
ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․ Հ․ Ազգային ժողովը 60 թեր, 22 դէմ քուէներով վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութեան օրէնքի նախագիծը: 7օրեայ ժամկէտի մը ընթացքին, Ազգային ժողովը նախագիծը պիտի ուղարկէ նախագահին` ստորագրութեան համար։
Նախքան քուէարկութիւնը, ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին:
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան նիստի մեկնարկին յայտարարեց, որ օրակարգի վրայ ներառուած է հարց մը, որ հակասահմանադրական ընթացակարգով ներկայացուած է։ «Ազգային ժողովն իրաւասու չէ Հռոմի ստատուտի (կանոնագրութեան) վաւերացնելու հարցը, առանց սահմանադրական փոփոխութիւնների, քննարկման առարկայ դարձնել` իր բազմաթիւ ռիսկերով (վտանգներով) հանդերձ, որոնց վերաբերեալ կարիք կար ամբողջական, խորը եւ պաշտպանական բոլոր գործողութիւնները ձեռնարկելուց յետոյ նոր անդրադառնալ», ըսաւ Մինասեան:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը իր տեսակէտը հիմնաւորեց Բարձր դատարանի 2004-ի որոշումով, որմով Հռոմի սահմանադրութիւնը նկատուեցաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան հակասող։
Մինչդեռ, Սահմանադրական դատարանի նախագահը, անդրադառնալով դատարանի 2004-ի որոշումին՝ յայտարարեց, որ սահմանադրական երկու փոփոխութիւններէ ետք, իրավիճակը փոխուած է, դատարանը տարուան Մարտին որոշեց, որ փաստաթուղթը այլեւս չի հակասեր Մայր օրէնքին:
«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը իր կարգին ամիսներ առաջ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու իշխանութիւններուն որոշումը «ծայրայեղ քաղաքական կուրութիւն», նկատեց՝ «յղի անկախատեսելի հետեւանքներով»:
Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ Հռոմի սահմանադրութեան վաւերացումէն ժամեր ետք, Քրեմլինը յայտարարեց, որ ասիկա ճիշդ քայլ չէ երկկողմ յարաբերութիւններու դիտանկիւնէն։
«Մենք յաւելեալ հարցեր պիտի ունենանք Հայաստանի ներկայի ղեկավարութեան հետ, այդ հարցերը նախապէս յանձնուած են հայկական կողմին ուշադրութեան: Մենք կը կասկածինք եւ ի սկզբանէ կը կասկածէինք, որ երկկողմ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն Հայաստանի՝ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի սահմանադրութեան միանալը ճիշդ է», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահին բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա եւս արձագանգեց այս վաւերացումին, ողջունելով «Հայաստանի խորհրդարանի որոշումը` վաւերացնելու Հռոմի կանոնադրութիւնը» եւ նկատել տուաւ, որ այսպիսով Հայաստան պիտի դառնայ Միջազգային քրէական դատարանի մասնակից պետութիւն: Ըստ անոր` «անպատժելիութեան դէմ պայքարը խաղաղութեան եւ կայունութեան պայմաններէն է»: