
Ա.Ա.
Արցախի հայաթափումէն ետք ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած «Մեծ Վերադարձ» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ մինչեւ 2026 շուրջ չորս հարիւր հազար ատրպէյճանցի վերաբնակեցնել արցախեան գրաւեալ տարածքներու մէջ, խորքին մէջ փտածութեան եւ դրամ լուալու միջոց մըն է, փտածութեան եւ կաշառակերութեան խոր արմատներ ունեցող Ալիեւի վարչակարգին համար։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք եւրոպական բազմաթիւ կառոյցներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կարծիքով փտածութեան եւ կաշառակերութեան բազմաթիւ գայթակղութիւններու մէջ մխրճուած են, ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն դրամ լուալու իրենց կանոնաւոր աշխատանքները կատարելու համար եւ Արցախի գրաւեալ տարածքներու համար նախատեսուած վերաբնակեցման ծրագիրը բացառութիւն մը չի կազմեր, որովհետեւ այս նախագիծը մեծ շահեր եւ փտածութեան մեծ վտանգներ ունեցող պետական մակարդակով մշակուած ծրագիր մըն է, որուն միջոցով Ալիեւի եւ անոր անմիջական շրջապատին մէջ գործող անձերու կողմէ միլիառաւոր տոլարներ պիտի գրպանուին։
Աշխատանքային ծրագիրը շատ պարզ է։ Առաջին հերթին ծանուցել խելացի գիւղերու կառուցման եւ գիւղատնտեսական փայլուն ապագայ ունեցող նախագիծերու մասին, որոնք կը ներկայացուին իբրեւ ատրպէյճանցիներու բարեկեցութեան եւ հանգստաւէտ կեանքի ապահովման պետական ծրագրեր։ Բաւականաչափ քարոզչութենէ ետք կը սկսի անոնց գործադրութեան երկրորդ հանգրուանը, որ բաւական խօսուն է եւ կը վկայէ Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգին «տնտեսական» ծրագրերուն իսկական նպատակներուն մասին։ Այս իմաստով Ֆիզուլիիի պարագան բաւական է, հասկնալու համար Պաքուի իշխանութիւններուն գործունէութեան ծալքերը։ Առաջին հերթին պետական պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի եւ մամլոյ տարբեր աղբիւրներու թղթակիցները կը հասնին տուեալ գիւղը, ուր Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք հաստատուած ատրպէյճանցիներ լորձնաշուրթը կը գովերգեն իշխանութիւններուն հոգածութիւնը եւ բարեմաղթանքներ կը տեղացնեն Իլհամ Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին համար։ Այս սենարիոն կրկնուեցաւ Ֆիզուլիի մէջ, ուր գիւղացիները սկսան դժգոհութիւններու տարափ մը տեղացնել, երբ պետական լրատուութեան միջոցներու թղթակիցները հեռացան եւ անոնք մնացին թելեկրամեան եւ ընդդիմադիր համացանցային լրատու աղբիւրներու աշխատակիցներուն հետ։ Չիրաք Հիւսէյնով անոնցմէ մին է, որուն բնակարանը, ինչպէս Ֆիզուլի վերադարձած բոլոր ատրպէյճանցիներունը, հիմնայատակ քանդուած է ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու կողմէ, խելացի գիւղերու եւ գիւղատնտեսական արդիական պայմաններ լրացնող վայրերու կառուցման պատճառաբանութեամբ։ Ոչ մէկ բնակիչ տեղեակ պահուած է բնակարաններու քանդումէն։ Թրաքթէօրները պարզապէս հասած են տուեալ գիւղը եւ մէկ առ մէկ բնակարանները քանդած՝ նաեւ նպատակ ունենալով հակահայ մթնոլորտի ստեղծումը, թէ հայեր բնակարանները հիմնայատակ կործանած են՝ խոյս տալէ առաջ։ Սակայն խնդիրը այն է, որ քանդուած բնակարաններու եւ ամբողջութեամբ աւերակներու վերածուած գիւղերու մէջ շինարարական աշխատանքներ կատարելու հրաւիրուած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Ալիեւի եւ Էրտողանի մերձաւորներ, որոնց ընկերութիւնները շահած են իբրեւ թէ խելացի գիւղեր եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներու գերարդիական կարելիութիւններ ունեցող գիւղական համայնքներ կառուցելու իրաւունքը։ Այս անձնաւորութիւններէն մին է Էրտողանի զարմուհիներէն մէկուն ամուսինը՝ Ապտիւլքատիր Գարակէօզը, որուն ընկերութիւնը շահած է հարիւր միլիոն տոլար արժողութեամբ խելացի գիւղերու խումբի մը կառուցման իրաւունքը։ Իսկ ամէնէն ծիծաղելին այն է, որ թրքական այս ընկերութեան ատրպէյճանական կողմի գործակիցը «Փաշա Հոլտինկ»-ն է, որ կը պատկանի Իլհամ Ալիեւի կնոջ՝ Ատրպէյճանի փոխ նախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի ընտանիքին։
Կաշառքի եւ փտածութեան նման օրինակներու շուրջ հետաքննութիւններ բացող ատրպէյճանցի փորձագէտներու դէմ շղթայազերծուած պետական արշաւը աւելի կը շեշտէ նման ծրագրերու մէջ փտածութեան բարձր հաւանականութիւնը։ Այդ փորձագէտներէն է տնտեսագէտ Ղուպատ Իպատօղլու, որ բոլորովին անհիմն մեղադրանքներով ձերբակալուեցաւ եւ այժմ կը գտնուի ճաղերու ետին։ Ան սկսած էր խելացի գիւղերու կառուցման եւ վերաբնակեցման ծրագրերու կապուած կաշառակերութիւններու եւ փտածութեան պարագաներու շուրջ հետաքննութիւններու։ Պաքուի իշխանութիւնները, փոխանակ թեւ եւ թիկունք կանգնելու հանրածանօթ տնտեսագէտին, զայն ամբաստանեցին թմրեցուցիչի առեւտուրի եւ գործածութեան արդէն դասականացած մեղադրանքով եւ ձերբակալեցին։ Չափազանց դիպուկ գործարք մը, որ միայն յատուկ է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։