Բազմաթիւ ներկաներ երկմտանքի մէջ էին, թէ պիտի փափաքէի՞ն կամ աւելի ճիշտը տրամադրութիւն պիտի ունենայի՞ն հետեւելու Վահէ Պէրպէրեանի մենախօսութեան։
Հարցը՝ անձը կամ վայրը չէր։ Այլ մթնոլորտը, որ ցնցած էր բոլորս։ Կորսնցուցած էինք Արցախը։
Հ․Օ․Մ․-ի Պոսթընի «Շուշի» մասնաճիւղը կազմակերպած էր Վահէ Պէրպէրեանի վերջին մենախօսութիւնը՝ «Բայց»-ը ամիսներ առաջ, երբ դեռ Արցախի ահազանգային կացութիւնը չէր ստեղծուած։ Եւ ահաւասիկ կորուստէն ետք, հայորդիին համար նոյնիսկ դժուար էր նմանօրինակ ձեռնարկ մը կազմակերպելը, սակայն թէ՛ կազմակերպողները եւ թէ՛ Վահէն կը հաւատային, որ քաջութեամբ, խրոխտ կեցուածքով եւ միասնական ոճով, կարելի էր լացը վերածել ժպիտի, արցունքն ալ կամքի։
Եւ այսպէս, Կիրակի, Հոկտեմբեր 15-ին, գրեթէ երկու հարիւր ներկաներ ժամանած էին Ուեսթընի (Մասաչուսէց) «Ռէճիս» գոլէճի «Քէյսի» սրահը ըմբոշխնելու համար Վահէին «Բայց»-ը։ Ամենէն աւելի կմկմացողն ու տատամսողը առաջին քանի մը վայրկեանէն իսկ ինքզինք գտաւ, մանաւանդ երբ Հ․Օ․Մ․-ի Պոսթընի «Շուշի» մասնաճիւղի անունով Հէտըր Քրաֆեան շեշտեց, թէ իր արուեստով, մշակոյթով եւ կամքով հայորդին պիտի շարունակէ իր ազգային կեանքը։
Այսպէս «բայց»․․․եւ այնպէս, բեմ բարձրացաւ Վահէ Պէրպէրեանը, որուն կիզակէտը անցնող վերջին երեք տարիներն էին։ Պսակաձեւ ժահրը՝ քովիտը, որ բոլոր կեանք մը, ապրելաձեւ մը փոփոխութեան ենթարկեց եւ անշուշտ 44-օրեայ ահաւոր պատերազմն ու պարտութիւնը ․․․եւ վերջերս՝ Արցախի կորուստը։
Հաճելի յուշեր եւ դիպուկ կացութիւններ պատմելով, ան շուտով կրցաւ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծել եւ կամրջել ներկաներուն հետ։
Իր մօր հետ զրոյցները եւ սրամիտ խօսակցութիւնները, որոնք շարունակ իր մօր եզրակացութեամբ կ՛աւարտէին «է այդ ալ կայ եա՜»-ով, կամ ժամանակին ճամբորդութեան պայուսակ պատրաստելու երկար բարակ «պատարագ»-ը․․․եւ քովիտի օրերուն «ճամբորդութիւն խաղալը», խմիչքներ պատրաստելով եւ նստարանին վրայ բազմելով եւ երեւակայելով, թէ օդանաւին մէջն է․․․։
«Աստուածաշունչ»-ը միշտ ալ եղած է Վահէին մենախօսութեան աղբիւրներէն մէկը։ Այս անգամ ալ, անպակաս էին մեկնաբանութիւնները։
Մերթ յուզիչ եւ մերթ սուր կսմիթներով, Վահէ իր «պլէք հիւմըր»-ով նաեւ մերկացուց հայորդիին տկար կողմերը։ Քննադատեց այս դաժան օրերուն միասնականութեան պակասն ու յատկապէս յարգանքն ու պաշտամունքը՝ հանդէպ մշակոյթին եւ արուեստին։
Աւարտին, այդպէս էր ներկաներուն տրամադրութիւնը։ Հոգեպէս կուշտ ու կուռ, անոնք քաջատեղեակ էին, թէ պարտուած ու ընկրկած ենք, «Բայց»․․․եւ այնպէս կեանքը կը շարունակուի եւ գործ կայ (…է այդ ալ կայ եա՜) կատարելիք։
Աւարտին, ներկաներուն համար առիթ եղաւ մօտէն զրուցելու նաեւ արուեստագէտ եւ վիպագիր Վահէ Պէրպէրեանին հետ։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ