեան մասին, որ կապեր ունի Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող փոքրիկ համալսարանի մը, որ նոյնպէս կապեր ունի այդ երկրի եւ Էտըմզի հետ», կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»: «Ըստ խուզարկութեան հրամանագիրի, քննիչները կեդրոնացած են նաեւ այն բանի վրայ, թէ արդեօք քաղաքապետին քարոզարշաւը  շահաբաժին տուա՞ծ է  շինարարական ընկերութեան պաշտօնեաներուն եւ աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ թուրք պաշտօնեաներուն»: «Տը Սիթի» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ 84 նուիրատուներ, որոնց մեծ մասը «ՔՍՔ» շինարարական խումբի (հիմնադիրները Թուրքիայէն են) աշխատակիցներ են, աւելի քան 69 հազար տոլարի ներդրում կատարած են քաղաքապետի քարոզարշաւին։ Այսուամենայնիւ, «բազմաթիւ մարդիկ, որոնք նշուած են Էտըմզի 2021 քարոզարշաւի նուիրատուութեան գրառումներուն մէջ որպէս «ՔՍՔ»-ի աշխատակիցներ, կա՛մ ըսած են, որ նուիրատուութիւն չեն ըրած Էրիք Էտըմզին, կա՛մ հրաժարած են նշելէ, թէ երբեւէ նուիրատուութիւն ըրած են», կը հաղորդէ «Տը Սիթի»:

Անցեալ Հինգշաբթի տեղի ունեցած ստուգման այցելութեան ընթացքին, «Էֆ․Պի․Այ․»-ը որոնած է Թուրքիա ճամբորդութեան արձանագրութիւններ եւ փաստաթուղթեր՝ Էտըմզի եւ այդ երկրի կառավարութեան ու անոր միջնորդներուն հետ կապուած՝ գրաւելով Սաքզի տունէն երեք «Այֆոն», երկու համակարգիչ եւ զանազան թղթապանակներ: Քննիչները նաեւ փաստաթուղթեր փնտռած են «Պէյ» Աթլանթեան համալսարանի վերաբերեալ, որ Թուրքիոյ պատկանող համալսարան է Ուաշինկթընի մէջ եւ բացուած է 2014-ին: 2015-ին, Էտըմզ «այցելած է Պոլսոյ դպրոցի քոյր համալսարաններէն մէկը, ուր անոր տրուած են տարբեր վկայականներ եւ յայտնած, որ կրթաթոշակ պիտի ստեղծուի անոր անուամբ», ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի:

Անցեալ Հինգշաբթի, Նիւ Եորքի քաղաքապետը, որ մեկնած  էր Ուաշինկթըն, Սպիտակ Տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ՔոնկրԷսի անդամներու եւ այլ քաղաքապետերու հետ հանդիպումներու համար, յանկարծ չեղեալ յայտարարեց զանոնք եւ նոյն օրը վերադարձաւ  Նիւ Եորք, երբ տեղի ունեցաւ «Էֆ․Պի․Այ․»-ի ստուգման այցելութիւնը:

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ. «Խուզարկութեան հրամանագիրը կ՛ենթադրէր, որ քարոզարշաւի համար որոշ օտարերկրեայ ներդրումներ կատարուած են իբրեւ կեղծ նուիրատուներու ցանկին մէկ մասը, ուր նուիրատուութիւնները կատարուած են անուններովը այն մարդոց, որոնք իրականութեան մէջ գումար չեն տուած: Քննիչները ապացոյցներ փնտռած են հնարաւոր մեղադրանքները հաստատելու համար, որոնք կը ներառէին դաշնակցային միջոցներու գողութիւն եւ դաշնակցային միջոցներու գողութեան գործարք, խարդախութիւն ելեկտրոնային միջոցներով եւ խարդախութեան գործարք  ելեկտրոնային միջոցներով, ինչպէս նաեւ նման նուիրատուութիւններ կատարելու համար օտարերկրեայ քաղաքացիներու կողմէ նախընտրական նուիրատուութիւններ եւ գործարք»:

Յուլիսին, Մանհաթընի շրջանային դատախազ Էլվին Պրակ մեղադրանք առաջադրած է եօթը մարդոց դէմ, որոնք դրամահաւաք իրականացուցած են քաղաքապետի 2021 թուականի քարոզարշաւին համար, քանի մը յօդուածներով, որոնց շարքին՝ գաղտնի գործարք ու կաշառք վերցնելու եւ անօրինական նուիրատուութիւններ ուղղորդելու գործարք, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» -ի:

«Էֆ․Պի․Այ․»-ի քննութիւնը չէ թիրախաւորած անձամբ Էտըմզը։ Ան ըսաւ, որ ինք «յստակ տեղեկութիւններ չէ ունեցած՝ ուղղակի կամ անուղղակի, դրամահաւաքի որեւէ ապօրինի գործունէութեան, առաւել եւս՝ օտարերկրեայ դրամներու մասին»:

Սակայն եթէ ապացուցուի, որ ան գաղտնի գործարքի մէջ մտած է թրքական կառավարութեան հետ՝ քարոզարշաւի անօրինական միջոցներ ստանալու համար, կրնայ ըլլալ, որ  քաղաքապետը ստիպուած ըլլայ հանգստեան կոչուելու Պաքուի կամ Պոլսոյ մէջ, շատ աւելի կանուխ, քան կ՛ակնկալէր:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button