Ուինսթըն Չըրչիլ իր ժամանակի միջազգային պատմութիւնը իր անունով դրոշմած էր եւ ամբողջ աշխարհի հիացմունքին արժանացած՝ հռչակուելով քսաներորդ դարու մեծ յաղթականը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ժողովրդավարութեան փրկիչը:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան անոր ցուցաբերած վճռականութիւնն ու պատմակշիռ յաջողութիւնները բաւարար էին, որ իր անունին հետ նաեւ իր երկրին՝ Բրիտանիոյ հմայքը տարածուէր աշխարհով մէկ եւ ան նկատուէր քաղաքականութեան մէջ անգերազանցելի եւ իր նմանը չունեցող հնարամիտ վարչապետ՝ կառավարման գործին մէջ:
Հիթլերի ջախջախումէն եւ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք՝ 1945-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հակառակ իր բազմակի արժանիքներուն ու համբաւին, անգլիացի քուէարկողներու մեծամասնութիւնը Չըրչիլին զլացաւ իր քուէն եւ նախընտրեց անոր մրցակիցը՝ վարչապետական պաշտօնին համար:
Կարելի է տարբեր-տարբեր բացատրութիւններ տալ, թէ Ինչո՞ւ շշմեցնող ժողովրդականութիւն վայելող իրենց ազգային հերոսը՝ Չըրչիլ պարտուեցաւ: Այնուամենայնիւ եւ ըստ ինծի, բացառուած չէ, որ ժողովրդային բնազդով ու ներքին տրամաբանութեամբ, քուէարկող անգլիացիները համարած ըլլան, որ իրենց մեծանուն վարչապետը պատմական իր առաքելութիւնը լիովին կատարած է արդէն, ու՝ տուն պէտք է երթայ…:
Գրութեանս նպատակը Չըրչիլի կենսագրութիւնը տալ չէ, այլ անոր այս օրինակը իբրեւ խթան ծառայեցնելով հայրենի բնակչութեան քաղաքական բնազդը գրգռելու միտումը ունի այն տեսակէտով, որ երբ քաղաքական մարդիկ իրենց առջեւ բացուած փառքի ճամբուն դիմաց չեն կարողացած իրենք զիրենք զսպել, ուզած են շարունակ ու անարգել ընթանալ անկէ, յաճախ պատահած է, որ անոնք հանդիպին ընդդիմութեանը ժողովրդային զանգուածներու, որոնք գտած են զանոնք զսպելու եւ տուն ղրկելու ձեւը՝ խաղաղ ցոյցերով, ըմբոստութեամբ, յեղափոխութեամբ կամ ընտրութեանց միջոցով…:
Ըսուածին ամէնէն թարմ օրինակը պատահարն է Հ.Հ.-ի երրորդ նախագահին, որ տասը տարուան նախագահութենէն ետք եւ նոյն իրաւասութիւններով, բայց այս անգամ իբրեւ վարչապետ, փորձեց երկրին իշխանութեան ղեկը պահել ինքզինքին եւ հանդիպեցաւ «մերժի՛ր Սերժին» կարգախօսով ժողովրդային ըմբոստ շարժումին…: Քաղաքական եւ ռազմական հետագայ հոլովոյթը ծանօթ է բոլորիս, որով հարկ չկայ վերաքաղի:
Թարմ է տակաւին 44-օրեայ պատերազմին աղետը, որուն նորագոյն արարը՝ Արցախի անձնատուութեան ու բռնի հայաթափման ողբերգութեան խորութիւնը կ՚ահաբեկէ տանթէական ամէնէն յանդուգն երեւակայողն անգամ: Այս ամբողջ ողբերգութեան հոլովոյթին մէջ եւ մինչեւ այսօր, Հայաստանի վարչապետը «Ղարաբաղի հարցը լուծելու իր անիծեալ առաքելութիւնը» կատարելով հանդերձ փոխանակ ինքնասպան ըլլալու կամ առնուազն հրաժարելու, կը շարունակէ յոխորտալ ու կառչած մնալ վարչապետական փառքի աթոռին: Բացայայտ է, որ մարդը զուրկ է քաղաքական զգայարանքէ եւ անձնական պատիւէ:
Հակառակ այս բոլորին, Հայաստանի քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը հայրենակործան վարչապետը չի զսպեր, անարգանքի սիւնին չի գամեր, լուռ ու կրաւորական կը հետեւի հայրենիքի կործանման հոլովոյթին: Իսկ ընդդիմութիւնը կը թուի, թէ ժողովրդային զանգուածներ շարժելու կարողութենէ զուրկ՝ մատնուած է անզօրութեան եւ ըստ իս՝ մոլորանքի:
Հայրենիքի ներկայով ու ապագայով մտահոգ մարդոց յոյսը ընդդիմութեան յաջողութիւնն էր անկասկած, գործող վարչապետին հեռացումը եւ երկրի գահավիժող ընթացքին կասեցումը, բայց եւ այնպէս անցեալի ու այսօրուան մարտավարութեամբ դժուար թէ ան յաջողի իր նպատակին մէջ: Այս մասին երեք մատնանշումներ.
Ա) Առաջին օրէն ընդդիմութեան կարգախօսը եղաւ «Հայաստան առանց Նիկոլ(ի)…»: Այսինքն՝ «Փաշինեան հեռացի՛ր»: Ենթադրենք, թէ ան ներքին կծկում մը ունեցաւ եւ հրաժարեցաւ, ինչ որ անհաւանական է: Վերջին երեսուն տարուան մէջ, 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք էր միայն, որ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնակատարներու հրաժարման դէպքեր եղան թէեւ, այդուամենայնիւ պատահած դժբախտութեանց բուն պատասխանատուներու հրաժարման որեւէ շարժուձեւի չհանդիպեցանք…:
Ըսինք. ենթադրենք թէ հրաժարեցաւ Փաշինեան: Ի՞նչ է հետեւութիւնը: Ո՞վ պիտի նշանակէ նոր վարչապետը. բնականաբար՝ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը եւ ինք՝ Փաշինեան պիտի մնայ մեծամասնութեան ղեկավարը, տեսակ մը «անթագ թագաւոր» եւ խամաճիկ վարչապետ ու «ազգային փրկութեան կառավարութիւն»: Այնպէս, ինչպէս պատկերն է ընդդիմութեան, որուն ղեկավարը առաջին օրէն վար դրաւ պատգամաւորի իր մանտաթը առարկելով, որ ինք օրէնսդրական գործերու համար չէ, այլ…: Այսինքն, իրեն քուէ տուողներուն զլացաւ Ազգային ժողովի առաջնագծի պայքարին մաս կազմելու եւ կառավարութեան գործունէութիւնը հակակշռելու իր պարտքը, բայց մնաց ընդդիմադիր պլոքին ղեկավարը…:
Բ) Ընդդիմութեան ձեռնարկած «փողոցային պայքար»ը ի սկզբանէ դատապարտուած էր ձախողութեան: «Փողոցային» բառն իսկ խրտչեցնող է: Քանի մը հազար անձերով փողոցային անհնազանդութիւնը առաջին հերթին դժգոհ կը ձգէ քաղաքացիները, որոնք առօրեայ հեւքը ունին եւ իրենց օրապահիկ հացը ապահովելու մղձաւանջը եւ որոնց զօրակցութեան ու քուէներուն պիտի ապաւինի որեւէ ընդդիմութիւն: Այնպէս որ, չհամակրելով անհնազանդներուն, քաղաքացիները կ՚ուզեն, որ փողոցի կարգը պահպանուի…:
Գ) Ժողովրդային յենարան դժուար թէ ունենայ որեւէ ընդդիմութիւն, որուն ղեկավարները ատենը մէկ հրապարակ կը կանչեն իրենց հետեւորդները, որպէսզի… ինքզինքնին կրկնեն:
Որքան որ կրցած եմ հետեւիլ, չեմ նկատած ընդդիմութեան կողմէ ներկայացուած համոզիչ ու գործադրելի ծրագիր մը, զոր պիտի ձգտի իրականացնել ան Փաշինեանէն վերջ: Առանց համոզիչ ծրագրի որեւէ ընդդիմութիւն կու տայ այն տպաւորութիւնը, որ ինք «բողոքող ընդդիմութիւն» է եւ ոչ թէ իշխանութեան այլընտրանք, երբ մանաւանդ չի ներկայացուիր նաեւ նոր ընտրութեանց ձեռնարկելու պահանջ:
Քաղաքական պայքարի մէջ կը գործէ այն օրինաչափութիւնը, որ կառավարութիւնը կը գնահատուի իր աշխատանքի արդիւնքէն, իսկ ընդդիմութիւնը՝ համոզիչ խօսքէն:
Դժուար է նաեւ առարկել այն վարկածին, որ ընտրական գործընթացին մէջ քուէարկողները առաւելաբար կը հակին վարչապետցու թեկնածուի անձին եւ նուազ չափով՝ ներկայացուած ծրագրին:
Նկատելի է, որ մինչեւ հիմա վարչապետական պաշտօնին համար որեւէ թեկնածուի անուն չուզեց կամ չկրցաւ յայտարարել ընդդիմութիւնը:
Փաշինեանին գործերուն արդիւնքը կը շարունակէ ողբերգականօրէն կործանարար ըլլալ: Զահրումա՛ր: Արցախի վերջին եղերական արարէն ետք ու անկախ պետականութեան կորուստի յստակ սպառնալիքին դիմաց, երբ վարչապետը տակաւին կը շարունակէ «թագաւորել», կը նշանակէ թէ ընդդիմութիւնը համոզիչ չէ, այլապէս մեր ազգին պիտի խնայուէր ներկայ ողբերգութիւնը:
44-օրեայ պատերազմի ահաւոր ողբերգութենէն ետք, ընտրութեանց մէջ քուէարկողներու շշմեցուցիչ թիւով ձեռնպահութիւնը ենթադրել կուտայ, որ մեծաթիւ քաղաքացիներու համար ընդունելի չէին իրարու մրցորդ երկու թեկնածուներն ալ, որով անոնք նախընտրեցին տունը նստիլ ու չմասնակցիլ քուէարկութեանց…: Մտածելու խնդիր մըն է սա եւ ճիշդ չէ ժողովուրդը անդադար դատափետել իբրեւ անտարբեր ու ոչխարային զանգուած:
Մտահան չընենք, որ սխալ շարժուձեւ մը նոր սխալով չի սրբագրուիր. եւ սա՝ ամէն մարզի մէջ:
Առայժմ՝ այսքան:
Read Time:10 Minute, 27 Second