ՓԱՐԻԶ․- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ին Հայաստան եւ Ֆրանսա ստորագրեցին ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներ։
Այս առթիւ աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա ժամանեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ հանդիպումներ ունեցաւ։ Քննարկուեցան հայ-ֆրանսական երկկողմ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Կողմերը բարձր գնահատեցին համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոր ջանքեր գործադրելու` զայն աւելի զարգացնելու նպատակով: Հանդիպումին ներկայ էիննաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
Ֆրանսական կողմը օդային եւ ցամաքային ռազմական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին, որուն պիտի մատակարարէ 3 GM200 ռատարներ եւ «Mistral» հրթիռներ, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ ուսումնասիրելու ու հասկնալու` որո՛նք են Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան խոցելի կէտերը:
Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւ յայտնեց, թէ․- «Մենք կը պահպանենք մեր պաշտպանական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, թէեւ նոյն ռազմական եւ քաղաքական դաշինքներուն մաս չենք կազմեր: Անոնք հիմնուած են պարզ սկզբունքի մը վրայ` պէտք է կարենալ ինքզինք պաշտպանել»։
GM 200 ռատիոտեղորոշիչ կայարանները լայնօրէն կ՛օգտագործուին Ֆրանսայի զինուած ուժերուն մէջ։
Ռատարներ արտադրող ֆրանսական «Thales» ընկերութիւնը զանոնք կը բնորոշէ իբրեւ մարտի դաշտին մէջ խաղի կանոնները փոխող զինատեսակ, որ կրնայ օդին մէջ եւ ցամաքի վրայ թիրախները յայտնաբերել, նաեւ՝ անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռային համակարգեր:
«Ասիկա բազմաթիւ կարելիութիւններ ունեցող ռատար մըն է: Հակաօդային պաշպանութիւն կը կատարէ, կը ճշդէ վայրը ամէն թռչող բանի՝ առաւել քան 250 քիլոմեթր շառաւղով, եւ այդ՝ գերճշգրտութեամբ: Ռատարը տեղորոշումեվ կրնայ գտնել երկինք-երկիր հրթիռային համակարգեր: Երրորդ գլխաւոր առաւելութիւնը` զինուորականները կը նախազգուշացնէ հրթիռա-հրետակոծութիւններու մասին», ըսաւ «Thales» ընկերութեան ներկայացուցիչը:
Այս համակարգի մօտաւոր արժէքը 14 միլիոն եուրօ է: Դարձեալ ըստ նոյն աղբիւրներուն, համակարգը շատ արագ կը գործէ` տեղակայումէն տասը վայրկեան ետք։
«Mistral» հրթիռները, որոնց մասին եւս կողմերը համաձայնագիր կնքեցին, հակօդային պաշտպանութեան համար են: Տակաւին յստակ չէ, թէ Հայաստան քանի՛ նման համակարգեր գնած է։
Այս հրթիռները կրնան մինչեւ 5 մղոն հեռահարութեամբ թիրախներ խոցել: Ըստ հրթիռներ արտադրող ընկերութեան` «Mistral»-ները գրեթէ 100 տոկոսի արդիւնք կ՛ապահովեն եւ փոքր հեռահարութեան միւս բոլոր հրթիռներէն աւելի բարձր յուսալիութիւն ունին: Այս պարագային եւս գործարքի արժէքը յայտնի չէ, սակայն Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը ամիսներ առաջ յայտարարեց, որ «Mistral»-ները շուրջ 500 հազար եուրօ կ՛արժեն:
Պաքու խստօրէն քննադատեց Հայաստան-Ֆրանսա այս գործարքը եւ պնդեց, թէ այդպիսով Փարիզ կը խախտէ տարածաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութիւնը: