Յօդուածներ

Արցախի 44-օրեայ Պատերազմին ու Արցախցիներու Տեղահանութեան Եւ Կազայի Պատերազմին Զուգահեռները. Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Ցեղասպանութիւնը Ու Միացեալ Նահանգներու Անվերապահ Զօրակցութիւնը Ոճրագործին

Կազայի մէջ, ձախին երեւցողին նման բազմայարկ շէնքերը, իր բնակիչներով միասին, իսրայէլեան օդային ռմբակոծումով գետնին կը հաւասարեցուին:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

6 Նոյեմբեր 2023

Միացեալ Նահանգներուն «Մարդկային իրաւունքներ»-ու, Human rights պաշտպանի կեղծ դիմակը պատռուեցաւ, իսկ Իսրայէլի հրէշային, արիւնարբու վարքագիծը աշխարհի աչքերուն առջեւ կը շարունակուի ցուցադրուիլ Կազայի մէջ, իրենց «յաջող» փորձը Արցախի դէմ կատարելէ ետք: Այսօր, 30-րդ օրը ըլլալով, Կազայի դէմ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի:

Ահաւասիկ երկու ամսուան ընթացքին, նախ՝ Արցախի մէջ 19 սեպտեմբերին, եւ հիմա՝ նոյն ծրագրողին՝ Ամերիկա-Անգլիա-Իսրայէլի աջակցութեամբ, երկրորդ ցեղասպանութիւնը տեղի կ՚ունենայ Կազայի մէջ, այս անգամ ուղղակի Իսրայէլի կողմէ: Մի՛այն հարաւային ամերիկեան քանի մը երկիրներ անմիջապէս մարդկային յստակ կեցուածք կը ճշդեն Իսրայէլի դէմ: Ուրիշներ՝ աւելի ուշ:

Արցախի 44-օրեայ պատերազմին հակապատկերը. մինչ Ռուսիա փորձեց չորրորդ օրը զինադադար հաստատել, այս պարագային՝ Միացեալ Նահանգներ ճիշդ հակառակը ըրաւ, քաջալերեց շարունակել պատերազմը:

Միացեալ Նահանգներ իր նախագահն ու նախարարները, մարտանաւերն ու օդանաւակիրները կը ղրկէ իբրեւ զօրակցութիւն Իսրայէլի, եւ իր պահեստներէն աւելի՛ մահացու հրթիռներ ու մարդասպան ռումբեր կը մատակարարէ ոճրագործին, որ անդադար օդանաւերով կը ռմբակոծէ շուրջ 15 տարի արդէն խիստ պաշարած ու խեղդած Կազայի քաղաքներուն խաղաղ բնակչութիւնը: Բազմայարկանի հարիւրաւոր շէնքեր կը քանդէ, իր բնակիչներով միասին գետնին հաւասարեցնելով զանոնք, նաեւ՝ հիւանդանոցներ, մզկիթներ եւ եկեղեցիներ, ցարդ սպաննելով 10 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչներ եւ պատճառելով 100 հազարաւոր վիրաւորներ:

Ինչո՞ւ…

Քանի որ արցախցիներուն նման, հողին տէրը՝ Կազայի բնակչութիւնը, 75 տարիներէ ի վեր իր հազարամեակներու հողերը բռնագրաւող եւ զինք պաշարող՝ 1948-ին ստեղծուած Իսրայէլի դէմ «համարձակեցաւ» քանդել բռնի պաշարումը եւ կը փորձէ ազատագրել իր հայրենիքը: Իսկ այս ազատամարտիկները, Արցախի պաշտպանութեան բանակին նման՝ ահաբեկիչ կը կոչուին… Մինչ բուն ահաբեկիչը Ատրպէյճանն ու Իսրայէլն են եւ անոնց հովանաւորները՝ Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան:

Բնակիչ մը իր կարգ մը առարկաները կ՚ազատէ փլատակներէն: Երկու նկարները 12 հոկտեմբեր 2023-ի «Տը Կարտիըն» անգլիական օրաթերթէն, ‘The buildings are now ashes’: nowhere feels safe from Israeli bombs in Gaza, լրատուութենէն, պատերազմէն միայն չորս օր ետք, այժմ՝ աւելի քան 30 օր ետք շատ աւելի ահաւոր է վիճակը:

Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան, քանի որ 1894-ի Համիտեան ջարդերէն սկսեալ մինչեւ 1915-1923, թուրքերու կողմէ հայոց ցեղասպանութիւնը ԱՆՊԱՏԻԺ ՄՆԱՑ եւ կ՚ուրացուի թուրք ոճրագործին եւ այլոց՝ ներառեալ Իսրայէլի կողմէ: Անգլիոյ նման պետութիւն մը, որ ուղղակի ներկայ էր եւ վկայ՝ կատարուածին, եւ իբրեւ թէ պաշտպանը հայութեան՝ ցարդ կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իր այդ օրերու վարչապետը՝ Տիզրաէլին, հրեայ մը, ամբարտաւանօրէն, օրին ըսած էր, թէ Անգլիոյ մարատանաւերը Արարատ լեռը չեն կրնար բարձրանալ: ՇԱՏ ՃԻՇԴ: ՄԻ՛ԱՅՆ ՀԱՅ ՖԵՏԱՅԻՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌԸ ԿՐՆԱՆ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ:

Բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան ապագան տակաւին Միացեալ Նահանգներուն եւ «արեւմուտքին» վստահած են, Հայաստանի այս ապիկար ու դաւաճան իշխանութեան նման՝ պէտք է սթափին: Օրին՝ հեգնօրէն, Ամերիկեան մարտանաւերը իրենց դաշնակից Վրաստանի ջուրերն ալ հասան սակայն միայն ել-նամակ մը ղրկեցին, քանի որ Վրաստանի ժողովուրդով բնա՛ւ մտահոգ չէին, այլ մի՛այն Ռուսիան տկարացնելու համար տակն ու վրայ ըրին Վրաստանը, Ուքրայինան, Հայաստանը եւ Արցախը: Ինչո՞ւ, քանի որ Վրաստանը եւ Հայաստանը քարիւղ կամ կազ չունին:

Միշտ պիտի կրկնեմ նախորդ յօդուածիս եզրակացութիւնը: Արդարութիւնը եւ իրաւունքը մի՛այն զէնքով կը պարտադրուին, Կազայի ազատամարտիկներուն եւ մեր երբեմնի ֆետայիներուն օրինակով:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button