Read Time:39 Second
Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) պատուակալ հովիւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի պատրաստած «Հայ Եկեղեցւոյ որոշ խորհուրդներու եւ հինգ տաղաւար տօներու աւանդութիւններ» գործը, մէկ հատորի մէջ ամփոփելով հայերէն եւ անգլերէն բնագիրները։
Այս գողտրիկ հատորը կը ներփակէ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցին առաջնորդող եւ անոր ինքնութիւնը ձեւաւորող բոլոր աւանդութիւններուն վերաբերեալ գիտելիքներ։ Գիրքը շատ օգտակար տեղեկութիւններ կը պարունակէ մեր եկեղեցական աւանդութիւններուն մասին, յատկապէս բացատրութիւններ տալով Մկրտութեան եւ Ս. Պատարագի խորհուրդներուն մասին։ Այլ գլուխներ նուիրուած են Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան, Այլակերպութեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Խաչվերացի տօներուն եւ սովորութիւններուն։ «Զանազանք» խորագրուած գլուխ մը կ՚անդրադառնայ սրբապատկերներու գործածութեան, դիակիզումին, մատաղօրհնումի եւ առհասարակ եկեղեցիէն ներս օրհնուած իրերու նշանակութեան։
Հատորը տրամադրելի Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Կարելի է պատուիրել գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին։