Մանկապատանեկան Գրքոյկներ    

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second

                                                           

Մեղրի Տէրվարդանեան

Մասաչուսէց


Միշտ անհամբեր կը սպասէի, որ հայրս Հայաստանէն վերադառնար, որովհետեւ գիտէի, որ ձեռքը պարապ չէր ըլլար։ Ան նոր հայերէն գիրքերով  կը վերադառնար միշտ։ Գիրքեր, որոնք մինչեւ օրս գրադարանս կը գունաւորեն։ Կամ կը սպասէի որ ծնողքս զիս գրախանութ տանէր, որ ես ընտրէի յաջորդ գիրքս, անշուշտ միշտ մատիտ կամ տետրակ ալ կ՚առնէի, չէ՞ որ տունը բնաւ չունիմ…

Ինծի համար գրախանութը խաղավայր էր։ Հազիւ ներս մտնէի, ինքզինքս ուրիշ աշխարհ կը զգայի։ Շարուած գունաւոր գիրքեր՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու Կատուն» գործէն մինչեւ «Զարթօնք»-ի հատորներու շարքը։ Ինչպէ՞ս չժպտիմ։

Տարիներու ընթացքին, երբ կրկին գրադարաններ եւ գրախանութներ կ՚այցելէի, տակաւին գիրքերու պակաս կը զգայի. բան մը, որ անշուշտ փոքր տարիքիս պիտի չզգայի։ Արեւմտահայերէն մանկական գիրքերու պակասը։ Այս մէկը աւելի զգալի դարձաւ, երբ սկսայ արեւմտահայերէն դասաւանդել եւ յաճախ պէտք էր աշակերտերուս համար հնարէի մատչելի պատմութիւններ։ Մտածեցի ուրիշ պզտիկներու ալ հասանելի դարձնել  գրածներս եւ որոշեցի հրապարակել առաջին գիրքս՝ «Հպարտ Հայ»-ը։ Չբաւարարուեցայ մէկ գիրքով, ատկէ երկու տարի վերջ հրապարակեցի երկրորդ գիրքս՝ խանդավառուած իմ Արարատ բարձրանալու փորձառութենէս։ «Դէպի Արարատ Լեռ»-ը կարդացողը կ՚իմանայ Արարատ Լերան մասին, միեւնոյն ատեն կը հասկնայ, թէ ինչպէ՞ս կը չափուի Արարատ Լերան բարձրութիւնը։

Գիտենք, որ միշտ ալ աւելի հայերէն գիրքերու կարիքը կայ։ Վերջերս հրապարակեցի երկու նոր գրքոյկներ եւս. առաջինը՝ Կոմիտաս Վարդապետին մասին, իսկ երկրորդը կը կրէ   «Վհուկը եւ իր Աւելը» խորագիրը։ «Կոմիտաս Վարդապետ» գրքոյկիս մէջ, Նարէն եւ  Հայկը հաճելի կերպով կը զրուցեն Կոմիտասի կեանքին մանրամասնութիւններուն մասին, իսկ «Վհուկը եւ իր Աւելը» պատմութիւնը ո՛չ թէ միայն վհուկին մասին է, այլ՝ մարդկային ջերմ յարաբերութիւններու եւ  ընկերութեան մասին։ Կարդացողը հոն կը սորվի որ ճշմարիտ ընկերները միշտ իրարու կ՚օգնեն։

Վստահ եմ, որ ձեր տուներուն մէջ անկիւն մը տրամադրած էք գրադարանի համար, ուր տեղադրած էք արժէքաւոր գիրքերու հաւաքածոյ մը։ Որքա՜ն պիտի փափաքէի, որ այդ գիրքերուն կողքին մաս կազմէր նաեւ իմ գրքոյկներս։ 

Եթէ հետաքրքրուած էք գրքոյկներովս հաճեցէք լեցնել հետեւեալ դիմումները.-

«Կոմիտաս Վարդապետ»

 

https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSeAVvuleTnVM0ZN0sM2lFgafGeKU0yJONjNmB_dmerbaqUNqw/viewform 

 

«Դէպի Արարատ Լեռ» 

https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSdiwzHxQsRQCWppGUoOg__gQb5ZRzwRZCTZE4HMylcf6MrINw/viewform 

 

«Հպարտ Հայ»

https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSd8yV9U33OPmDyMPJplfoiNNdf01OT4SVUfu-9Ujf0dam_n7g/viewform 

 

«Վհուկը եր իր Աւելը» 

https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSdoMEzNFJS6rhCv1Tkl3hgTtK7IP4RgqmJ5UWO4n_9Ri97Vuw/viewform 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles