ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ՝ ԻԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան այցելեց Կլենվիուի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցի։ Կիրակմուտի ժամերգութենէն ետք, բարեջան Առաջնորդը դպիր ձեռնադրեց Արարատ Թոքմաքճեանը, Սամուէլ Մեհրապեանը եւ Ռեմի Քաքոն, եւ այնուհետեւ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Վահէ Մուրատեանը, Արէն Պանգլեանը, Ալէք Պանգլեանը եւ Սիմոն Սազեանը։ Սրբազան Հայրը խոր գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ Ամենայն Սրբոց տօնի առթիւ այս ձեռնադրութիւնը կենդանի պատգամ բերաւ պատանի եւ երիտասարդ այս ընծայեալներու նուիրումով, որոնք սիրայօժար իրենց ծառայութիւնը կը նուիրաբերեն համայնքի հոգեւոր բարգաւաճման համար։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնախմբութիւնը։ Այս առթիւ խօսք առաւ ատենապետ տիար Ռաֆֆի Գրիգորեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներուն եւ բարեկամներուն, իրենց անսակարկ աջակցութեան համար։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ տիար Ասքոր Թադոսեան, շնորհաւորեց համայնքի այս նշանակալից տարեդարձը եւ շրջանի հայ կեանքէն ներս բերած ծառայութիւնը։ Հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ․ Թինքճեան, գնահատեց անցեալի ու ներկայի բոլոր անդամներու նուիրումը, որով բարգաւաճած էր եկեղեցին։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ նորոգեալ սրահի օրհնութիւնը, որմէ ետք տիկին Սիրարփի Սէֆէրեան պարգեւատրուեցաւ Առաջնորդարանի գնահատագիրով իր բազմամեայ ծառայութեան համար։

Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան, յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց համահունչ գործակցութիւնը։ Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով։

Կիրակի, Նոյեմբեր 5-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Անուշաւան Սրբազան օծեց 13 առաքեալներու, Ստեփանոս նախավկայի, ինչպէս նաեւ Աստուածամօր եւ Հայ Եկեղեցւոյ 15 սուրբերու սրբանկարները։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles