Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5 Հոկտեմբեր 2023
Ինչ որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերին, Կրանատայի մէջ, կը յիշեցնէ, խեղաթիւրեալ ձեւով, անգլիացիներու մէկ ծանօթ խօսքը. The king is dead; long live the king, այսինքն՝ թագաւորը մեռաւ, երկար ապրի (նոր) թագաւորը:
Հայաստանի իշխանութիւնը ներկայացնող Նիկոլ Փաշինեան վերջնականապէս սպաննեց 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը եւ յայտարարեց. թող երկար ապրի 5 Հոկտեմբերի համաձայնագիրը: Այսինք, այլեւս հայութիւնը մտահոգուելու պատճառ չունի 9 Նոյեմբերին պատճառով, ա՛յն յայտարարութեամբ՝ որ ծնունդէն անմիջապէս ետք ընկալուած էր իբրեւ պարտութեան եւ աղէտի խորհրդանիշ, իսկ կարճ ատեն մը ետք, սկսած էինք երանի՜ տալ, որ գոնէ անոր այս կամ այն կէտը (օրինակ՝ «մէկ-երկու ամիս աւելի սպասող» գերիներու վերադարձը) շօշափելի իրականութիւն դառնար…
Օր մը առաջ, երբ յստակ դարձած էր, որ Հայտար Ալիեւ որոշեր է Կրանատա չերթալ, պահ մը ուրուագծուեցաւ այն խաբուսիկ զգացումը, թէ աւելի քան տարիէ մը ի վեր սպասուող՝ Ալիեւ-Փաշինեան համաձայնագիրը պիտի չմարմնաւորուի եւրոպական այս գերաստիճանին: Եւ սակայն, ահա եւրոպացի աճպարարները, Փաշինեանի հետ յայտնապէս գաղտնի (նորագոյն) համաձայնութեամբ մը, «գլխարկէն դուրս բերին նապաստակը» եւ Փաշինեան ստորագրեց 9 Նոյեմբերի պարտութիւնն ու կորուստները աւելի՛ եւս ամրագրող նոր փաստաթուղթ մը, որուն վկաներն եւ…Պերլինի պատմական դաշնագիրը ստորագրողներուն ժառանգորդի պատմուճանը հագած Մաքրոնը, Շուլցն ու Շարլ Միշէլը, առանց մոռնալու Ազրպէյճանը բարեկամ-դաշնակից հռչակող Պորէլն ու Ֆոն տէր Լայնը: Ըստ փաստաթուղթին՝ Հայաստան կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ Ազրպէյճան՝ Հայաստանի տարածքին ամբողջականութիւնը: Այս փաստաթուղթին տակ Ալիեւի ստորագրութեան բացակայութիւնը եթէ բան մը կը նշանակէ, խորքին մէջ… բան մըն ալ չի նշանկեր, որովհետեւ 9 Նոյեմբերը ստորագրող չյարգեց անոր ո՛չ մէկ կէտը, այլ հետամուտ է միայն մէկ կէտին՝ դէպի Նախիջեւան ճամբայ մը բանալու առաջադրանքին:
Փաշինեան այսպէսով իրականացուց իր այն խոստումը, որ շատո՜նց յայտարարած էր. «Ես ստորագրելո՛ւ եմ այդ համաձայնագիրը», եւ հաւաստած՝ որ այդ քայլով, պիտի բանայ խաղաղութեան ճամբան: Հիմա, բոլորէն առաջ մենք պէտք է տեսնենք եւ վերյիշենք, որ այս մարդուն եւ զայն հովանաւորողներուն ԲՈԼՈՐ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ՅՈՒՍԱՏՈՒ ՀԱՒԱՍՏԻՔՆԵՐԸ սուտ էին եւ սին, խաղաղութիւնը ամէն օր Հայաստանէն հեռու կը փախչի այնպէս՝ ինչպէս հեռու կը մնայ հորիզոնը դէպի անոր վազողէն…: Իսկ թէ ի՞նչ կշիռ կրնայ ունենալ «Հայաստանի հանդէպ Եւրոպայի անվերապահ զօրակցութիւնը», այդ ալ ուրիշ պատմութիւն, հեքիաթանման պատմութիւն:
Հայաստանը իրողապէս նոր սպառնալիքներու տակ դնող 5 Հոկտեմբերի փաստաթուղթը՝ նո՛յնքան իրողապէս որեւէ յանձնառութեան տակ չի դներ Ալիեւի Ատրպէյճանն ու անոր կողքին կանգնող Թուրքիան (եկէ՛ք, կանգ չառնենք Կրանատա չերթալու Ալիեւի խեղկատակութիւններուն վրայ), այլ բաւականանանք յիշելով, որ եթէ Ալիեւ քանիցս բերանացի հաւաստիք տուած է, թէ Հայաստանէն հողային պահանջներ չունի, ան գործնապէս ցոյց տուած է, որ Արցախը կուլ տալէ ետք, Սիւնիքէն սկսեալ, մինչեւ Երեւանն ու ամբողջ Հայաստանը կը սեպէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» (մանր տեղեկութիւն մը. Հայաստանի մէջ նոր հրապարակ եկած պատմութեան դասագիրքէ մը հանուած է Արցախը եւ փաստագրած է անոր՝ Ատրպէյճանի «պատկանելիութեան» Փաշինեանի ու ՔՊ-ական ջոլիրին «գիւտ»-ը):
***
Կրանատայի սեղանը եւս հարուստ էր սնամէջ խօսքի եւ կեղծիքի համադամներով:
- Շարլ Միշէլ յայտարարեց, թէ ցնցուած է Արցախի մէջ եղածներով, սակայն ծպուն չհանեց ոճրագործը դատապարտելու կամ անոր դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու իմաստով: Ան փորձեց բարձրաձայնել, որ Ազրպէյճան կը հաստատէ, թէ Հայաստանէն հողային պահանջ չունի: Եթէ այս արարածը մոռցած է, որ Ազրպէյճանի նախկին բոլոր հաւաստիքները «հովին հետ անցած են», ցեղասպանական եւ հողազրկման ոճիրները իրականացած են փուլ առ փուլ, կը նշանակէ, որ ցնցուած է… անոր ուղեղը:
- Ֆոն տէր Լայնի կրաւորականութիւնն ու ցնցուած ըլլալը այլ արտայայտութիւն գտաւ: Ան յիշեցուց, որ ատենին դատապարտեր են Ազրպէյճանի յարձակումը: (Ի՞նչ կը սպասէք: Մէկ անգամ դատապարտեցինք, չի՞ բաւեր…): Իսկ թէ անկէ անդին ի՞նչ ըրած են, կամ արդեօք ոճրագործէն հաշիւ պահանջելու մտածում կա՞յ, այդ մասին ոչինչ: Բայց ի՜նչ մտածում կրնան ունենալ… ցնցուած ուղեղները: Չէ՞ որ Ազրպէյճանէն վառելանիւթ կը ստանան, անոր մէկ մասն ալ… պատժուող Ռուսիայէն կու գայ:
- Պորէլ յայտնի ըրաւ, որ վարակուած է փաշինեանականութենէ: Ան ցաւ յայտնեց, որ Ալիեւ ներկայ չէ Կրանատայի հանդիպումին, ուրեմն… կարելի չէ խօսիլ 100 հազարաւոր գաղթականներու տագնապին մասին: Ասկէ աւելի ի՞նչ լաւ պատճառաբանութիւն՝ ողբերգութենէն ձեռք լուալը արդարացնելու համար: Բարեբախտաբար չյիշեց, որ գլխաւոր ձեռք լուացողը Փաշինեանն է:
- Բայց ամէն բան մութ չէ. Եւրոպա կը խոստանայ կրկնապատկել Հայաստանի տրամադրուած ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ: Սա յաւելեալ գամ մըն է Արցախի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐու դագաղին վրայ. վաղն ալ կրնան մոռնալ Հայաստանի՛ քաղաքական իրաւունքները եւ բաւականանալ մարդասիրականով, եթէ խորաչափենք ըսուածին իմատը:
- Իսկ բոլոր անոնք, որոնք յուսախաբ կը զգան Ալիեւի բացակայութեան պատճառով, թող չմոռնան, որ «ապագայ կայ», քանզի յայտարարուեցաւ, որ ծրագիր կայ Փաշինեան-Ալիեւ նոր հանդիպումի մը կազմակերպման, դարձեալ Պրիւքսէլի մէջ: Պէտք չէ յոյս կորսնցնել, որ Կրանատայի մէջ ստորագրուածը կրնայ յաւելուածներ ունենալ, թէ՝ Փաշինեան, Արցախէն ետք, Հայաստանի ո՞ր «կղզեակները» ստորագրութեամբ պիտի նուիրէ «կառուցողական» Ալիեւին: Հոս արդէն ի յայտ կու գայ իսկակա՛ն քրիստոնեայ Փաշինեանը, որ կը հետեւի «աւելի՛ երանելի է տալը, քան առնելը» յորդորին…
- Պահ մը մեր աչքերը հեռացնենք այն հազար ու մէկ արդար եւ մտահոգութիւն յայտնող մեկնաբանութիւններէն, որոնք նոր ծաւալ եւ խորք կը ստանան Կրանատայէն ծնած փաստաթուղթին լոյսին տակ, եւ պզտիկ լուսարձակ մը բանանք «լուսանցքային» հանդիպումի մը վրայ: Փաշինեան յայտնապէս սիրալիր սեռք-սեղմում մը ունեցած է Զելենսքիի հետ, նման այն ժպտադէմ պատկերին, որ քանի մը ամիս առաջ փայլեցաւ Անգարայի մէջ, ուր գացեր էր «ազգընտիր վարչապետ»ը՝ շնորհաւորելու համար Էրտողանի վերընտրութիւնը: Ահաւասիկ դիւանագիտական «վարպետի նոր հարուած» մը՝ ՔՊ-ական ուսապարկապետէն, որ պատրաստ է քրիստոնէական այլ պատուիրան մը կիրարկելու՝ «մէկ երեսիդ զարնողին միւս երեսդ դարձուր»: Զելենսքի Ալիեւը շնորհաւորած էր Արցախի գրաւման տարբեր հանգրուաններուն: Որո՞ւն հոգը: Վաղն ալ կը մոռնանք Ցեղասպանութիւնը, Արարատը, մեր բոլոր հողային ու արդար հատուցման պահանջները եւ կը սկսինք մտահոգուիլ թէ ինչպէ՞ս պիտի հատուցենք… Ազրպէյճանի ներկայացնելիք մուրհակները: Չէ՞ որ աւելի քան 30 տարի «գրաւած ու շահագործած ենք» (եղեր) «ազերիապատկան Արցախը»: Պաքու պատրաստած է 100 միլիառի հասնող պարտամուրհակ մը: «Արցախը Ազրպէյճան է» ըսողէն՝ ինչպէ՞ս սպասել, որ նման բան նախատեսելու… հեռատեսութիւնը ունենայ: Ալիեւ դրօշի պիտի վերածէ. «Ճանչցար, հիմա ալ վճարէ՛»:
- Եւրոպացիներու գործածած բառամթերքի անուղղակիօրէն կը յիշեցնէ… Փութինի կրկնուող այն արտայայտութիւնը, թէ Փաշինեան ի՛նք էր որ աւելի քան տարի մը առաջ յայտարարեց թէ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի, հետեւաբար, այդ շրջանը այլեւս պէտք է դիտել իբրեւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան հիմամբ տնօրինումներու ենթակայ տարածք: Փութին քիչ մը աւելի լաւ կը տեսնէ իրականութիւնը, կը յիշեցնէ, որ այդ ճանաչումը իրականացնողները պէտք էր մտածէին արցախահայութեան ճակատագիրին մասին, իսկ հիմա, իրեն կը մնայ հաւատալ (եւ հոս է եւրոպացիներուն հետ միաձայնութիւնը), որ Ալիեւ մարդասիրական վերաբերմունք ունենայ արցախցիներուն նկատմամբ. ակնարկութիւնը՝ առեւանգեալ պետական եւ զնուորական ղեկավարներուն եւ Արցախ մնացած 1000-1500 արցախցիներուն:
***
Վերադառնանք Հայաստան, ուր կարգ մը գետիններու վրայ նոր ահազանգեր կը հնչեն, իսկ այլուր՝ ջուրը կը վազէ իր բնական ընթացքով, business as usual հոգեբանութեամբ:
Ահազանգերը ունին հին-նոր դրդապատճառներ:
- Հռոմի պայմանագիրին վաւերացումը՝ Ազգային ժողովի ՔՊ-ականներէն 61-ին ստորագրութեամբ, ցնցումի նոր ալիքներ «կ’աւետէ» Երեւան-Մոսկուա գիծին վրայ: (Հոս ալ կանգ չառնենք «ուսապարկերու» շարքերուն մէջ տարակարծութիւններուն վրայ, այլ տեսնենք, որ ՄԱԿի մէջ զինք կռնակէն դաշունահարած Փաշինեանը զինք տարեր է Կրանատա: Ի՜նչ կեցուած, ի՞նչ արժանապատւութիւն): Վրաստանի ճամբով արտածումներու ճամբուն ստեղծուած «չյայտարարուած արգելք»ները կը դիտուին իբրեւ առաջին ծիծեռնակներ, մտավախութիւն կայ, որ Ռուսիա հաստատուած հայերու հանդէպ սեղմումներ ըլլան, բնական կազի սակը բարձրանայ, տնտեսական այլ «տնօրինումներ» որդեգրուին եւ այլն: ՔՊ-ական «հանճար» մը, որ երկու շաբաթ առաջ Եռաբլուրի մուտքին ծեծ կերաւ, կոչ կ’ընէ, որ Ռուսիա բնակող հայերը Հայաստան գան եւ հայրենիքը շէնցնեն: Եթէ սա ըլլար բնական պայմաններու մէջ, ամբողջ ազգը սիրտով ու հոգիով պիտի երկրորդէր այս կոչը, սակայն հիմա անմիջական հարցերէն մէկը այն է, որ բռնի հեռացուած արցախցիներէն քանի՞ն կը մտածէ Ռուսիա կամ այլուր երթալու եւ «հաց ճարելու» մասին: (Հիմա շատ չի խօսուիր Հայաստանէն հեռացողներու թիւերուն մասին…)
- Իշխանափոխութեան ձգտող եւ վնասաբեր փաստաթուղթերու, գաղտնի-բերանացի համաձայնութիւններու էջը փակելու ճիգ ընող ընդդիմադիր շարժումը այլապէս ու հարկադրաբար ինքզինք կը գտնէ business as usual-ի մէկ տարբերակին դիմաց: Հայրենիքին մաս առ մաս կորուստը «ջուրի ձայն» կը մնայ որոշ զանգուածի մը համար, որմէ կը սպասուէր միանալ հայրենիքի փրկութեան համար պայքարի ելածներուն: Անոնք զգաստանալու եւ աչքերը բանալու համար արդեօք կը սպասեն, որ թուրք-ազերին գայ-հաստատուի՞ Հայաստանի այս կամ այն «կղզեակին» մէջ, յետոյ ալ իր ձեռքերը ընգղայի (octopus) պէս տարածէ՞ դէպի այլ շրջաններ, հասնի Երեւան: Եւ… ի՜նչ. իշխանափոխութեան ճիգերու անյաջող մնալը գոհունակութեա՜մբ կը դիմաւորուի միշէլեան ցնցումով վարակուածներու կողմէ, որոնք, Հայաստանի եւ Սփիւռի մէջ, կը ցնծան, ըսելով որ «օրինական իշխանութիւնը մերժողները դարձեալ պարտուած են», բուն վնասարարը ձգած՝ մեղադրանքներ կը տեղացնեն ընդդիմադիրներուն գլխուն: մանաւանդ այն՝ որ պարտուո՛ղը, իսկական ու վախճանական պարտուողը՝ նոյնինքն հայրենիքն ու ազգն է, ներառեալ… կորստաբեր Փաշինեանը:
- Երեւանի քաղաքապետական նորընտիր խորհուրդի նիստին սպասումը այլապէս «շուկան տաքցուցած» է եւ լայն բացած՝ մեկնաբանութիւններու սակարանը: Սա այն պահուն՝ երբ ԵՐԿԻՐԸ իրողապէս կը գտնուի «Դամոկլեան սուր»ի տակ: Այսուամենայնիւ, հակամարտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ business as usual-ը լիարժէքօրէն կը բանի հոն:
- Սահմանամերձ Նորաբաց աւանին ուղղութեամբ, «Հայաստանէն հողային պահանջ չունեցող» ազերիները դարձեալ կրակ բացեր են ինքնաշարժներու վրայ. business as usual մըն ալ հոն. երբ զոհ կամ վիրաւոր չունինք, սա պէտք է սովորութիւն նկատենք: Իսկ երբ 3 օր առաջ ունեցանք զոհ մը եւ վիրաւորներ…
- Արտաքին գործոց նախարարութիւնը 3 օր ուշացումով… քննադատեր է «բնակչութենէն դատարկուած» Արցախ այցելող ՄԱԿի դէտերը, զանոնք կ’ամբաստանէ իբրեւ միակողմանի: Փաշինեան հաւանաբար Կրանատա տարած է իր իւրայատուկ ակնոցը, այլապէս, եթէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անոր ընդմէջէն դիտէր կացութիւնը, պիտի ըսէր, որ Արցախի բնակչութիւնը սպառնալիքի տակ չէ: Եւ… իսկապէս. ինչպէ՞ս կրնան սպառնալիքի տակ ըլլալ բնակիչները, երբ անոնք այլեւս հեռացած են իրենց դարաւոր հայրենիքէն, կը պատրաստուին նոր տողեր աւելցնելու ծանօթ երգին վրայ.
Երբոր կործանուեց չքնաղ մեր Անին,
Ենթարկուեցինք մենք օտարի լծին:
…Թուրքին էր մնացել հայոց արօտը:
Արմենիան հող ա, երկիրը ծով ա,
Սասուն, Մուշն ու Վանը հայկական հող ա:
Իսկ յաւելո՞ւմը՝
Արցա՛խը, Շահումեա՛նը, Գետաշէ՛նը, Սիւնիքն ու Տաւո՛ւշը հայկական հող ա: